ԵՐԵՒԱՆ, 26 ապրիլի - Sputnik. Հայ երաժիշտ Գարոլ Մարք Պորէն Ֆրանսայի մէջ իր երաժիշտ ընկերներուն հետ «Mahaleb» անուամբ երաժշտական խումբ մը հիմնած է: Ֆրանսացի, յոյն եւ հայ երեք երաժիշտներէ կազմուած խումբը կը հնչեցնէ անատոլական տարածաշրջանին բնորոշ հայերէն եւ թրքերէն երգեր: Այս մասին կը հաղորդէ tr.euronews.com –ը:
Գարոլ կը նշէ, որ իրենց գործունէութիւնը քաղաքական որեւէ ուղերձ չի պարունակեր, այն ուղղուած է հայ եւ թուրք հանրութեան համերաշխութեան կոչ ընելուն: «Ես միայն երաժշտական ուղերձ կը յղեմ: Ինծի համար շատ բնական է խօսիլ հայերէն ու թրքերէն լեզուներով: Ես միայն կ’ուզեմ յաջորդ սերունդներուն հաղորդել այս ամէնը: Այս լեզուով երգեր երգելը ինծի համար շատ կարեւոր է», - կ’ըսէ Գարոլ:
Ան կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ իրենց համերգներուն ժամանակ շատ լաւ ընդունելութեան արժանացած են, իսկ եւրոպական շրջագայութիւններուն յաճախող հայ եւ թուրք հանդիսատեսը խորապէս յուզած է իրենց:
Գարոլի պապին պապը Պիլեճիքէն եղած է, իսկ ինք ծնած է Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքին մէջ: Թուրքիա կատարած այցերու ընթացքին հաղորդակցած է իր արմատներուն, սկսած է թրքերէն սորվիլ: Այնուհետեւ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ իր ստեղծած խումբի անդամներուն հետ սկսած է տարածել անատոլական ժողովրդական երգերը: «Mahaleb»-ը յառաջիկայ ամառուան ընթացքին կը պատրաստուի թողարկել իր առաջին ձայնասկաւառակը: