00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:33
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

8 ժամ տեւած վիրահատութիւն, որ կեանք փրկած է. մայրն ու աղջիկը միաժամանակ վիրահատուած են

© Sputnik / Саид Царнаев / Անցնել մեդիապահոցПластические хирурги
Пластические хирурги - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կատարուած է լեարդի փոխպատուաստում: Մայր ու աղջիկ տարբեր հիւանդասենեակներու մէջ, բայց միաժամանակ ամբողջ խումբ մը բժիշկներու կողմէ վիրահատուած են:

ԵՐԵՒԱՆ, 25 ապրիլի — Sputnik. Մօր լեարդի փոխպատուաստման համար տոնոր հանդիսացած 20–ամեայ աղջկան վիճակը լաւ է, գիտակցութիւնը տեղն է, եւ կը նախատեսեն անոր վերակենդանացման բաժանմունքէն հիւանդասենեակ տեղափոխել: Մօր վիճակը նոյնպէս կայուն է` ամէն ինչ կ’ընթանայ բժիշկներու կանխատեսածին  պէս: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսաւ  Բուռնազեանի անուան պետական գիտական կեդրոնի վիրաբուժական գիծով փոխտնօրէն, վիրաբուժական եւ փոխպատուաստման կեդրոնի ղեկավար Սերգէյ Ոսկանեան:

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կատարուած է լեարդի փոխպատուաստում: «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին մէջ վիրահատած են 56 տարեկան  կնոջ մը, որուն համար տոնոր  հանդիսացած է  20-ամեայ դուստրը: Հայ մասնագէտներուն վիրահատութիւնն իրականացնելու համար օգնած են Մոսկուայի Բուռնազեանի անուան պետական գիտական կեդրոնի բժիշկները:

© Sputnik / Aram NersesyanԱսատուր Ասատրեան
8 ժամ տեւած վիրահատութիւն, որ կեանք փրկած է. մայրն ու աղջիկը միաժամանակ վիրահատուած են - Sputnik Արմենիա
Ասատուր Ասատրեան

«Լեարդի փոխպատուաստումն ամենաբարդ վիրահատութիւններէն մէկն է, այն աւելի բարդ վիրահատական միջամտութիւն կը համարուի, քան սրտի փոխպատուաստումը: Հայ մասնագէտներուն հետ 2 տարի է, որ կը համագործակցինք, վերապատրաստումներ կ’իրականացնենք, որպէսզի Հայաստանի մէջ ալ նման վիրահատութիւններ ըլլան»,–ըսաւ Ոսկանեան:

Անոր խօսքով` լեարդն եզակի օրկան է, եւ 1 լեարդէն հնարաւոր է «ստանալ» երկուքը: Այսինքն` ըստ մասնագէտին, թէ՛ փոխպատուաստուողին, թէ՛ տոնորին մօտ 1 ամսուան ընթացքին լեարդի երկրորդ հատուածը կը սկսի վերականգնուիլ ու անհրաժեշտ բոլոր գործերը կատարել:

© Sputnik / Aram NersesyanՀանդիպում «Աստղիկ» ԲԿ–ի մէջ, վիրահատութենէն ետք
8 ժամ տեւած վիրահատութիւն, որ կեանք փրկած է. մայրն ու աղջիկը միաժամանակ վիրահատուած են - Sputnik Արմենիա
Հանդիպում «Աստղիկ» ԲԿ–ի մէջ, վիրահատութենէն ետք

Ինչ կը վերաբերի տոնոր դառնալու հետ կապուած հնարաւոր վտանգներուն, ապա, Ոսկանեանի հաւաստմամբ, եթէ ոեւէ մէկուն մօտ ինչ-որ վտանգաւոր հարցեր կան , ապա այդ մարդն ուղղակի տոնոր չի կրնար դառնալ: «Ի դէպ, փոխպատուաստուած լեարդը կրնայ ծառայել մինչեւ կեանքի վերջ: Ըստ վիճակագրութեան` փոխպատուաստուած հիւանդներու 90 տոկոսը 5 տարի անց դեռ ողջ եղած է»,–ըսաւ բժիշկը:

«Աստղիկ» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Ասատուր Ասատրեանն ալ նշեց, որ վիրահատութիւնը տեւած է 8 ժամ, որ համաշխարհային փորձի մէջ լաւ ցուցանիշ կը համարուի: «Վիրահատութիւնը կատարուած է միաժամանակ եւ՛ մօր, եւ՛ դստեր մօտ, սակայն տարբեր հիւանդասենեակներու մէջ:

© Sputnik / Aram NersesyanՍերգէյ Ոսկանեան
8 ժամ տեւած վիրահատութիւն, որ կեանք փրկած է. մայրն ու աղջիկը միաժամանակ վիրահատուած են - Sputnik Արմենիա
Սերգէյ Ոսկանեան

Բժիշկներու ամբողջ խումբ մը աշխատած է,–ըսաւ ան:Բժիշկը տեղեկացուց նաեւ, որ կինը 3 տարի իրենց բժիշկներու հսկողութեան ներքոյ  եղած է, եւ անոր մօտ Հեպատիտ C էր` լեարդի խանգար: Ըստ անոր` եթէ կնոջ չվիրահատէին, անոր կեանքի տեւողութիւնը շատ կարճ  պիտի ըլլար:

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի խօսքով ալ` լեարդի փոխպատուաստման եւս  քանի մը վիրահատութիւն անվճար կ’ըլլայ, իսկ այդ ընթացքին կը փորձեն հասկնալ` յաջորդ տարուընէ սկսած ինչպէս  ատոնք պիտի իրականացուին: «Յաջորդ տարուան մէջ պիւտճէն կազմելուն` այս վիրահատութիւնն ալ պէտք նկատի ունենանք: Կ’ըլլան հիւանդներ, որոնց վիրահատութեան գումարէն մաս մը պետութիւնը կը վճարէ, կ’ըլլան հիւանդներ ալ, որոնք իրենք կը վճարեն անհրաժեշտ գումարը: Սակայն դեռ չենք կրնար որեւէ գումարի մասին խօսիլ, քանի որ չենք գիտեր` վիրահատութեան ինքնարժէքն որքան կ’ըլլայ: Ի դէպ, սա բաւական թանկ վիրահատութիւն է, եւ Պելառուսիոյ մէջ, օրինակ, այն 130 000 տոլար արժէ»,–ըսաւ Թորոսեան:

© Sputnik / Aram NersesyanՀայաստանի մէջ առաջին անգամ կատարուած է լեարդի փոխպատուաստում կենդանի տոնորէ
8 ժամ տեւած վիրահատութիւն, որ կեանք փրկած է. մայրն ու աղջիկը միաժամանակ վիրահատուած են - Sputnik Արմենիա
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կատարուած է լեարդի փոխպատուաստում կենդանի տոնորէ

Ի դէպ, լեարդի փոխպատուաստման վիրահատութիւնները դեռ ռուս գործընկերներուն հետ համատեղ կ’իրականացուին` մինչեւ հայ մասնագէտներն աւելի  հմտանան այդ հարցով: Յառաջիկային «Աստղիկ» ԲԿ–ին կը միանան նաեւ այլ հիւանդանոցներ` կատարելով լեարդի փոխպատուաստում:

Լրահոս
0