00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:33
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Ծանր է, երբ Կուռիարանի նման բարեկամ մը կը հեռանայ… կրկնակի ծանր, որ կը հեռանայ աննկատ

Բաժանորդագրվել
ԱՍԱԼԱ–ի գործողութեան հետեւանքով հաշմանդամ դարձած սպանացի լրագրողը անգամ մը ըսած է` իր տառապանքը չնչին բան է հայ ժողովուրդին կրած տանջանքներուն համեմատ:

Անցած կիրակի հեռաւոր Մատրիտի մէջ երկրային ուղին աւարտեց  Մարդ մը, որ կրցաւ ոչ միայն յաղթահարել իր ցաւը, այլ ատոր միջով անցնելով` բարձրաձայնեց, աղաղակեց  ամբողջ ժողովուրդի մը դեռ հատուցում չստացած ցաւին եւ ողբերգութեան մասին:

© Из личного архиваԽոսէ Անթոնիօ Կուռիարան
Ծանր է, երբ Կուռիարանի նման բարեկամ մը կը հեռանայ… կրկնակի ծանր, որ կը հեռանայ աննկատ - Sputnik Արմենիա
Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան

Մարդ, որ ըլլալով ճանչցուած լրագրող, ոչ բռնի պայքարի համոզուած կողմնակից` 1980-ին դիպուածաբար, բայց շատ լրջօրէն տուժած էր ԱՍԱԼԱ-ի մատրիտեան գործողութեան հետեւանքով, ռումբերէն մէկուն պայթիւնէն:

Столица Османской империи - Стамбул - Sputnik Արմենիա
Ո՞վ եղած է Թուրքիոյ առաջին հայ կին լրագրողը

Մարդ, որ յաղթահարելով իր անձնական ցաւն ու իրարայաջորդ վիրահատութիւններու յարուցած առողջական խնդիրները, ոչ թէ պարզապէս վեր կանգնեցաւ այդ ամէնէն, այլեւ գրեց «La bomba» («Ռումբը») գիրքը` պատմելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Շարունակելով պրպտումները եւ ուսումնասիրութիւնները սպանացի յայտնի լրագրողը տարիներ անց հրատարակեց նաեւ «Հայերը. Մոռցուած ցեղասպանութիւն» գիրքը:

Մարդ, որ 20-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին բազմահոծ սպանախօս աշխարհին մէջ դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան վկայախօսը…

Այդ Մարդը Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարանն է:

Այո, հէնց`  ան է՛: Որովհետեւ նման մարդոց յիշատակին առջեւ մահն ալ անզօր է ու անկարող անցեալ ժամանակ թելադրել: Ու թող այս հրապարակումը յարգանքի ու երախտիքի փոքր նշան ըլլայ  սպանացի լրագրողին, գրողին ու մեծ Մարդուն յիշատակին:

Сыновья Овсепа Киракосяна Эрик и Гегам - Sputnik Արմենիա
Ինչ է պատերազմի արժէքը, եւ ինչ է խաղաղութեան գինը. հարցուր 6-ամեայ Գեղամին

Ճակատագրի բարեհաճ բերմամբ, Sputnik Արմենիան անցած տարիներուն երկու անգամ անդրադարձած է մեր ազգի սպանացի բարեկամին, պատմած անոր հետ կատարուածին եւ ատոր յաջորդած խիստ հետաքրքրական շարունակութեան մասին:

Ուստի ճիշդ պիտի ըլլայ այստեղ զետեղել այդ նախորդ` 2016 թուականին թողարկուած  հրապարակումներու յղումները`

1 «ԱՍԱԼԱ-ի պայթիւնէն տուժած սպանացին նուիրուեցաւ Հայ Դատին»,

2  «ԱՍԱԼԱ-ի գործողութենէն տուժած սպանացին սիրեց Հայաստանն ու հայերը»:

Նաեւ տեղին կ՛ըլլայ մէջբերել  փոքր հատուած մը.

Средняя школа имени Тиграна Меца села Птхунк - Sputnik Արմենիա
Հարս կը բերեն գիւղ, որ երեխաները գոնէ ուսուցիչ ունենան. մարզերու մէջ ուսուցիչի սով է

«…Աւելի քան 30 տարի է, որ Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան կ’ուսումնասիրէ Հայոց ցեղպասպանութիւնը, կը դատապարտէ երիտթուրքերու իրականացուցած ոճիրն ու Թուրքիոյ կոչ կ’ընէ ճանչնալու զայն: Կուռիարան դարձած է հայ ժողովուրդին մեծ բարեկամն ու Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագովը Սպանիոյ մէջ: Այն, որ կը մոռցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, հիմնական մեղաւորը միջազգային եսասիրութիւնն է.  առիթով մը ըսած է Կուռիարան:

«Թրքական կառավարութիւնն իր աչքերն ու ականջները կը փակէ: Իր նախնիներուն ըրածն ընդունելու քաջութիւն չունի: Չնայած Թուրքիոյ մէջ արդէն իսկ յայտնուած են մտաւորականներ, որոնք կը դատապարտեն ցեղասպանութիւնը, օրինակ` Օրհան Փամուկն ու Թաներ Աչքամը»,-ըսած է Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան:

Блогер Лилит Хачатурян - Sputnik Արմենիա
Կեանքը Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու մէջ, կամ նոր իրականութիւն` Բերքաբեր այցէն ետք

Ոչ պակաս ճակատագրի բարեհաճութիւն է, որ Ե.Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան ոչ միայն ուսանողական ընկեր է, այլեւ հեղինակը «Պայթիւններ Թուրքիոյ մէջ եւ… ոչ միայն» գիրքին (լոյս  տեսած է 2017-ին, վերահրատարակուած 2018-ին), որուն 5-րդ մասը` «Ռումբով վաստակած բարեկամութիւն», նուիրուած է Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարանին:

Կարօ Վարդանեան սիրով եւ բարեկամաբար տրամադրեց գիրքին այդ հատուածը, ուր կը պատմէ իր եւ ԱՍԱԼԱ-ի` չի յիշատակուող կարեւոր ներկայացուցիչին, յիշեալ ճակատագրական ռումբը տեղադրած անձնաւորութեան հետ խօսակցութեան մասին կամ հէնց խօսակցութիւնը.

«Երեւի տեղեակ ես, որ տարիներ առաջ Կուռիարան եկաւ Հայաստան, միայն ափսոս` ոչ պետութեան հրաւէրով: Սփիւռքահայ ընտանիք մը  հրաւիրած էր: Այցելեց Եռաբլուր, ծաղիկ տեղադրեց Մոնթէի շիրիմին, Արցախի մէջ  նոյնիսկ պահանջեց իրեն տանիլ Մարզիլի գիւղին մօտակայ այն վայրը, ուր Մոնթէն զոհուեցաւ: Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ Ալեքին:

Последствия артобстрелов Африна в Сирии - Sputnik Արմենիա
Աֆրին մնացած վերջին հայն ալ ստիպուած եղած Է գաղթելու

Մենք շատ բարեկամներ չենք ունեցած: Մատներու վրայ կարելի է հաշուել Նանսենի, Լեփսիուսի, Մորկենթաուի, Վէկների ու Վերֆելի նմանները: Կուռիարան անոնցմէ է, մեզի համար ըրաւ ու կը շարունակէ ընել անոնցմէ ոչ պակաս, իսկ մենք դեռ  կարգին չենք ճանչցած զինք: Եթէ 1980-ին ան մեր ռումբի զոհն էր, ապա հիմա մեր պետութեան ու հասարակութեան անտարբերութեան զոհն է: Մենք նոյնիսկ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի արարողութիւններու ժամանակ չյիշեցինք զինք ու պաշտօնապէս չհրաւիրեցինք Հայաստան: Բայց այդ մարդն ինչ հոգիի տէր է, որ կը շարունակէ ամէն առիթով մեր ցաւը տարփողել ու ներկայացնել մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը»,-իր զրուցակիցին  կ’ըսէ Կարօ Վարդանեան:

Իսկ ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկն ալ քիչ անց կը պատմէ իր եւ Կուռիարանի հանդիպման մասին.

Здание музея в городе Изник, Турция - Sputnik Արմենիա
Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած հռոմէական շրջանի քարատապանը թալանուած է գանձախոյզներու կողմէ

«Կուռիարանին հանդիպած եմ 2008-ին, Հալէպ: Այնտեղի հայ համայնքը, աւելի ստոյգ` Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, յայտարարութիւն  տարածած էր, որ ապրիլի վերջերը Կուռիարան Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ հանդէս պիտի գայ դասախօսութեամբ: Ես շատ կ’ուզէի տեսնել  անոր եւ եթէ հնարաւորութիւն ըլլար` զրուցել հետը, ուստի այդ օրերուն մեկնեցայ Հալէպ: Ինծի շատ տպաւորեց անոր խօսքը, որ տեւեց երկու ժամէն աւելի: Ամբողջ դահլիճը հմայուած կը լսէր զինք ու կը համոզուէր, թէ որքան քիչ բան գիտենք մենք մեր պատմութեան մասին: Ան հետը բերած էր այդ ամիսներուն իր նոր լոյս տեսած գիրքը Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Տարիներուն ընթացքին այնքան  խորացած էր մեր ժողովուրդի պատմութեան մանրամասնութիւններուն մէջ, որ նոյնիսկ  առանձին թեմա պատրաստած էր հայ-սպանական պատմական առնչութիւններուն մասին: Մենք առաջին անգամ անոնցմէ իմացանք, որ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորներէն մէկը եղած է Մատրիտի շրջանի կառավարիչը:

Самая короткая русско-турецкая война или армянские чобаны специального назначения - Sputnik Արմենիա
Յատուկ ջոկատային հովիւները կամ ամենակարճ ռուս–թրքական պատերազմը Հայաստանի մէջ

Դասախօսութենէն ետք շատերը հաւաքուեցան անոր շուրջը եւ սկսան հարցեր տեղալ: Կը պատասխանէր սիրով` յատուկ ընդգծելով իր հիացումը մեր մշակոյթին հանդէպ: Առիթէն օգտուելով` ինքզինքիս թոյլ տուի  հարցնելու, թէ որեւէ դառնութիւն պահա՞ծ է հայերուն պատճառով հաշմանդամութենէն ետք: Չեմ թաքցներ, ինծի աւելի թեթեւ կը զգայի, եթէ ան մեղադրէր մեզ, ըսէր, որ մեծ անարդարութիւն  տեղի ունեցած է: Ատիկա պիտի ըլլար շատ բնական ու սպասելի: Ախր այդպիսի շարժուն ու գործունեայ մարդը շուրջ երեսուն տարի գամուած էր սայլակին կամ ձեւով մը  կը շարժէր յենակներով: Ես հանգիստ կը տանէի ամենախիստ քննադատութիւնը, քանի որ իմ հաւատքս մեր գործին, մեր կիրառած մեթոտներուն հանդէպ միշտ ամուր եղած է: Բայց անոր  պատասխանն ինծի թեւաթափ ըրաւ:

- Ին՞չ ըսաւ:

- Ըսաւ, որ իր տառապանքը չնչին բան է հայ ժողովուրդի կրած տանջանքներուն համեմատ»:

Ծանր է, երբ Կուռիարանի նման բարեկամ մը կը հեռանայ: Ու կը հեռանայ տեսակ մը աննկատ: Ու նման մարդոց պարագային քիչ է ըսել` յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: Պէտք է առնուազն շարունակել գնահատել գործը, վաստակն ու մարդկային մեծութիւնը:

Պատրաստեց Արմէն Յակոբեան

Լրահոս
0