00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:33
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Կեանքը Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու մէջ, կամ նոր իրականութիւն` Բերքաբեր այցէն ետք

© Photo : provided by Lilit KhachatyanБлогер Лилит Хачатурян
Блогер Лилит Хачатурян - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Թրաւըլ պլոկըր Լիլիթ Խաչատուրեան սկսած է կեանքին այլ կերպ նայիլ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղեր այցելելէ ետք : Աղջիկը Sputnik Արմենիայի թղթակիցին մանրամասն պատմած է իր տպաւորութիւններուն մասին:

ԵՐԵՒԱՆ, 1 ապրիլի– Sputnik. Հայաստանով շատ ճանապարհորդելը ստիպեց հասկնալ, որ մենք ունինք հետաքրքիր կերպարներ, նախաձեռնութիւններ, պատմութիւններ, որոնց մասին կարելի է անդադար խօսիլ, բայց ասիկա կը գիտակցիս միայն, երբ  լաւ կը ճանապարհորդես  երկրի մը մէջ ու կը տեսնես այն, ինչ սովորաբար չես նկատեր այս կամ այն տարածաշրջանի հետ մակերեսային ծանօթութեան ժամանակ: Այս մասին Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ թրաւըլ-պլոկըր Լիլիթ Խաչատուրեան:

© provided by Lilit KhachatryanԲերքաբեր գիւղը
Կեանքը Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու մէջ, կամ նոր իրականութիւն` Բերքաբեր այցէն ետք - Sputnik Արմենիա
Բերքաբեր գիւղը

Աղջիկը բաւականին յաճախ կը ճանապարհորդէ մարզերով, մարդոց քիչ յայտնի փաստեր կը ներկայացնէ ու կը գրէ Հայաստանի հետաքրքիր զբօսաշրջային անկիւններու մասին: Վերջերս ան նոր նախագիծ  սկսած է, որուն ծիրէն ներս ընթերցողներուն կը ծանօթացնէ սահմանամերձ գիւղերու պատմութիւնն ու կենցաղը:

«Շատոնց կը  մտածէի գրել սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող մարդոց մասին:  Ինծի հետաքրքիր է անոնց իրականութիւնն ու առօրեան:  Առաջին գիւղը, որ այցելեցի  Տաւուշի մարզի Բերքաբերն էր, ուր սահման ըսուածը  Ջողազի ջրամբարն է: Ու այդ գիւղէն ետք  իմ մօտեցումս փոխուեցաւ: Այլեւս չեմ կրնար ըսել սահմանամերձ գիւղ, քանի որ իրականութեան մէջ  նման գիւղերը սահմանապահ են, սահմանն ալ իրենք են», - կ’ըսէ պլոկըրը:

© Photo : provided by Lilit KhachatyanԼիլիթ Խաչատուրեան
Կեանքը Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու մէջ, կամ նոր իրականութիւն` Բերքաբեր այցէն ետք - Sputnik Արմենիա
Լիլիթ Խաչատուրեան

Աղջիկն արդէն հասցուցած է այցելել Բերքաբեր եւ Սարիգիւղ: Լիլիթ կ’ըսէ, որ տեղացիները սկիզբը կ’ուսումնասիրեն, կը փորձեն հասկնալ ինչը զինք բերած է  գիւղ, բայց ծանօթանալէ ետք , կը հրաւիրէին տուն եւ կը հիւրասիրէին:

Фермер из приграничного села Беркабер Тавушской области Ара Худавердян - Sputnik Արմենիա
Ատրպէյճանական դիրքապահներու աչքին առջեւ հայր ու որդի կախարդական արքայանարինջ կ’աճեցնեն

Բերքաբերի մէջ ան  քանի մը օր ապրած է գիւղացիներու տունը, բայց որեւէ վայրկեան ինքզինքը հիւր կամ օտար չէ զգացած:

Աւելին,  վերադառնալուն ան  կրկին հրաւէրք ստացած է սահմանապահ գիւղ երթալու, կը կարծէ` ատիկա լաւ նշան է ու գիւղացիներն ինձմէ դժգոհ չեն:

Աղջիկը կը խոստովանի, որ մինչեւ Բերքաբեր գալը կը կարծէր, որ կու գայ, կը նկարէ, կը ծանօթանայ  ու վերջ: Սակայն, երբ կ’ապրիս իրենց հետ, կը հասկնաս, որ վտանգ միշտ կայ, որովհետեւ երբեք չես գիտեր` ինչ կրնայ ըլլալ յաջորդ վայրկեանին, պատերազմական իրավիճակ է: Լիլիթը կը կարծէ, որ գիւղի բոլոր բնակիչները Հայաստանը պահող սահմանապահներ են:

© provided by Lilit KhachatryanԲերքաբեր գիւղին մէջ
Կեանքը Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու մէջ, կամ նոր իրականութիւն` Բերքաբեր այցէն ետք - Sputnik Արմենիա
Բերքաբեր գիւղին մէջ

«Կը հիանաս ամէն մէկով: Տեղաբնակներուն մտքով չանցնիր արտագաղթել, եթէ այդպէս վարուին, իրենց ոչ մէկը կը մեղադրէ,  չէ որ խօսքը  սեփական կեանքի մասին է: Ունին բազմաթիւ դժուարութիւններ, կորուստներ, սակայն  կեանքը կը շարունակուի, կ’արարեն, կը ստեղծեն նորը, անոնց նախաձեռնութիւններն ալ յաջողութեամբ կը ներկայացնեն Հայաստանը միջազգային հարթակներու վրայ: Կը հանդիպիս իրենց ու կ’ամչնաս քեզմէ, երբ փոքր, աննկատ եւ անկարեւոր բանէ պատմութիւն կը սարքես», - կը խոստովանի պլոկըրը:

© provided by Lilit KhachatryanԲերքաբեր գիւղին մէջ
Կեանքը Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու մէջ, կամ նոր իրականութիւն` Բերքաբեր այցէն ետք - Sputnik Արմենիա
Բերքաբեր գիւղին մէջ

Լիլիթը ոգեշնչուած է իր գաղափարէն ու սահմանապահ գիւղերու բնակիչները մէկ մեծ ընտանիք կը համարէ: Նախ բոլորն իրար կը ճանչնան, մէկը միւսին մասին հոգ կը տանի, կ’անհագստանան, կ’ուրախանան:  Ան շատ ուրախ է, որ զինք ընդունած են այդ ընտանիք, պատմած են իրենց պատմութիւններն ու գաղտնիքները: Կը խոստովանի նաեւ, որ այդ այցն ու ծանօթութիւնը մէկընդմիշտ փոխած են իր հայեացքներն ու կեանքի ընկալումը: Պլոկըրը սկսած է գնահատել այն ամէնը, ինչ ունի ու այն, ինչ կը ստեղծեն իր շրջապատի մարդիկ:

«Հասկցայ, որ սահմանապահ գիւղերու մէջ բնակող մարդոցմէ շատ բան ունիմ սորվելու` համարձակութիւն, արարելու ձգտում, իրականութեան զգացողութեան ընկալում:  Սկսած եմ այլ կերպ նայիլ իրականութեան եւ երեւոյթներուն, որոնք կը կատարուին», - կ’ըսէ Լիլիթ:

Ան կը խոստովանի, որ սահմանապահ գիւղեր այցերը շարունակական պիտի ըլլան:  Յառաջիկային կը պատրաստուի երթալ Գեղարքունիք մարզի Վահան գիւղ,  կ’այցելէ Վայոց Ձորի Խաչիկ գիւղը, Տաւուշի  շարք մը գիւղերը եւ Արցախի Մադաղիս եւ Թալիշ գիւղերը:

Լրահոս
0