ԵՐԵՒԱՆ, 28 մարտի — Sputnik. Հայ–վրացական արմատներով մոսկուացի աղջիկը` Եւա Եղիկեանը, մօր` Թամար Մաչարաշուիլիի հետ մասնակցած է վրացական «Իմետի TV» հեռուստաընկերութեան «Իմետիի օրը» ծրագիրին:
Տաղաւար մտնելուն պէս ան իսկոյն հմայած է հաղորդավարներ Էկա Ամիրանջիպին, Նանիկօ Արխազարաձէն ու Նիկոլոզ Սուլուկիձէն:
Նշենք, որ Եւան յայտնի դարձած է ռուսական Առաջին ալիքի «Лучше всех» («Լաւագոյնը») ծրագիրին միջոցով, երբ ռատիօհաղորդավար դառնալու երազանք ունեցող աղջիկն իր սրամտութեամբ մրցած է հաղորդավար Մաքսիմ Կալքինի հետ:
Անոր հայրը հայ է, մայրը` վրացի, իսկ Եւան ծնած է Մոսկուայի մէջ:
Վրացական սթուտիոյին մէջ Եւայի հետ ծանօթութիւնը սկսած է հայերէն ողջոյնի խօսքերով, Նիկոլոզ Սուլուկիձեն յայտարարած է. «Ուշադրութիւն, ուշադրութիւն, Եւա Եղիկեան»: Չորս տարեկան փոքրիկն ալ ինքզինքը չէ կորսնցուցած եւ վրացերէն պատասխանած է` «Գամարջոբա» (բարեւ):
«Ուրախ եմ, որ ինքզինքս կը տեսնեմ բեմի վրայ, նոյնիսկ արդէն կը նախանձիմ», – հաղորդավարներուն ըսած է Եւան:
Աղջկան մօրը` Թամարի խօսքով, Եւան բացի ռուսերէնէն, նաեւ վրացերէն եւ հայերէն կը սորվի, լողի պարապմունքներու կը յաճախէ:
«Եւան երկու տարեկանէն կ’երազէ յայտնուիլ հեռուստածրագիրի մէջ: Ան կրնար բերանը բաց ժամերով նստիլ եւ նայիլ «Лучше всех»–ը, – ըսած է Թամարը:
Մօր խօսքով` աղջիկը պատահաբար յայտնուած է Կալքինի ծրագիրին մէջ:
Շոուի արտադրողը Եւայի տեսանիւթերը տեսած է Instagram–ի վրայ, որոնք կը հրապարակէ Թամարը, կապ հաստատած է աղջկան ծնողներուն հետ եւ խնդրած տեսանիւթ մը նկարել, ուր աղջիկը կը պատմէ իր մասին:
«Մենք ձայնագրեցինք, ուղարկեցինք տեսանիւթը եւ Պաթումի տոմս գնեցինք: Կ’ուզէինք հանգստանալու երթալ: Չէինք սպասեր, որ մեզի կը կանչեն», – ըսած է Թամարը:
Բայց Եւայի տաղանդը գնահատած են ըստ արժանուոյն եւ հրաւիրած ծրագիրին:
Թամարը խոստովանած է, որ Եւայի ելոյթն ամբողջութեամբ յանպատրաստից եղած է , աղջիկը նախօրօք չէ պատրաստուած:
Աղջկան մայրն ըսած է նաեւ, որ Եւան անդադար կը խօսի, քունի մէջ ալ երբեմն կ’երգէ:
Եւան վրացի հաղորդավարներուն վերջնականապէս տապալած է, երբ հայերէն ու վրացերէն բանաստեղծութիւններ արտասանած է:
Փոքրիկը համացանցի վրայ խոհարարական էջ ունի. ան ճաշ եփել կը սորվեցնէ մարդոց:
Մանրամասնութիւնները դիտէք տեսանիւթին մէջ: