ԵՐԵՒԱՆ, 25 մարտի-Sputnik. Աւստրալահայ Կլատիս Պերեճիքլեան, Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաղթական դուրս եկաւ, դառնալով առաջին կին գործիչը՝ ընտրուած նահանգի վարչապետի պաշտօնին:
Ընտրութիւններուն յաղթանակի լուրը իմանալէն ետք Պերեճիքլեան փորձեց զսպել արցունքները` յայտարարելով, որ Նոր Հարաւային Ուէյլզը այն նահանգն է, ուր «երկար ազգանուն ունեցող կին գործիչը կրնայ ընտրուիլ վարչապետ:Ես անասելիօրէն հպարտ եմ այն վայրի համար, ուր մենք կ’ապրինք: Եւ ամենակարեւորը ինծի համար այն է, որ անկախ անկէ, թէ ինչ ծագում ունիս, ուր կ’ապրիս ու ինչ պայմաններու մէջ ես` այս նահանգին մէջ իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն ունի ըլլալու լաւագոյնը»:
Պերեճիքլեան մաս կը կազմէ ազատական կուսակցութեան, որուն հիմնական մրցակիցն էր աշխատաւորական կուսակցութիւնը:
Ընդդիմութեան առաջնորդ, աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Մայքլ Տելին շնորհաւորեց Կլատիս Պերեճիքլեանին:
Նշենք, որ Կլատիս Պերեճիքլեան 2017 թուականէն կը զբաղեցնէր Նոր Հարաւային Ուէյլզի վարչապետի պաշտօնը: Այդ ժամանակ Ազատական կուսակցութեան առաջնորդ Մայք Պայրդը հրաժարական տուած էր, եւ կուսակցութեան անդամները միաձայն նոր առաջնորդի եւ նահանգի ղեկավարի պաշտօնին ընտրած էին Պերեճիքլեանը:
Պերեճիքլեան ծնած է 1970-ին Սիտնի, հայ ծնողներու, Գրիգոր եւ Արշայի երեք դուստրերու աւագն է: Անոր մեծհայրն ու մեծմայրը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներէն եղած են: Պերեճիքլեան միայն հայերէն խօսած է, մինչեւ հինգ տարեկան, երբ սկսած է անգլերէն սորվիլ: Ան մաս կազմած է հայ-աւստրալական համայնքին, ծառայելով Աւստրալիոյ Հայկական ազգային կոմիտէին: 2015-ին մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած յուշ-երեկոյթին: