ԵՐԵՒԱՆ, 24 մարտի — Sputnik. Անուանի դերասան Սօս Սարգսեանի երազանքը կատարուեցաւ, տեղի ունեցաւ Սօս Սարգսեանի անուան համազգային թատրոնի հիմնարկէքի արարողութիւնը: Թատրոնի հիմին մէջ տեղադրեցին Սարգսեանի մասունքներէն: Դերասանի այրին` Նելլի Սարգսեանը, նշեց, որ երջանիկ է, քանի որ երկար-երկար տարիներ այսօրուայ մասին կ’երազէր Սօս Սարգսեան:
«Սարգսեան վերջին տարիներուն հիւանդ էր ու երազելով կ’ըսէր` հատ մը տեսնեմ, թէ թատրոնի հիմը ինչպէս կը դնեն ու հանգիստ կրնամ մահանալ: Այսօր այդ հիմը դրուեցաւ ու դրուեցաւ իր անունով: Կը կարծեմ` թատրոնը պատուով պիտի կրէ իր անունը, ինչպէս ըրած են մինչ այս»,–ըսաւ տիկին Նելլին:
Ան ըսաւ նաեւ, թէ ինչ մասունք տեղադրած են թատրոնի հիմին մէջ. Սարգսեան կեանքի վերջին տարիներուն, երբ այցելած էր թատրոն, ինչ–որ բաներ գրած էր: Ինչպէս տիկին Նելլին նշեց, թատրոնի հիմին մէջ դրած են Սարգսեանի ձեռագիրով գրուած, ծուռ–ծուռ տառերով գրութիւն մը:
Թատրոնի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արման Նաւասարդեանի խօսքով ալ` առաւելագոյնը երկու տարի յետոյ թատրոնի շէնքը պատրաստ կ’ըլլայ: Նաւասարդեան նշեց, որ այժմ, թատերական հիմնարկի տարածքին մէջ աշխատելով, ուղղակի չեն հասցներ շարք մը բաներ ընել: «Ամիսը ընդամէնը 15 օր մեզի կը տրամադրուի, իսկ եթէ մենք մեր թատրոնն ունենանք, շատ արագ կ’աշխատինք ու բարձր մակարդակով աւելի շատ ներկայացումներ կը հասցնենք բեմադրել»,–ըսաւ Նաւասարդեան:
Թատրոնը, ըստ տնօրէնի պաշտօնակատարի, չորս յարկանի պիտի ըլլայ, իսկ դահլիճը` 250-300–տեղանոց:
Թատրոնի հիմնարկէքի արարողութեան ժամանակ հնչեց նաեւ Համօ Սահեանի «Ինձ բաց թողէք, ես գնամ» բանաստեղծութիւնը` Սօս Սարգսեանի կատարմամբ: Նաւասարդեանի խօսքով` բանաստեղծութեան տողերէն մէկը` «Ինչ իմ աչքով չտեսայ, ձեր աչքերով կը տեսնեմ», կարծես հէնց թատրոնի մասին ըլլար:
«Սօս Սարգսեան կ’երազէր թատրոնի շէնքը տեսնել ու կ’ըսէր` ես կը մեռնիմ ու այդպէս ալ չեմ տեսներ թատրոնի շէնքը կանգուն: Հիմա ան մեր աչքերով կը նայի թատրոնի շէնքի կառուցումը»,–ըսաւՆաւասարդեան:
Յիշեցնենք, որ թատրոնի շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան մասնակցեցան նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, թատրոնի դերասանները:
Ի դէպ, թատրոնի կառուցուելիք շէնքի ճարտարապետն Իսահակ Ներսիսեանն է, կառուցապատողն ու ներդրողը` «Ջի Էմ Դեւելոփեր» ՍՊԸ-ն: