ԵՐԵՎԱՆ, 13 մարտի — Sputnik. Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի մահուան կապակցութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի ըրած հայերէն գրառումը հանրային լայն քննարկման առարկայ դարձաւ: Անդրադարձ եղաւ նաեւ թուրքագէտներու կողմէ: Գրեթէ բոլորի դիտարկումներուն մէջ հիմնական կարմիր թելի պէս կ’անցնէր Էրտողանի այդ քայլը Թուրքիոյ մէջ առկայ նախընտրական մթնոլորտով պայմանաւորելու գաղափարը: Այս մասին ինչպէս կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:
Սակայն կան որոշ հանգամանքներ, որոնք չեն տեղաւորուիր այդ տրամաբանութեան մէջ: Նախ եթէ հաշուի առնենք հայ ընտրողներու թուաքանակը, որոնք մեծամասամբ Սթամպուլի մէջ կեդրոնացած են, հազիւ թէ յանգինք այն եզրակացութեան, որ անոնց քուէն այդքան վճռորոշ կրնայ ըլլալ ընտրութիւններուն մէջ:
Խոր վշտով տեղեկացայ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Յարգելի Մեսրոպ Մութաֆեանի մահը։ Այս կապակցութեամբ կը ցաւակցիմ իր ընտնիքին, հարազատներուն եւ մեր հայ քաղաքացիներուն։
— Recep Tayyip Erdoğan (@RT_Erdogan) 8 марта 2019 г.
Բնակչութեան թիւով արդէն 15 միլիոնի սահմանը հատած Սթամպուլ 40 հազարանոց հայ համայնքը (բնականաբար, ընտրական իրաւունք ունեցողներու թիւն աւելի քիչ է) դժուար թէ վճռական դերակատարում ունենայ ընտրութիւններու ելքը կանխորոշելու հարցին մէջ: Բացի այդ` իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը» գիտէ, որ հայ համայնքէն ներս քաղաքական հայեացքներու առումով յստակ կողմնորոշուածութիւն կայ, եւ այն ընտրազանգուածը, որ իր ձայնը կու տայ օրինակ Կարօ Փայլանի ներկայացուցած քրտամէտ «ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան», իր կողմնորոշումը երբեք չի փոխեր եւ ձայն կու տայ ԱԶԿ-ին, եթէ նոյնիսկ Էրտողան ամէն կիրակի հայերէնով «Հայր մեր»-ը Twitter-ի իր էջին վրայ հրապարակէ:
Նոյն կերպ դէպի ԱԶԿ կողմնորոշուած հայերն ալ պիտի շարունակեն իրենց քուէն տալ իշխող կուսակցութեան, եթէ նոյնիսկ Էրտողանը հայերու հասցէին որեւէ վիրաւորական արտայայտութիւն ընէ: Ուստի այս ժեստով նախընտրական տրամադրութիւններուն վրայ ազդելու միտում ունենալու թեզն այնքան ալ արժանահաւատ չի թուիր:
Կայ մէկ այլ հանգամանք եւս: Եթէ ԱԶԿ-ն իր գոյութեան եւ քաղաքական վերելքի սկզբնական շրջանին կը հակադրուէր ազգայնականներուն եւ կը վայելէր ազատական, ժողովրդավարական եւ այսպէս կոչուած չափաւոր իսլամական հոսանքներու աջակցութիւնը, ապա այժմ ժողովրդավարական եւ ազատական արժէքներէն բաւականին հեռացած ԱԶԿ-ն աւելի շատ որպէս իր ընտրազանգուած կը դիտարկէ ծայրայեղական իսլամի ներկայացուցիչներուն եւ ազգայնականներուն: Իսկ այս պարագային «հայանպաստ», «հայամէտ» եւ «հայահաճոյ» որեւէ քայլ կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ: Շահած մէկ քուէի դիմաց հարիւր քուէ կորսնցնելու պատճառ դառնալ:
Ի վերջոյ, կրնանք պարզապէս մենք մեզի հարց ուղղել` արդեօք Էրտողանը կ°ընէր նոյն հայերէն գրառումը, եթէ ընտրութիւններն արդէն տեղի ունեցած ըլլային եւ Թուրքիան նախընտրական շրջանին չգտնուէր: Կը կարծեմ` այո, որովհետեւ այդ ժեստը, ինչպէս տրամաբանութիւնը կը յուշէ, ամենեւին պայմանաւորուած չէ նախընտրական գործընթացներով ճիշդ այնպէս, ինչպէս նախընտրական գործընթացներով պայմանաւորուած չեն նաեւ Էրտողանի արդէն աւանդական դարձած ապրիլքսանչորսեան ուղերձները:
Նմանատիպ ժեստներն այլ նպատակներ կը հետապնդեն: Ատոնք ոչ ընտրութիւններով պայմանաւորուած են, ոչ ալ ՀՀ իշխանութիւններուն ինչ-որ դրական ազդակ փոխանցելու միտում ունին: Ատոնք հիմնականին մէջ միտուած են հայ համայնքին հասկցնելու, որ «դուք մերն էք», մեր քաղաքացիներն էք եւ ձեզի հետ կապուած իւրաքանչիւր խնդրի լուծում մեր ձեռքերուն մէջ է: Եթէ ձեզ հետ «ողբերգութիւն» եղած է, մենք պատրաստ ենք «կիսել ձեր ցաւը», եթէ պատրիարք կորսնցուցած էք, մեզի համար ալ ցաւալի է, բայց բոլոր այս գործընթացները պէտք է ըլլան մեր հսկողութեան ներքոյ, մեր շահերուն ու ցանկութիւններուն համապատասխան: Դուք մերն էք եւ գործ չունիք ոչ Հայաստանի, ոչ ալ առաւել եւս սփիւռքի հետ, որոնք «խառնակչութեամբ» զբաղուած են: Ահա ասիկա է կը կարծենք նմանատիպ սիմուոլիկ ժեստերու հիմնական ուղերձը:
Բացի այդ նկատելի է նաեւ Էրտողանէն «ժողովրդավար», Թուրքիոյ բոլոր ժողովուրդներուն եղբայրաբար մէկ դրօշի ներքոյ ապրեցնող քաղաքական գործիչի կերպար ստեղծելու եւ այդ առասպելը զարգացնելու միտումը: Քանի որ բովանդակային առումով եղբայրաբար ապրելու գաղափարախօսութիւնը Թուրքիոյ մէջ դատապարտուած է ձախողման, կը մնայ նմանատիպ ձեւական ժեստերով ատոր առկայութեան պատրանք ստեղծելու քաղաքականութիւն իրականացնել: