ԵՐԵՒԱՆ, 12 մարտի — Sputnik. ՀՀ կառավարութիւնն աշխատանքային խումբ պիտի ստեղծէ առցանց տեղեկատուական հարթակներու` YouTube-ի, Google-ի հայկականացման հնարաւորութիւնն ուսումնասիրելու ու ատոր աջակցելու համար:
Այս մասին այսօր ԱԺ–ին մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեան` անդրադառնալով հայ երիտասարդ պլոկըրներու նախաձեռնութեան:
«Մեր մօտ նախաձեռնողականութիւնը միշտ ողջունուած է, եւ շատ կարեւոր է, որ մեր հանրութիւնը, պլոկըրները, որոնք շահառուն են Youtube-ի հայկականացման, վեր հանեցին խնդիրը: Հոլովակներ ստեղծած էին, գրագէտ մատուցեցին»,– ըսաւ նախարարը:
Արշակեան խոստացաւ, որ հարցի ուսումնասիրութեան նպատակով աշխատանքային խումբ կը ստեղծուի եւ առաջարկեց հետաքրքրուած անձանց յայտնել իրենց տեսակէտը:
Արշակեան չբացառեց, որ այս ոլորտի կանոնակարգումը կը համապատասխանեցուի հարկային բարեփոխուող օրէնսգիրքի պահանջներուն:
«Ատիկա իւրաքանչիւր տնտեսվարողի կը վերաբերի, Հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ տեղի կþունենան, որմով փոքր գործարարութիւնը պիտի չի հարկուի,-պարզաբանեց Արշակեան:
Նախարարը շեշտեց, որ գործընթացքը պայմանաւորուած է արհեստագիտական ոլորտի զարգացման, Հայաստան աշխարհի քարտէզին վրայ յայտնի դարձնելու, նոր գործարարութեան օրինակներ ստեղծելու հետ, որուն համար կարեւոր նշանակութիւն կրնայ ունենալ նաեւ տեղեկատուական հարթակներու զարգացումն ու հայկականացումը: