ԵՐԵՒԱՆ, 18 յունիսի — Sputnik, Լաուրա Սարգսեան. ՄԱԿ–ի ժողովրդագրական կանխատեսումները միշտ չէ, որ կը համապատասխանեն իրականութեան բազմաթիւ պատճառներով: Ուստի չարժէ հիւանդագին ընդունել ատոնք` չնայած, որ Հայաստանի պարագային յառաջիկայ տարիներուն կը կանխատեսուի ամուսնութիւններու եւ ծնելիութեան անկում:
Այդ մասին Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին ըսաւ ժողովրդագիր Արտակ Մարկոսեան:
ՄԱԿ–ի կանխատեսման համաձայն, Հայաստանի բնակչութիւնը մինչեւ 2100 պիտի կրճատուի եւ կազմէ 2 միլիոն: Միաժամանակ այդ ամէնը տեղի պիտի ունենայ թռիչքաձեւ. մինչեւ 2030 պիտի աւելնայ մինչեւ 2 միլիոն 967 հազար, իսկ 2100-ին պիտի կազմէ 2 միլիոն 39 հազար մարդ: Միաժամանակ, այդ միտումը կը վերաբերի նաեւ հարեւան Վրաստանին եւ Ատրպէյճանին:
«ՄԱԿ–ը պարբերաբար նման հետազօտութիւններ կ’ընէ` իր մշակած սանդղակով: Սակայն ոչ բոլոր պարագաներուն ատոնք կը համապատասխանեն իրականութեան: Անոնք գնահատական կու տան` օգտագործելով գնահատման իրենց օրինակները, որոնց մէջ հաշուի չեն առած շատ մանրամասներ», – ըսաւ Մարկոսեան:
Մասնաւորապէս, հաշուի չառնուիր պետութեան իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը` այդ խնդիրը մեղմացնելու եւ նոյնիսկ բացարձակ լուծելու ուղղութեամբ: Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդագրութեան հետ կապուած հարցն իսկապէս սուր դրուած է եւ ատիկա իր պատճառներն ունի:
Հայաստանի բնակչութիւնը վերջին 27 տարիներուն մշտապէս կրճատուած է արտագաղթի հաշուին: Կրճատուած է նաեւ բնակչութեան բնական աճը. եթէ 1986–ին այն տարեկան կազմած է 60 հազար, ապա արդէն 2018–ին` 10800:
Բարեբախտաբար, իրավիճակը ծայրայեղ չէ, եւ երկրին մէջ դեռեւս ամայացում չկայ:
«Բնակչութեան թիւի կրճատման հիմնական պատճառը արտագաղթն է, որ սկսած է առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով 20–րդ դարու 90–ականներէն: Սակայն վերջին շրջանին ատոր հետ կապուած դրական ընթացք կը նկատուի, – ըսաւ Մարկոսեան:
Ան նշեց, որ միւս խնդիրը 90–ականներու սկիզբը Հայաստանի մէջ ծնելիութեան մակարդակի կտրուկ անկում էր 60 տոկոսով: Մարկոսեան նշեց, որ հիմա մինչեւ 1998–ը ծնած երեխաները մեծցած եւ մտած են ընտանիք կազմելու փուլ: Հետեւաբար, յառաջիկայ տարիներուն ամուսնութիւններն աւելի քիչ պիտի ըլլան, եւ ծնելիութիւնը պիտի նուազի:
«Տուեալ պահուն կառավարութիւնն իր առջեւ ծրագիրներ գործարկելու խնդիր դրած է, որոնք կը մեղմացնեն այդ իրավիճակը եւ թոյլ չեն տար Հայաստանին յայտնուիլ ամայացման փուլին մէջ», –ըսաւ Մարկոսեան:
Իր հերթին ազգագրագէտ Սուետլանա Պօղոսեան յոռետեսօրէն կը վերաբերի թիւերուն: Ամէն պարագայի իրավիճակը կրնայ փրկել կառավարութիւնը, որ պէտք է գործարկէ ծնելութեան խթանման յատուկ ծրագիրներ:
Անոր խօսքով, եթէ երկրին մէջ տնտեսական իրավիճակը չկայունանայ, ՄԱԿ կանխատեսումը չարդարանար:
Յիշեցնենք, որ 2019–ի յունուար 1–ի դրութեամբ Հայաստանի բնակչութիւնը կազմած է 2 միլիոն 965 հազար 100 մարդ: Այդ ցուցանիշը 2018–ին կազմած է 2 միլիոն 972 700 մարդ: