ԵՐԵՒԱՆ. 18 յունիսի-Sputnik. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած է Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակը:
Գրասենեակի գործառոյթն է խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրել Հայրենիքի մէջ հաստատուած մեր հայրենակիցներուն, ճիշդ ուղղորդել անոնց խնդիրներու լուծման հարցին մէջ:
Գրասենեակը խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու, կացութեան, վարորդական իրաւունք ստանալու, գրանցման, հայկական բանակին մէջ ծառայելու, նաեւ կրթական, առողջապահական, ապահովագրութեան, աշխատանքային, շարժական եւ անշարժ գոյքի գրանցման եւ այլ հարցերու մէջ:
Խնդիրներու լուծման համար գրասենեակը նաեւ պատրաստ է դիմելու պատկան մարմիններու ու կառոյցներու, պաշտօնատար անձանց:
Սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակի հասցէն է` Հանրապետութեան 30,
«Սիմոն Վրացեան» կեդրոն, 1-ին յարկ, 16-րդ սենեակ:
Դիմատետրի էջ` Հայրենադարձ/ Repat
Հեռախօսահամար` 094-94-519-119
Ել. հասցէ` hayrenatarts@gmail.com
Գրասենեակը կ՛աշխատի ամէն օր` Երեւանի ժամանակով 11:00-15:00, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն: