ԵՐԵՒԱՆ. 17 յունիսի-Sputnik. Պոլսոյ մէջ իր դռները բացած է «23.5. Հրանդ Տինքի յիշողութեան վայր» անուանումով կեդրոնը: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս» -ը:
145քմ տարածք ընդգրկող յիշողութեան կեդրոնի անուանումը վերցուած է 1996 թուականի ապրիլ 23-ին «Ակօս» թերթին մէջ Տինքի գրած «Ապրիլի 23.5» վերնագրով յօդուածէն:
Կեդրոնը տեղակայուած է Պոլսոյ հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին գրասենեակին մէջ: Գրասենեակը կը գտնուի Սեպաթ կոչուող շէնքին մէջ, ուր ալ 2007-ին սպաննուած էր Հրանդ Տինքը:
Յիշողութեան վայրին մէջ նոյնութեամբ պահպանուած է Տինքի աշխատասենեակը, ինչպիսին, որ եղած է անոր սպանութեան օրը` 2007-ի յունուարի 19-ին:
Այցելուները կրնան տեսանիւթերու, ձայնային եւ տպագիր նիւթերու միջոցով ծանօթանալ անուանի լրագրող-հրապարակախօսի կեանքի տարբեր դրուագներուն: Ցուցանմուշներու նախագծումն ամբողջովին իրականացուած է «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի աշխատակիցներուն կողմէ: Կը նշուի, որ այդ աշխատանքներու ծիրէն ներս անձնակազմն այցելութիւններ կատարած է աշխարհի տարբեր տեղեր գտնուող յիշողութեան վայրեր ու թանգարաններ` աշխարհի լաւագոյն փորձին ծանօթանալու համար:
Յիշողութեան կեդրոնը համալրուած 60 անուն տեսանիւթերով, հարիւրաւոր լուսանկարներով, «Ակօս» թերթի մինչեւ 2007 թուականի բոլոր համարներու արխիւով: