ԵՐԵՒԱՆ. 13 յունիսի-Sputnik. Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնն այսօր հիւրընկալեց Լոս Անճելըսի Մարի Մանուկեան-Տէմիրճեան հայկական վարժարանի աւարտական դասարանի խումբ մը աշակերտներու: Սփիւռքահայ պատանիները կեդրոնին մէջ բուժուող զինուորներուն նուիրեցին 11 համակարգիչ: Այս մասին կը յայտնեն ԵՊԲՀ-ի մամլոյ ծառայութենէն:
Հայաստան այցելած աշակերտները, կամաւորական աշխատանքներու ծիրէն ներս, կ’օգնեն կեդրոնին մէջ բուժուող զինուորներուն զարգացնել խօսակցական անգլերէնը` հնարաւորութիւն ստանալով զինուորներուն հետ ամէնօրեայ շփումներու շնորհիւ թարմացնել մայրենի լեզուի իրենց գիտելիքները:
Նշենք, որ վերջին վեց տարիներուն վարժարանի սաները Հայաստան կ’այցելեն կամաւոր աշխատանք կատարելու կամ որեւէ բնագաւառի մէջ վերապատրաստուելու նպատակով: Սա միջոց է պատանիները կապելու հայրենիքի հետ, որպէսզի անոնք հայ մնան, պահպանեն ինքնութիւնը, եւ ինչպէս կը նշեն դպրոցի ուսուցիչները` ուրախալի կ’ըլլայ, եթէ ոմանք ապագային վերադառնան, աշխատին ու ապրին Հայաստանի մէջ:
Այս տարի աշակերտներէն մաս մը հնարաւորութիւն ունեցած է կամաւորական աշխատանքներ կատարելու նաեւ ԵՊԲՀ «Մուրացան» հիւանդանոցին մէջ:
Մարի Մանուկեան-Տէմիրճեան հայկական վարժարանի աւարտական դասարանի 36 աշակերտները Հայաստանի կ’այցելեն յունիս 4-27, եւ իրենց յագեցած առօրեայէն մաս մը կը նուիրեն բուժուող զինուորներուն, ինչպէս նաեւ համալսարանական հիւանդանոցին: