Նման խայտառակ վիճակի պատճառը հանրայայտ է. ՈւԵՖԱ -ն ժամանակին որոշած էր, որ ԵԼ գաւաթի եզրափակիչը Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ: Արսենալը հասաւ եզրափակիչ: Պարզ էր`Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը խնդիրներ պիտի յարուցէր եզրափակիչ հանդիպման Արսենալի առանցքային խաղցողներէն Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեանի մասնակցութեան առումով:
Իրադարձութիւններուն յետագայ ընթացքն ապացուցեց բոլոր այդ մտավախութիւնները: Փաստն ակներեւ է. Հենրիխ Մխիթարեան չէ մեկնած Պաքու եւ չի մասնակիր եզրափակիչ հանդիպման: Ֆութպոլային աշխարհը, ներառեալ հանրայայտ մարզիչներ, ֆութպոլիստներ, մեկնաբաններ, գումարած` հարիւր հազարաւոր ֆութպոլասէրներ կ’աջակցին Հենրիխ Մխիթարեանին եւ իրենց վրդովմունքը կ’արտայայտեն այն վայրագ վերաբերմունքին հանդէպ, որուն պատճառով անուանի մարզիկը չի կրնար իր խումբին հետ մասնակցիլ հեղինակաւոր մրցաշարի եզրափակիչ հանդիպման:
Իսկ ատրպէյճանական իշխանութիւններն ամէն ինչ կ’ընեն, ապացուցելու համար, որ անվտանգութեան ապահովման մասին իրենց յայտարարութիւնները, բնականաբար, «քոռ կոպեկ» չեն արժեր: Բոլորը տեսան այն խայտառակ տեսանիւթը, ուր ատրպէյճանական ոստիկանութիւնը կը կանգնեցնէ այն ֆութպոլասէրները, որոնք Մխիթարեանի անունով «7» համարի մարզաշապիկով կը շրջէին: Նոյնիսկ այդ փոքր դրուագը բաւարար է հասկնալու համար, թէ ինչ տխեղծ իրավիճակ ու թունաւոր մթնոլորտ կ’ըլլար արդէն Արսենալի ամբողջ խումբին շուրջ, եթէ Հենրիխ Մխիթարեանն ալ մեկնած ըլլար Պաքու:
«Քոչարի»-ի մասին, որ Պաքուի մարզադաշտին մէջ մարզման ժամանակ, իբր «պարած» են Արսենալի ֆութպոլիստները` ի աջակցութիւն Մխիթարեանի:
Նման տեղեկութիւն ու լուսանկար տարածուեցաւ «HayFan» ֆէյսպուքեան օգտատիրոջ կողմէ: Ըստ այդ գրառման` Արսենալի ռմբարկու Փիեռ Էմերիկ Օպամեյանգը Ինսթակրամի իր էջին վրայ լուսանկար մը զետեղած է, ուր պատկերուած են ինքն ու խումբի անդամները` խաղադաշտի կեդրոնին մէջ «շուրջպար բռնած», ու Օպամեյանգը, իբր գրած է. «Kochari in Baku for Mkhitaryan»:
Այդ գրառումը զետեղուելէն ժամ մը անց արդէն 220-է աւելի «կիսում» ունէր: Այսինքն` այդպէս կը տարածուէր, որ շատ-շատերը լիարժէք համոզուած էին, թէ հէնց այդպէս ալ կայ:
Սակայն հարցն այն է, որ հէնց Օպամեյանգի Ինսթակրամի էջին վրայ այդ լուսանկարին հետ որեւէ գրառում` քոչարի պարելու եւ Մխիթարեանի վերաբերեալ չկայ:
Ինչ կը վերաբերի «շուրջպարին», ապա իրականութեան մէջ ֆութպոլիստներն այդպիսի մարզումային վարժութիւն կը կատարեն` ձեռք-ձեռքի բռնած շրջանաձեւ կը վազեն:
Հարց կը ծագի` ինչու՞ յօրինել «փաստեր», եթէ նման բան չէ եղած, եթէ իրականութեան մէջ «քոչարի» պարելու պահ չէ եղած, այլ մարզանք: Ին՞չ է, եղած խայտառակ փաստերը, որ այս օրերուն կուտակուած են այս պատմութեան շուրջ, քի՞չ են: Թէ՞ ինչ-որ այլ խնդիր կայ, ըսենք` «տաք թեմայի» վրայ անուն հանելու:
Ամէն պարագայի, ինչ-որ մէկը որոշած էր Արսենալին Պաքուի մէջ քոչարի «պարեցնել»: Այո, ցնցող կ’ըլլար, եթէ իրականութեան մէջ նման բան տեղի ունենար, այլ ոչ թէ երեւակայութեան մէջ: Ամէն պարագայի, մանաւանդ, նման` ընդհանուր ուշադրութեան կեդրոնին գտնուող իրադարձութիւններուն հետ կապուած չի կարելի ցանկալին իրականութեան տեղ մատուցել: Ինքնախաբէութիւնը վատ բան է:
Ինչ կը վերաբերի իրական աջակցութեան, ապա Արսենալի այլ խաղցող մը, ի դէպ, Օպամեյանգի նման դեռ «Պորուսիա»-էն Մխիթարեանի խաղընկեր Սոքրատիս Պապաստադոպուլոսը Ինսթակրամի իր էջին վրայ զետեղած է նախապէս առնուած լուսանկար մը, ուր պատկերուած են ինքն ու Մխիթարեանը` մարզման ընթացքին, ապա մակագրած . «Missing you bro» (բառացի` «կարօտցած եմ քեզ, եղբայր»:
Նման մօտեցում հարիւրապատիկ աւելի գնահատելի է, քան մարզումային վարժութիւնը քոչարի պարելու տեղ, կը ներէք, սղղացնելը, եւ ուրիշ ֆութպոլիստի արտայայտութիւն մը վերագրելը, որ ան չէ ըրած: