00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:25
35 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
10:08
43 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Ինչու Մոսեսովը չենթարկուեցաւ զօրավար Նազարբէկեանի հրամանին, եւ ինչու անոր միացաւ Նժդեհը

© Photo : Public domainАрмянские добровольцы майских сражений начала XX века
Армянские добровольцы майских сражений начала XX века - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Մայիս 28-ը մեր տօնն է: Պաշտօնական տօնացոյցին մէջ այն տեսակ մը անբովանդակ նշուած է` «Հանրապետութեան օր»: Բայց, առանց այդ ձեւակերպման ալ, գիտենք` 1918-ի մայիս 28-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի 1–ին Հանրապետութիւնը: Պատմական հայրենիքի փոքր մասի մը, եթէ ոչ` բեկորի մը վրայ դարերու դադարէն ետք վերականգնուեցաւ Հայոց պետականութիւնը: Եւ տօնի անուանումն ալ արժէր, որ համահունչ ըլլար:

Մայիս 28-ին, սովորաբար, բոլորին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Սարդարապատի յուշահամալիրին վրայ, ուր ալ տեղի կ’ունենան հիմնական տօնական ձեռնարկները: Ինչ խօսք, Սարդարապատէն բացի, կը նշուին նաեւ Բաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի մատոյցներուն մէջ 101 տարի առաջ, նոյն օրերուն տեղի ունեցած ճակատամարտերուն տարած յաղթանակները: Ընդհանուր տօնականութեան պայմաններուն մէջ մեզի, սովորաբար, կը թուի, որ գրեթէ ամէն ինչ գիտենք այն մասին, թէ ինչ եղած է 1918-ի մայիսին: Բայց, երբ կը սկսիս լրջօրէն հետաքրքրուիլ, կը հասկնաս, որ մենք այնքան ալ շատ բան չենք գիտեր: Ու արդէն քանի մը տարի է, ամէն անգամ առաջին բանը միտքս կու գան հրամանատար, արցախցի Մոսեսովի մասին պատմող ժլատ տեղեկութիւնները:

Акция в день рождения Гранта Динка в Стамбуле, Турция - Sputnik Արմենիա
Թրքական դրուագաշարին մէջ հայը կը ներկայացուի որպէս ստոր եւ դաւաճան մարդ

Առհասարակ, սխալ կ’ըլլայ ըսել, թէ մայիսեան պատմական ճակատամարտերու մասին նիւթերու, հրատարակութիւններու, գիրքերու, ուսումնասիրութիւններու պակաս կայ: Բայց միւս կողմէն, զանգածուային ընկալման տեսանկիւնէն կայ առասպելականացուած ընդհանուր մօտեցում, որուն պարագային մանրամասնութիւններն ու անհատները տեսակ մը կը տարրալուծուին:

Ղարաքիլիսայի ճակատամարտի մասին ալ բաւարար գիր-գրականութիւն կայ: Ընդհանուր գիծերով, հանրայայտ է նաեւ 101 տարի առաջ, մայիսի 25-28-ը, այլ տուեալներով` 25-30-ը ներկայիս Լոռի մարզի տարածքին մէջ ծաւալուած արիւնալի ու նաեւ հերոսական դէպքերուն ընթացքը:

Հայկական ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանի հրամանով գնդապետ Պէյ-Մամիկոնեանի գլխաւորած ստորաբաժանումը եւ երկու լեռնային հրետանային մարտկոց կը քաշուին դէպի Շահալի, մնացած ուժերը կը կեդրոնանան Դիլիջանի մօտ:

Թրքական 10 հազարանոց զօրախումբը, որ ամէնէն խոշոր միաւորումն եղած է, մայիս 15-ին գրաւուած Ալեքսանդրապոլէն շարժուելով ու գրաւելով, աւերի մատնելով հայկական քանի մը բնակավայր, մայիս 24-ին կը գրաւէ Համամլուն` ներկայիս Սպիտակը:

Артавазд Саакян, владелец орбушившегося дома в селе Хнаберд, Арагацотн - Sputnik Արմենիա
12 օր է` ինքնաշարժի մէջ կը քնանամ. 1 օրուան մէջ «փլեցան» Սահակեան ընտանիքի ծրագիրները

Վճռական մարտերէն մէկը տեղի կ’ունենայ Ղարաքիլիսայի անմիջական մատոյցներուն մէջ, Ղշլաղի մօտ, այն վայրին մէջ, ուր հիմա կը գտնուի Վանաձորի Տարօն թաղամասը: Հարկ է նկատել, որ թրքական 10 հազարանոց զօրքին դիմակայող հայկական ուժերու ընդհանուր թիւը կը մօտենար 6 հազարին, հասկնալի է, որ շրջակայ գիւղերու հայ բնակչութիւնը նոյնպէս ելած էր` պաշտպանելու սեփական տունը, հողը եւ ապրելու իրաւունքը:

Բացի Ղշլաղէն, հայկական ուժերը առաջ շարժուող թրքական զօրախումբին կը հարուածեն եւս երկու ուղղութեամբ` Պզովդալի մատոյցներուն եւ Մայմէխ լերան լանջերուն:

Արիւնալի եւ դաժան մարտեր ծաւալուած են քանի մը օր շարունակ:

Կորուստներու մասին գնահատականները տարբեր են: Բայց յայտնի փաստն այն է, որ թշնամին հարկադրուած եղած է նահանջել ելման դիրք, դէպի Համամլու, եւ այնպիսի կորուստներ կրած , որ չնայած յաջորդ օրերուն, համալրում ստանալով առաջ կը շարժուի եւ կը գրաւէ Ղարաքիլիսան, բայց այլեւս անկարող եղած է իրագործել թրքական հրամանատարութեան նախնական ծրագիրը, այն է` մէկ կողմէն շարժուիլ դէպի Թիֆլիս, միւս կողմէն, շրջանցմամբ «ետեւէն» հարուածել Երեւանի ուղղութեամբ:

Владимир Казимиров на заседании армяно-российского Лазаревского клуба (30 ноября 2018). Еревaн - Sputnik Արմենիա
Զինադադարէն 25 տարի ետք, հակամարտութեան գօտիին մէջ նախկինին նման կը հնչեն կրակոցներ

Իսկ ո՞վ է հրետանաւոր, հրամանատար Մոսեսովը` Գուրգէն Տէր-Մովսիսեանը: Անոր մասին ես առաջին անգամ, ըսենք` երեւի շատերն ալ, լսեցի կամ իմացայ գրող, մեկնաբան Արծրուն Պեպանեանի` 4-5 տարի առաջ ըրած գրառման շնորհիւ:

Ըստ այդ պատումին, գնդապետ Պէյ-Մամիկոնեան Դիլիջանի մէջ սպաները խորհրդակցութեան կը հրաւիրէ եւ կը ներկայացնէ զօրավար Նազարբէկեանի կարգադրութիւնը` զօրքէն մաս մը ցրել, միւս մասը վերածել ոչ մեծ պարտիզանական ջոկատներու, իսկ հրետանին տանիլ Սեւան:

Բայց զինուորականի, ալ չենք ըսեր` սպայի համար անպատկերացնելի բան մը կը կատարուի: Խորհրդակցութեան մասնակիցներէն արցախցի հրամանատար Մոսեսովը` Գուրգէն Տէր-Մովսիսեան կ’ըմբոստանայ եւ կը հրաժարի ենթարկուիլ նման կարգադրութեան: «Ես չեմ հնազանդիր այդ որոշման: Ատիկա դաւաճանութիւն է: Ոչ ոք իրաւունք ունի այդպէս վարուելու Հայոց ճակատագիրին հետ: Ես իմ թնդանօթներով այս իսկ վայրկեանին կը մեկնիմ ճակատ` մեռնելու: Ով տղամարդ է եւ հայու արիւն ունի իր երակներուն` թող իմ ետեւէս գայ»:

Կը նշուի, որ ըմբոստացած հրամանատարին կը միանայ պորուչիկ Գարեգին Տէր-Յարութիւնեանը` Նժդեհը…

Գուրգէն Տէր-Մովսիսեան` իր հրետանաւոր մարտիկներուն հետ, կը սկսի հրետակոծել թշնամիին դիրքերը, ապա կը մասնակցի հեծելազօրի գրոհին` քաջալերելով մարտիկներուն ու այդ մարտի ընթացքին ալ կը զոհուի:

Города мира. Токио - Sputnik Արմենիա
Ճափոն թղթադրամներ կը թողարկէ Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերուն օգնած բարերարի պատկերով

Ինչ խօսք, հրետանաւոր հրամանատար Տէր-Մովսիսեան Ղարաքիլիսայի ճակատամարտի հերոսներէն մէկն է: Պատմութիւնը պահպանած է եւ այլ հերոսներու անուններ` Գարեգին Նժդեհ, գնդապետներ Աթաբէկ պէյ Մամիկոնեան եւ Նիկոլայ Ղորղանեան եւ անոնց հազարաւոր մարտիկները, ամէն մէկ զինուոր, աշխարհազօրային: Բոլորը՛: Ի դէպ, Նիկոլայ Ղորղանեանը ընդամէնը 3 տարի անց` 1921 թուականի փետրուարին, բոլշեւիկներու կարգադրութեամբ կացնահարելով սպաննեցին Երեւանի բանտին մէջ…

Ինչ կը վերաբերի Գուրգէն Տէր-Մովսիսեանին, ապա կայ տեղեկութիւն, որ զոհուած հերոսի շիրմը Դիլիջանի եկեղեցւոյ բակին մէջ եղած է: Բայց խորհրդային տարիներուն այդ եկեղեցւոյ տեղը սինեմա եղած է, իսկ 70-ականներու վերջերուն հին շէնքն ընդհանրապէս քանդուած է ու տեղը թատրոնի նոր շէնք կառուցուած: Իսկ թէ ո՞ւր տեղափոխուած է Գուրգէն Տէր-Մովսիսեանի աճիւնը, դժուար է ըսել: Բայց միայն ատիկա չէ հարցը, որ, երեւի, երբեւէ կ’ունենայ իր պատասխանը: Առհասարակ, մենք, որ այսօր իրար կը շնորհաւորենք Հանրապետութեան օրուան, իսկ իրականութեան մէջ` պետականութեան վերականգնման տարեդարձին առթիւ, ի՞նչ կամ որքա՞ն բան գիտենք այդ տօնն իրենց կեանքի գնով հնարաւոր դարձուցած մեր նախնիներու մասին: Միայն համարձակ հրամանատարինը չէ, այլ նաեւ անոր կողքին կռուած զինակիցներուն:

Եւ երբ մենք բոլոր այդ հերոսներուն մէջ, տարիներու հեռուէն գտնենք մեր նախնիներուն, Մայիսի 28-ի խորհուրդը շատ աւելի ընդգծուած երանգներով պիտի ընկալուի:

Շնորհաւոր Հայոց պետականութեան վերականգնման 101-րդ տարեդարձը:

Լրահոս
0