ԵՐԵՒԱՆ, 10 մայիսի — Sputnik. Տարիքի ու առողջական վիճակի պատճառով զինուորական ծառայութենէն ազատուած զինծառայողներուն բնակարանի ապահովման նպատակով պետութիւնն անհատոյց կը տրամադրէ 5.7 մլր դրամ: Այս մասին կառավարութեան նիստին յայտնեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան:
Որոշման համաձայն` Երեւանի մէջ բնակարան գնելու համար կը տրամադրուի բազմաբնակարան շէնքներու բնակարաններու շուկայական արժէքի 50 տոկոսի չափով գումար, հանրապետութեան այլ քաղաքներուն մէջ` միջին արժէքի հաշուարկով, իսկ գիւղերուն` 90 տոկոսի:
Ի դէպ` առաջին հերթին բնակարան գնելու գումար կը ստանան սահմանամերձ բնակավայրերու, ապա մարզերու եւ միայն երրորդ փուլով` Երեւանի զինծառայողները:
«Մարզերուն մէջ այս գումարը հնարաւորութիւն կու տայ 100 տոկոսով կարիքները բաւարարելու»,– ըսաւ Փաշինեան` նշելով, որ նման եզրակացութեան յանգած է կալուածագիրի կոմիտէէն ստացած տեղեկանքն ուսումնասիրելով ու բնակարաններու արժէքներուն ծանօթանալով:
«Մարզերուն մէջ մենք խնդիրը կը լուծենք, Երեւանի մէջ ալ կ’առաջարկենք տարբերակ: Ժողովուրդ ջան, եթէ այդ տարբերակը ձեռնտու է ձեզի, խնդրեմ, օգտուէք»– ըսաւ Փաշինեան:
Դաւիթ Տոնոյեան չբացառեց, որ եթէ մարզերուն մէջ պահանջարկն ապահովելէ ետք գումար աւելնայ, Երեւանի համար նախատեսուած տոկոսադրոյքը կը վերանայուի: