00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:33
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

«Մուշէն բուռ մը հող կը բերէք…». Մխօ պապի ցանկութիւնը դեռ չէ կատարուած

© Sputnik / Armenuhi MkhoyanПрадед и дед Ани Миракян Мхо и Ишхан
Прадед и дед Ани Миракян Мхо и Ишхан - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Մխոն ու Շուշանը մնացած են գիւղին մէջ: Մնացած են, բայց «գաղթական» բառն ալ սրտերնուն մէջ մնացած է դաջուածքի պէս: Եթէ անգամ այդ մասին փորձած են մոռնալ, համագիւղացիները չեն ձգած, միշտ երեսով տուած են` գաղթակա՛ն:

Արմենուհի Մխոյեան, Sputnik.

Անիին այսօր ալ հանգիստ չեն տար Մուշէն գաղթած Մխօ պապի մասին յիշողութիւնները, որոնք հօրմէն լսած է:

© Sputnik / Armenuhi MkhoyanԱնի Միրաքեան
«Մուշէն  բուռ մը հող կը բերէք…». Մխօ պապի ցանկութիւնը դեռ չէ կատարուած - Sputnik Արմենիա
Անի Միրաքեան

Մեծհօր  հայրը գաղթած է Արեւմտեան Հայաստանէն. Մխօ պապը Մշոյ Զէյթկան գիւղէն էր: 1915-ի ջարդերու ժամանակ կը կորսուի անոր ամբողջ գերդաստանը, բայց ինչ-որ հրաշքով մը ինք կը յաջողի երկու եղբայրներուն` Տիգրանի ու Մարգարի հետ փախչիլ ու հասնիլ Կարս: Այստեղ կը հանդիպի Շուշանին` ապագայ կնոջը, որ Կարսի Չիրղան գիւղէն էր: Եղեռնի արնահոտ հեւքը Շուշանի ընտանիքին ալ  դպած էր` կենդանի ձգելով միայն Շուշանն ու աւագ որդին: Որոշ ժամանակ անց Մխոյի ու Շուշանի նորաստեղծ ընտանիքը Կարսէն կը տեղափոխուի Ալեքպոլ (Ալեքսանդրապոլ, այժմ` Գիւմրի), սակայն հողագործութեան ու անասնապահութեան վարժ Մխոն կնոջ հետ կ’որոշէ հաստատուիլ Ճզխլար գիւղին մէջ, որ ներկայիս Ցօղամարգն է:

© Sputnik / Armenuhi MkhoyanՇուշան տատը (ձախէն առաջինը)
«Մուշէն  բուռ մը հող կը բերէք…». Մխօ պապի ցանկութիւնը դեռ չէ կատարուած - Sputnik Արմենիա
Շուշան տատը (ձախէն առաջինը)

«Ցողամարգի մէջ անոնք չեն ընդունուած: Պապը կը պատմէր, որ «գաղթականներուն» տեղացիները չեն սիրած, ուրիշ աչքով  նայած են: Ու Մխոն Շուշանին հետ կրկին Ալեքպոլ  մեկնած է, ապա Ռուսաստան, յետոյ կրկին յետդարձի ճամբան  բռնած է: Ճզխլարի մէջ  կիրթ մարդ մը եղած է` Համբարենց Յակոբը, ան համոզած է համագիւղացիներուն, որ ընդունին Մխոն, ըսած է, որ լրացուցիչ մարդաքանակը գիւղին յաւելեալ հող կը բերէ, բացի այդ, ըսած է` Մխոն լաւ հովիւ է»,- իրեն հասած պատմութիւնը կը վերապատմէ Անին:

Музей-институт Геноцида Армян - Sputnik Արմենիա
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք գործիչները. ովքե՞ր են անոնք

Այդպէս ալ Մխոն ու Շուշանը մնացած են գիւղին մէջ: Մնացած են, բայց «գաղթական» բառն ալ դաջուածքի պէս սրտերնուն մէջ մնացած է: Եթէ անգամ այդ մասին փորձած են մոռնալ, համագիւղացիները չեն ձգած, միշտ երեսով  տուած են` գաղթակա՛ն: Այդպէս` մինչեւ կեանքի վերջը կարծես եկուորի, գաղթականի կարգավիճակով  ապրած են Ճզխլարի մէջ:

Մխոն ու Շուշանը երեք զաւակ  լոյս աշխարհ բերած են` Իշխանը, Շմաւոնն ու Էմման: «Մխօ պապին դուստրը` Էմմա տատը, կ’ըսէր, որ կ’ատէ «գաղթական» բառը, անոր յուշերուն մէջ այդ դաժան բառն ուղեկցած է  իրեն  ամբողջ կեանք մը: Երբ Մխօ պապին մասին հօրս կը հարցնեմ, ան կ’ըսէ, որ այդ բարի  հսկան  կսկիծ մը ունէր` կորսնցուցած երկրի կարօտը: Մխօ պապը մէյ մըն ալ ժամերով կը նստէր ու, անասելի թախիծն աչքերուն մէջ, կարօտով կը նայէր Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանաբաժան Եղնախաղ լեռնաշղթան ու կ’երգէր…»:

Բերրի ու ջրդի հողեր, այգիներ ու տարիներու քրտինքով ստեղծած տունուտեղ, հայրենիք ու բնօրրան  ձգած են Եղնախաղի լեռներէն այն կողմ` Զէյթկան, Մուշ, այլուր…:

Президент Турции Реджеп Тайип Эрдоган на пресс-конференции по итогам российско-турецких переговоров (8 апреля 2019). Москвa - Sputnik Արմենիա
Մեր արխիւները բաց են բոլոր անոնց համար, որոնք կը ցանկան ճշմարտութիւնը գիտնալ. Էրտողան

Էրգրէն բերած միակ իրը եղած է սրինգը, որ Մխօ պապէն գողցած են: Հա, ու մէյ մըն ալ Շուշան տատի շալը: Կ’ըսեն` տարիներու ընթացքին շալը մաշած ու պատառոտուած է, բայց տատը չէ բաժնուած  ատկէ, այնքան թանկ ու հարազատ եղած է ծննդավայրէն մնացած այդ բեկորը: Ատիկա տեսնելով ու ընկալելով` թոռները փնտռած ու ճիշդ նոյն ձեւի  նոր շալ մը  գնած են, յետոյ թաքուն փոխարինած հինը նորով:

Անգամ մը Մխօ պապն ըսած է. «Եթէ չյաջողինք յետ դառնալ իմ հողեր, ապա մահէս յետոյ Մուշէն բուռ մը հող կը բերէք ու գերեզմանիս կը լեցնէք»:

Մխօ պապի երազանքը դեռ անկատար է. անոր շիրիմը դեռ Մշոյ հողի կարօտը կը քաշէ:

Լրահոս
0