ԵՐԵՒԱՆ, 15 ապրիլի — Sputnik. Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Սոնիա Քրիմին մեղադրած է Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Հայոց ցեղասպանութեան մասին վերջինիս խօսքերէն ետք:
Ապրիլ 12-ին ֆրանսական պատուիրակութիւնը Անթալիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի սեմինարի ժամանակ հեռացած է նիստերու դահլիճէն Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուի ելոյթէն ետք: Վերջինը քննադատութեամբ հանդէս եկած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հասցէին, որ ապրիլ 24-ը հռչակած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:
ՆԱԹՕ Խորհրդարանական վեհաժողովի 99-րդ սեմինարին ելոյթ ունենալով` Քրիմին յայտարարած է, որ ապշած է Օսմանեան պետութեան մէջ 1915 թուականին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու հարցով Անգարայի դիրքորոշմումէն:
Ի պատասխան Չաւուշօղլուն նշած է, որ Ֆրանսան իրաւունք չունի Թուրքիոյ պատմութեան դասեր տալու, ներառեալ` Ցեղասպանութեան թեմայով:
When the arrogant @MevlutCavusolgu gives you lessons on arrogance and politeness, arrogantly and without any respect ! #April24th #Armeniangenocide #dutyofmemory @natopapress @FranceOTAN
— Sonia Krimi (@Sonia_Krimi) 12 апреля 2019 г.
Քրիմիի գլխաւորութեամբ Ֆրանսացի պատուիրակները հեռացած են նիստերու դահլիճէն: Աւելի ուշ ան ուղիղ եթեր դուրս եկած ու յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները չեն կրնար պատմութիւնը վերաշարադրել այնպէս, ինչպէս կը ցանկան:
«Կը հանդիպինք ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը», – ըսած է Քրիմին:
Ան նաեւ Facebook–ի վրայ գրառում մը ըրած է, ուր նշած է, որ Ֆրանսան գիտէ, ինչպէս վարուի իր պատմութեան հետ:
«Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան օր հռչակելով, Ֆրանսան ոեւէ մէկուն դաս տալու նպատակ չի հետապնդեր եւ չընդուներ նման բան ոեւէ մէկէ, ներառեալ` Թուրքիայէն: Վիրաւորելը թոյլերու գործելաոճն է», – գրած է ան` արձագանքելով Թուրքիայէն ստացուած ակնարկներուն:
«Երբ ամբարտաւան Չաւուշօղլուն գոռոզութեան եւ քաղաքավարութեան դասեր կու տայ` մեծամտօրէն եւ անյարգալից», – գրած է ան Twitter–ի վրայ` յիշատակելով միջադէպը:
Ապրիլ 11-ին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հրամանագիր ստորագրած էր ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ազգային օր հռչակելու մասին: