ԵՐԵՒԱՆ, 11 ապրիլի-Sputnik. Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ստորագրած է ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու մասին հրամանագիրը:
Այս մասին ֆէյսբպուքեան իր էջին վրայ գրառում կատարած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան` տեղադրելով Ֆրանսայի նախագահի հրամանագիրը:
Հրամանագիրին մէջ կը նշուի, որ իւրաքանչիւր տարի ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի մէջ կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օրը, իւրաքանչիւր տարի այդ օրը Փարիզի մէջ ձեռնարկ կը կազմակերպուի, նմանատիպ ձեռնարկներ միւս քաղաքներուն մէջ եւս կրնան կազմակերպել:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2001-ին:,