ԵՐԵՒԱՆ, 11 ապրիլի — Sputnik. Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն արձագանքած է Իտալիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունման:
Ան Twitter-ի իր էջին վրայ այդ մասին գրառում կատարած է. «Այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ որոշումը կ’անտեսէ պատմական իրականութիւնները եւ նոր թշնամութիւն կը սերմանէ: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք քաղաքական ժողովրդականութեան աջակցող այս մօտեցումը, որ նաեւ կ’անտեսէ համատեղ պատմական յանձնաժողով ստեղծելու մեր նախագահին կոչը»:
Յիշեցնենք, որ Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատն ապրիլ 10-ին ընդունած է բանաձեւը, որմով երկրի կառավարութեան կոչ ուղղեց ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ խնդրին միջազգային հնչեղութիւն տալ: Բանաձեւին կողմ քուէարկած է 382 պատգամաւոր, ձեռնպահ մնացած է 43-ը, իսկ դէմ ձայներ չեն եղած: