ԵՐԵՒԱՆ, 10 ապրիլի — Sputnik. Facebook–ի «Դուխով Հայաստան» կեղծ էջի օգտատէրը կալանաւորուած է:
Այս լուրը Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին հաստատեց ԱԱԾ մամլոյ քարտուղար Սամսոն Գալստեան:
«Յարուցուած է քրէական գործ, քրէական օրէնսգիրքի 226-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտի յատկանիշներով: Դատարանի որոշմամբ այդ անձին նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը: Կը կատարուի նախաքննութիւն»,–ըսաւ Գալստեան:
ԱԱԾ-ն առ այժմ չի բացայայտեր կեղծ օգտատիրոջ անձը:
Նշենք, որ վերոյիշեալ յօդուածը կը սահմանէ հրապարակայնօրէն կամ լրատուութեան միջոցներ օգտագործելով ազգային, ցեղային կամ կրօնական թշնամանք յարուցելը:
Յիշեցնենք, որ ապրիլ 4–ին կառավարութեան նիստին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱԱԾ–ին յանձնարարեց յստակ քայլեր ձեռնարկել տեղեկատուական անվտանգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:
«Եթէ որոշ յանցաւոր շրջանակներ միլիոններ պիտի ծախսեն ընկերային ցանցերու, լրատուամիջոցներու մէջ` հասարակական կարծիքը նենգափոխելու համար, ատիկա ազգային անվտանգութեան խնդիր է»,– ըսաւ ան:
Արդէն յաջորդ օրը` ապրիլ 5–ին, լրագրողներուն հետ զրոյցին ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեան տեղեկացուց, որ անձ մը ձերբակալուած է` Ֆէյսբուքի վրայ ակնյայտ ապատեղեկատուութիւն տարածելու համար: