Դիմայարդար Գոհար Աւետիսեան կ’իրականացնէ իր երկրպագուներու երազանքը, միայն նայէք այս կերպարանափոխութիւններուն, ազատ ժամանակ, յայտնի դիմայարդարը կ’օգնէ կանանց եւ աղջիկներուն, որոնց դէմքը տուժած է տարբեր հիւանդութիւններէ եւ վիրահատութիւններէ, իրենց կրկին գեղեցիկ եւ գրաւիչ զգալու: Այս կանանց զգացմունքները ամէն ինչ կ’ըսեն:
Գոհարը զուարճախօս կին է, եւ կրնայ ինքն իր մասին կատակել, եւ մշտապէս այցելուներուն լաւ տրամադրութիւն հաղորդել: Instagram–ի իր էջին վրայ անոր աշխատանքին եւ կեանքին շուրջ 6 մլն մարդ կը հետեւի:
Դիմայարդարման վարպետ Գոհար Աւետիսեան ապացուցած է, որ ի զուր չէ կրած Ռուսիոյ լաւագոյն դիմայարդարի կոչումը: Հրաշագործ Գոհարը կրնայ գեղեցկացնել բոլորը: