ԵՐԵՒԱՆ, 3 ապրիլի — Sputnik. Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան մէջ անհեթեթ կը համարեն լուրերն այն մասին, որ կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան ծիրէն ներս մինչեւ տարեվերջ դրամը կ’արժեզրկուի մօտ 20 դրամով` հատելով 500 դրամի հոգեբանական շեմը: Նախապէս նման կանխատեսում ըրած էր «Ժամանակ» թերթը` նշելով, որ ատիկա պիտի ըլլայ արտահանումը խթանելու համար:
ԿԲ մամլոյ քարտուղար Յարութիւն Բերբերեան Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին յիշեցուց, որ ԿԲ–ն արդէն երկար տարիներ կ’իրականացնէ ազգային արժոյթի լողացող փոխարժէքի քաղաքականութիւն:
«Ատիկա կը նշանակէ, որ դրամի փոխարժէքը կ’որոշէ շուկան, այլ ոչ թէ այս կամ այն գերատեսչութիւնը: ԿԲ–ն սահմանած է որոշակի կանոն, եւ իւրաքանչիւր արժութային միջամտութիւն արտացոլուած է կառոյցի կայքին մէջ: Ոեւէ մէկը կրնայ տեսնել ԿԲ կողմէ գնուած կամ վաճառուած արժոյթի ծաւալը: Ելլելով անկէ` նման հրապարակումները չեն դիմանար որեւէ քննադատութեան», – նշեց Բերբերեան:
Մեր զրուցակիցին կարծիքով` տոլարի նկատմամբ դրամի փոխարժէքի ձեւաւորման կայացած համակարգն անհնար կը դարձնէ ազգային արժոյթի արժեզրկման վերաբերեալ որեւէ պայմանաւորուածութիւն: Եւ Հայաստանի մէջ չի կրնար ըլլալ իրավիճակ, որուն պարագային պէտք է արհեստականօրէն նուազեցնել կամ բարձրացնել դրամի փոխարժէքը:
Ապրիլ 3–ի դրութեամբ տոլարի փոխարժէքը կը կազմէ 486,47 դրամ: Վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին հայկական արժոյթը ցոյց տուած է արժեզրկման աննշան միտում: