ԵՐԵՒԱՆ, 26 մարտի — Sputnik. Հայաստան աշխարհի անձնագիրներու հերթական վարկանիշի ցուցակին մէջ, կազմուած բրիտանական Henley & Partners ընկերութեան կողմէ, գրաւած է 78–րդ տեղը:
Հայկական անձնագիրով կարելի է ազատ այցելել աշխարհի 62 երկիրներ առանց մուտքի արտօնագիրի, տեղւոյն վրայ կամ ելեկտրոնային եղանակով վիզա ստանալով:
Անձնագիրներու ցուցակը կ’արտացոլէ աշխարհի երկիրներու առանց վիզայի կարգի փոփոխութիւնները մինչեւ 2019–ի երկրորդ եռամսեակի սկիզբը:
Այսպիսով, Հայաստան անցած տարուան համեմատ բարելաւած է իր դիրքերը` վարկանիշի ցուցակին մէջ բարձրանալով մէկ հորիզոնականով:
Հայաստանի հետ 78–րդ տեղը կիսած է Սիերա Լէոնէն:
Հայաստանի քաղաքացիներուն համար բացուած է լրացուցիչ առանց վիզայի ուղղութիւն:
Այսպիսով, հայկական անձնագիրով առանց վիզայի կարելի է մեկնիլ ԱՊՀ երկիրներ եւ Վրաստան, Իրան, Պրազիլ, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Մալիզիա, Ինտոնեզիա, Հնդկաստան եւ Վիեթնամ, ինչպէս նաեւ ուրիշ, աւելի փոքր երկիրներ. ընդամէնը 62 երկիր:
Վարկանիշի ցուցակին մէջ յառաջատար է Ճափոնը: Ճափոնական անձնագիրով կարելի է ազատ մուտք գործել Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի բոլոր երկիրներ, բացի Քուպայէն, բոլոր եւրոպական երկիրներ, բացի Ռուսաստանէն, ինչպէս նաեւ ասիական երկիրներու մեծամասնութիւնը, ներառեալ Չինաստանն ու Հնդկաստանը: