ԵՐԵՒԱՆ, 26 մարտի-Sputnik. Երուսաղէմի մէջ մարտ 4-21 կայացած «Հայերն Երուսաղէմի մէջ» խորագիրով փառատօնի ծիրէն ներս ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, տուտուկահար Գէորգ Տապաղեան եւ երաժշտահան Վաչէ Շարաֆեան հանդէս եկած են տուտուկի եւ դաշնամուրի կատարումներով:Երուսաղէմի մէջ գտնուելու պատեհ առիթը չկորսնցնելով` Գէորգ Տապաղեան յաճախակի այցելած է Սուրբ Յարութեան տաճար եւ գիշերն անցուցած այնտեղ:
«Եկեղեցւոյ տարբեր հատուածներու մէջ տարբեր կատարումներ հնչեցին` Տէր Ողորմեան, Գրիգոր Նարեկացիի տաղերէն, իսկ Հաւուն Հաւունը կատարեցի Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանի մուտքին առջեւ: Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ ըլլալն աննկարագրելի, հոգեպարար զգացողութիւններ կ’առաջացնէ, բառերով չես կրնար նկարագրել»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսած է Գէորգ Տապաղեան եւ աւելցուցած, որ այդ գիշեր Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ գտնուող այլազգի ուխտաւորները կլանուած եւ հիացած լսած են կատարումները, որ անոնց համար իսկական բացայայտում մը եղած է: Առհասարակ, Սուրբ Յարութեան Տաճարին մէջ առաջին անգամ կը լսուէին տուտուկի հնչիւնները, եւ, ընդհանրապէս, որեւէ գործիք, բացի երգեհոնէն, Տաճարին մէջ առ այսօր չէ հնչած: Այն Մեծ Պահքին ընդառաջ աւելի տպաւորիչ, ազդու եղած է եւ իրենց աւելի մօտեցուցած է Տիրոջ:
Գէորգ Տապաղեանի կարծիքով իւրաքանչիւր հայ պէտք է այցելէ Երուսաղէմ, զգայ Սուրբ Յարութեան տաճարի խաղաղեցնող մթնոլորտը, որ հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու ինքզինքդ եւ վերարժեւորելու ապրած կեանքդ:
«Տպաւորուած եմ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հայր սուրբերու եւ սարկաւագներու ընդունելութենէն, անոնց կատարած աշխատանքէն, որոնք ամէն ջանք կը գործադրեն` Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական արժէքները եւ հայկական ներկայութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ: Անոնք հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայողներ են»,-իր խօսքն ամփոփած է տուտուկահարը:
Աւելցնենք, որ երկրորդ անգամ տեղի ունեցող փառատօնը կազմակերպուած էր Երուսաղէմի «Բնութեան թանգարանի», Երուսաղէմի քաղաքապետարանի եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի համագործակցութեամբ:
Գէորգ Չիչեան