ԵՐԵՒԱՆ, 22 մարտի – Sputnik. Երեւանի Մոնթէ Մելքոնեան 44 հասցէին կառուցուող «Վերածնունդ» երիտասարդական աւանին մէջ կառուցուող շէնքերը շահագործման կը յանձնեն 2021–ի նոյեմբերին, իսկ աւանը` 2022–ի մայիսին: «ԵՊՀ շրջանաւարտներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան (կառուցապատող) նախագահ Արսէն Քարամեան այս մասին գրած է Facebook ընկերային ցանցի իր էջին վրայ:
Աւանը կ’ունենայ 8 մասնաշէնք, որոնք կ’ունենան 18-32 յարկ, 1100 բնակարան, 880 կառանոց: Կառուցապատման ընդհանուր մակերեսը 227 500 քմ է, հասարակական նշանակութեան տարածքներու ընդհանուր մակերեսը` 13 500 քմ, կանաչապատ գօտիներու ընդհանուր մակերեսը` 25 000 քմ, բնակարաններու 1քմ–ի արժէքը` 276000-296000 ՀՀ դրամ` կախուած ներքին յարդարումէն:
Աւանին մէջ պիտի կառուցուի մանկապարտէզ (մինչեւ 220 երեխայի համար), մարզահամալիր (150 մարդ/ժամ), առեւտրի եւ սպասարկման կեդրոն, սինեմա:
Առաջին անգամ բազմաբնակարան շէնքերուն մէջ պիտի ներդրուի կոյուղիներու եւ թափօններու մաքրման տեղային կայան:
Շէնքերու տանիքներուն պիտի տեղադրուին արեւային վահանակներ, որոնց արտադրած ելեկտրանութիւնը պիտի ծախսուի ընդհանուր օգտագործման տարածքներու լուսաւորութեան եւ վերելակներու ելեկտրասնուցման համար:
Համալիրին մաս կազմող 32 յարկանի «Վերածնունդ» բնակելի եւ գործարար կեդրոնը կ’ըլլայ այս պահուն Երեւանի ամենաբարձրայարկ շէնքը:
Ծրագիրին ընդհանուր արժէքը 54 միլիար ՀՀ դրամ է: