ԵՐԵՒԱՆ, 21 մարտի-Sputnik. Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար տիար Մայք Պոմպէոն 21 մարտին, այցելած է Սուրբ Յարութեան տաճար եւ տաճարի հայկական բաժինը: Այս մասին կը տեղեկանանք Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան ֆէյսպուքեան էջէն:
Հայապատկան Աստուածամօր ուշաթափման սրբավայրին մէջ տիար Պոմպէոն մոմ վառած է, ապա Ս. Յարութեան տաճարի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի եւ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան կողմէ բարիգալուստ մաղթած է անոր եւ խօսած Սուրբ Երկրին մէջ հայկական ներկայութեան մասին:
Հայր Սուրբն իր խօսքն աւարտած է ըսելով. «Կը մաղթենք, որ խաղաղութիւն հաստատելու Ձեր ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին եւ Սուրբ Երկրին մէջ բնակող բոլոր ազգերն ու կրօններու հետեւորդները ապրին խաղաղ ու բարգաւաճ միջավայրի մը մէջ»: