00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:33
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Ինչպէս սովետական հին հանրակառքը կը դառնայ հիւրանոց. հայաստանեան հանգիստի նորաձեւութիւնը

© Photo : provided by Garik PaytyanСтарый советский автобус
Старый советский автобус - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Քարտէզագրող Գարիկն ու դիւանագէտ Էսթերն ամուսնացան մօտ մէկ տարի առաջ. Երեւանի մէջ ձգելով աշխատանք, ընկերներ, ընտանիք ու տեղափոխուեցան Տաւուշ: Գարիկը ծնունդով ներկայիս Բերդի, նախապէս Շամշատինի տարածաշրջանի Նորաշէն գիւղէն է: Կ’ըսէ` «Քսանհինգ տարեկան եմ, տասներկու տարին ապրած եմ գիւղի մէջ, տասներեքը` քաղաքի մէջ, բայց երբ հասկցայ, որ հաւասարակշռութիւնը խախտուած է, որոշեցի հայրենադարձուիլ»:

Գարիկի համար քաղաքէն գիւղ վերադառնալն ալ  հայրենադարձութիւն է. ուր ալ գիւղէն արտագաղթես` մայրաքաղաք, թէ արտագնայ աշխատանքի միեւնոյնն է, պատճառը լաւ օր ունենալէն չէ, աւելի լաւ կեանքի համար  կ’երթաս, հետեւաբար, գիւղ վերադարձողը հայրենադարձ է: Գարիկին հայրենադարձութեան  մղած է, ինչպէս ինք կ’ըսէ «անարդարութեան զգացումը», երբ զբօսաշրջութեան զարգացման համար Տաւուշի միւս տարածաշրջանները համապատասխան գրաւիչ անուններ կը ստանան, իսկ Շամշատինը կը կոչուի «հեռաւոր ու սահմանամերձ», մինչդեռ այն պէտք անուանուի որպէս «իրական Տաւուշ»:

Երիտասարդ զոյգը Շամշատին տեղափոխուած է, որովհետեւ տարածաշրջանին մէջ մեծ ներուժ կը տեսնէ աշխատելու, ստեղծելու, զարգացնելու համար: Որպէս առաջնահերթ հեռանկարային ուղղութիւն կը դիտարկեն զբօսաշրջութիւնը, որ շղթայական ազդեցութեամբ կը նպաստէ տարբեր բնագաւառներու զարգացման: Եթէ զբօսաշրջիկը կու գայ,ան տարբեր արտադրութիւններէ կ’օգտուի` կը գիշերէ հիւրատան մէջ, գնումներ կ’ընէ, ճաշարան կ’երթայ  եւ այլն:

© Photo : provided by Garik PaytyanԳարիկն ու Էսթերը
Ինչպէս սովետական հին հանրակառքը կը դառնայ հիւրանոց. հայաստանեան հանգիստի նորաձեւութիւնը - Sputnik Արմենիա
Գարիկն ու Էսթերը

Այդպէս երկու տարի առաջ միտք յառաջացաւ «Ագրոտուրիզմը Տաւուշի մէջ» նախաձեռնութեան, որուն ծիրէն ներս Նորաշէն գիւղին մէջ հիմնուեցաւ «Աշխարհի ծայրը» հիւրատունը: Կարճ ժամանակ անց նախաձեռնութիւնը միաւորեց նաեւ այլ գիւղերու մէջ գտնուող հիւրատուներ: Տարածաշրջանին մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու մեծ հեռանկարներ կան, բայց ատոր համար նաեւ մտածելակերպ  պէտք է փոխել: Շամշատին  այցելած իւրաքանչիւր մարդ կը փաստէ, թէ որքան հիւրասէր, սրտբաց, անշահախնդիր մարդիկ  այստեղ կ’ապրին, գիւղ եկած անծանօթը միանգամէն կը դառնայ սպասուած հիւր:

Портрет мучеников геноцида армян в эчмиадзинском кафедральном соборе - Sputnik Արմենիա
«Թաքցուած խաչ» ֆիլմը կը պատմէ 1915-ին ու ատկէ ետք Էղիլի մէջ ապրած հայերու ճակատագրին մասին

«Երբ արշաւներ կը կազմակերպէինք եւ յարմար տուներ ունեցող գիւղացիներուն կ’առաջարկէինք գումարով գիշերակաց տրամադրել մեր հիւրերուն, կը վիրաւորուէին, կը նեղանային, կ’ըսէին` մեր հիւրը առանց ինչ-որ բանի կը պահենք: Այստեղ մարդիկ կ’ամչնան փող վերցնելու»,- կը յիշէ Գարիկը, մինչդեռ ամբողջ աշխարհի մէջ ու նաեւ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ ընդունուած եւ բնական բան է գիւղական զբօսաշրջութիւնը, շատ զբօսաշրջիկներ կը նախընտրեն ոչ թէ հիւրանոցի, այլ բնակիչներու տան մէջ գիշերել` տեղական  կենցաղը բացայայտելու համար:«Աստիճանաբար այն մարդիկ, որոնք նախօրօք կը մերժէին գումարով գիշերակաց տրամադրել, հիմա կը հետաքրքրուին անով»,- ուրախութեամբ կը նշէ Գարիկը:

Ամէն տեղ երիտասարդները կը տեսնեն հնարաւորութիւններ զբօսաշրջային «արտադրութիւն» դարձնելու համար, անգամ կով կթելը:

«Բերդի մէջ համարեայ ամէն օր կ՛անցնիմ  վայրով մը, որ մենք ATK կ’ըսենք, կառատուներ են. կարծես սովետական հին հանրակառքերու գերեզմանոց ըլլայ: Իրականութեան մէջ շատ տխուր տեսարան է: Օր մըն ալ մտածեցի, որ այդ ջարդոնի վերածուած հանրակառքերը կրնան զբօսաշրջային նորարական իր դառնալ: Աշխարհի մէջ շատ քիչ հիւրանոցներ, հիւրատուներ կան, որ զբօսաշրջիկը տուեալ վայր կը մեկնի` յատուկ այդ հիւրատան մէջ կանգ առնելու համար: Իսկ սա կարող է հէնց այդպիսին դառնալ` զբօսաշրջային գրաւչութիւն»,-  կը պատմէ Գարիկ:

© Photo : provided by Garik PaytyanՀանրակառք, որ պիտի դառնայ հիւրատուն
Ինչպէս սովետական հին հանրակառքը կը դառնայ հիւրանոց. հայաստանեան հանգիստի նորաձեւութիւնը - Sputnik Արմենիա
Հանրակառք, որ պիտի դառնայ հիւրատուն

Այդպէս գիւղացիներու օգնութեամբ սովետական հին, անպէտք, մետաղեայ ջարդոնի վերածուած հանրակառքը Բերդէն հասցուեցաւ Նորաշէն գիւղ: SovietBus Hotel` այս է Գարիկի նորարար մտայղացումը` հանրակառքը վերանորոգել, ներկել, կահաւորել ու դարձնել իւրօրինակ հանրակառք-հիւրանոցի, որմէ ցնցող տեսարան մը կը բացուի դէպի Խրամի ձոր: Սա հէնց այն հիւրանոցը պիտի ըլլայ, ուր մնալու համար մարդիկ յատուկ պիտի գան ու հասնին Շամշատին: Սկիզբը երիտասարդները կը մտածէին հինգ նման հանրակառք տեղադրել, բայց, քանի որ գործը ծախսատար է, իսկ Գարիկն ու Էսթերն անգամ  ասոր համար դեռ գումար չունին եւ միջոցներ կը փնտռեն, որոշեցին միւս հանրակառքերու տեղադրման հարցը յետաձգել, երբ այս մէկով յաջողութեան կը հասնին: Իսկ որ կը հասնին, չեն ալ կասկածիր. մայիս 28-ին` Առաջին Հանրապետութեան օրը,  բացումը պիտի ըլլայ` հանրակառք-հիւրանոցը պիտի ունենայ բոլոր յարմարութիւնները, տեղադրուած պիտի ըլլան մէկ երկտեղանի մահճակալ, բազմոց:

© Photo : provided by Garik PaytyanԳարիկն ու Էսթերը
Ինչպէս սովետական հին հանրակառքը կը դառնայ հիւրանոց. հայաստանեան հանգիստի նորաձեւութիւնը - Sputnik Արմենիա
Գարիկն ու Էսթերը

«Ես Երեւանի մէջ ձգած եմ իմ երկու հեռանկարային աշխատանքներս, հրաժարած եմ գայթակղիչ առաջարկներէ, եկած եմ այստեղ, որովհետեւ վստահ եմ, որ ընելիք շատ կայ, իսկ մենք ունինք անհրաժեշտ գիտելիք, պատրաստ ենք ներդնել ժամանակ եւ եռանդ` եղած հնարաւորութիւնները զարգացնելու համար»,- կը պատմէ Գարիկ:

Անցած տարի աշնան նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Գարիկն ու Էսթերը սկսան ռեժանի (սերուցք) վաճառք. կարեւորն այն է, որ մեծ քանակով ռեժան գնելուն ապրանքին գինը չէին իջեցներ, կը գնէին այն նոյն արժէքով, ինչով գիւղացին կը վաճառէ, յետոյ ապրանքանիշ դնելով  կը վերավաճառուի քաղաքին մէջ: Հիմա ռեժանի «գործը կանգնած է», որովհետեւ կաթը քիչ է, բայց շուտով կը վերսկսին: Հնարաւորութիւններն այստեղ անսպառ են:

© Photo : provided by Garik PaytyanԳարիկը Շամշատինի մէջ
Ինչպէս սովետական հին հանրակառքը կը դառնայ հիւրանոց. հայաստանեան հանգիստի նորաձեւութիւնը - Sputnik Արմենիա
Գարիկը Շամշատինի մէջ

«Ես նաեւ այստեղ կը պատկերացնեմ մեր երեխաները մեծցնել. Գիւղի մէջ մեծցած երեխան աւելի լայնախոհ է, քան քաղաքի ասֆալտի ու բետոնի մէջ»,-կ՛ըսէ Գարիկը:

Զոյգը լաւ գիտէ`քաղաք երթալէ ետք երեխան քանի մը ամսուան մէջ կը տեսնէ ու կը բացայայտէ զայն, որուն պակասը գիւղին մէջ կայ, իսկ քաղաքի մէջ մեծցած երեխան  քանի մը ամիս գիւղի մէջ ապրելով` պակասը չի լրացներ:

Լրահոս
0