Երեւան, 7 մարտի – Sputnik. ՀՀ կառավարութիւնն այսօր` մարտ 7-ին, որոշեց լուծարել Սփիւռքի նախարարութեան հաշուեկշռին մէջ գտնուող «Հայրենիք-սփիւռք կեդրոն» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը: Որոշումը կը հիմնաւորուի յառաջիկային սփիւռքի նախարարութեան վերակազմակերպմամբ, որուն արդիւնքով ՊՈԱԿ-ները կը վերակազմաւորուին այլ պետական մարմիններու` ըստ բնագաւառներու:
«Հայրենիք-սփիւռք կեդրոնը» ստեղծուած է 2010թ-ին` հայապահպանութեան, հայրենադարձութեան, հայրենադարձներու ընդելուզման, սփիւռքի ներուժի յայտնաբերման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան մէջ այդ ներուժի ներդրման ծրագիրներու իրականացման նպատակով:
Կառավարութեան որոշմամբ, ՊՈԱԿ-ի լուծարումէն ետք կազմակերպութեան պարտատէրերու պահանջները բաւարարելէ ետք մնացած գոյքը կ'ուղղուի պետական պիւտճէ, իսկ այլ պարտքերու ու պահանջներու իրաւունքները կը փոխանցուին ֆինանսներու նախարարութիւն: