Լիլիթ Յարութիւնեան, Sputnik Արմենիա
Կ’ըսուի, թէ ինչպէս որ դիմաւորես Նոր Տարին, այդպէս ալ կ’անցընես զայն:
Հայաստանի հիւսիսային մայրաքաղաքի մանկատուներէն մէկուն սանին համար 2019-ը սկսած է յաղթանակով:
Ալեքսանդրան Յունուարի 8-ին դարձաւ 14 տարեկան: Աղջիկը ինք իրեն նուէր առած է ծննդեան օրուան առթիւ՝ տիրանալով հերթական ոսկի մետալին: Յունուարի 11-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ծանրամարտի Հայաստանի առաջնութիւնը: Այո՛, այո՛, Սաշան ծանրամարտիկ է, իսկ վերջին պարգեւը չորրորդ ոսկի մետալն էր, որուն տիրացաւ կէս տարուան մարզումներուն շնորհիւ: Ան իր քրոջ եւ եղբօր հետ կը բնակի Գիւմրիի «Թռչունեան տուն» մանկատան մէջ:
– Մինչեւ մարմնամարզով տարուիլս՝զբաղած եմ երաժշտութեամբ, նուագած եմ դաշնամուր, բայց հիմա ծանրամարտի մէջ կը տեսնեմ ինքզինքս, – կ’ըսէ աղջիկը:
Այս ոչ կանացի գործին մէջ Սաշան մղողը եղած է իր աւագ քոյրը՝ Տանիան, որ, ի դէպ, ութ անգամ բարձրացած է պատուանդանի ամենաբարձր աստիճանին, իսկ Իտալիոյ մէջ երեսուն երկիրներու ներկայացուցիչներու շարքին գրաւած է 11-րդ հորիզոնականը:
Յայտնի մարզիկ Նազիկ Աւդալեանը օրինակ է Ալեքսանդրայի համար: Ատիկա գուշակելը բարդ չէ. նշանաւոր ծանրամարտիկի լուսանկարները կը զարդարեն աղջկան մահճակալին պատը. անոնց կողքին են նաեւ Սաշային ստացած պարգեւներն ու մետալները:
– Սաշան քանի մը անգամ արժանացած է նաեւ արծաթի, իսկ իմ բոլոր մետալներս ոսկի են: Նազիկ Աւդալեանը զիս իր քով հարաւիրած է: Կը տեսնէք, մենք միասին լուսանկար ունինք, – կատակով կ’ըսէ Տանիան:
Ան ուժեղ մատներով արագ-արագ կը թերթատէ ալպոմի էջերը եւ հաճոյքով ցոյց կու տայ այն լուսանկարը, ուր պատկերուած է բազմակի ախոյեանուհին:Այսուհանդերձ, 17-ամեայ Տանիան մէջքի խնդիրներու պատճառով ստիպուած է լքելու ծանրամարտը: Շատերը փայլուն վերելք կանխատեսած էին անոր այս նախասիրութեան մէջ: Հիմա ան կը զբաղի ձեռագործով եւ կը նկարէ:
– Իսկ ես կ’ուզեմ նմանիլ մարզիչիս՝ Քրիստինային: Ես շատ կը սիրեմ զինք: Մինչեւ ինծի չբարկանայ՝ չեմ կրնար կեդրոնանալ ,– ժպտալով կը խոստովանի Սաշան։
Հարցումին, թէ ամէնէն շատ ի՛նչ կ’ուզէր ունենալ, Սաշան մանկական անմիջականութեամբ եւ անկեղծ ժպիտով կը պատասխանէ.
– Ես գրեթէ ամէն ինչ ունիմ։
Յետոյ, քիչ մը մտածելով, կ’աւելցնէ.
– Եթէ կարողանամ յաղթելԵւրոպայի եւ աշխարհի մրցումներուն՝ ես իմ տունս կ’ունենամ, մեքենաս, դրամ: Այդ ատեն վստահաբար ամէն ինչ լաւ կ’ըլլայ։
Աղջիկը նուաճել կը ձգտի ո՛չ միայն իր երկրի մրցասպարէզները, այլեւ՝ Եւրոպայի եւ աշխարհի: Կը փափաքի ապրիլ իր հայրենի քաղաքին մէջ, ընկերներուն եւ մտերիմներուն հետ:
«Թռչունեան տուն» մանկատան եւ կրթական կեդրոնի տնօրէն Սոնիա Սիմոնեանը Sputnik Արմենիայի թղթակիցին ըսաւ, որ իրենք հաստատ յոյսեր ունին Սաշային վրայ:
– Ան կարճ ժամանակի մէջ լաւ արդիւնքներու հասաւ: Ալեքսանդրան կրնայ շատ բաներու հասնիլ այս ասպարէզին մէջ,– կը կարծէ Սիմոնեանը։
Սաշան «Թռչունեան տուն» բերուած է մանկութեան։ Հաստատության տնօրէն Սոնիա Սիմոնեանի խօսքով` ան մէկ տարեկան ալ չկար։
– Աղջիկները մեզի բերած են Ռուսիայէն, Ռոստովի շրջանէն, անոնք այնտեղ ծնած են: Ծնողներէն ոչ ոք կ’ընկերանար անոնց: «Հայր» սիւնակը մինչեւ հիմա բաց է։ Մայրը Ռուսիա կ’ապրի։ 13-14 տարուան ընթացքին միայն մէկ անգամ եկած է. քանի մը տարի առաջ էր: Անկէ ետք ոչ ոք այցելութեան եկած է անոնց քով ,– կ’ըսէ ան։
Տնօրէնը յայտնեց, որ աղջիկներուն մայրը գիւմրեցի է. այդ պատճառով ալ փոքրիկները բերուած են Գիւմրի: Բայց անոնց ազգականներէն ոչ ոք կը բնակի Գիւմրի:
Տարին լաւ սկսած է ծանրամարտի համար: Եթէ յաջողութիւնը ուղեկցի Սաշային, եւ ան կարողանայ Հայաստանի առաջնութեան երկու խաղերուն գրաւել առաջին տեղը, գիւմրեցի մարզիկը այնուհետեւ կրնայ ներկայացնել իր երկիրը արդէն համաշխարհային մրցաբեմերուն վրայ: