Աննա Վարդանեան, Լուսինէ Մկրտչեան. Sputnik Արմենիա
Առաջին անգամ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը` նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ, մայիս 30–ին ուղիղ չուերթով կը մեկնի 2845 տարեկան Վան քաղաք: Չուերթը չարթերային էր, յատուկ Համահայկական խաղերու պատուիրակութեան համար, որոնք ամառնային 7–րդ խաղերու ջահը պիտի վառէին Մուսա լերան մէջ:
Օդանաւը ուղղութիւն վերցուց դէպի հիւսիս-արեւմուտք` անցնելով հայ-թրքական ներկայ սահմանը: Առաջին տեսարանը, որ բացուեցաւ պատուիրակութեան առջեւ, Արարատ լեռն էր, բայց արդէն Արաքսի աջ ափէն:
Թռիչքն ընթացաւ Երուանդաշատի, Կաղզուանի, Հայկական պարի ու Մանազկերտի վրայով, դուրս եկաւ ձիւնագագաթ Սիփան լերան վրայ, պտըտեցաւ Վանայ լիճի վրայով դէպի արեւելք եւ մեր պատմական Արտամէտ գիւղի մօտ վայրէջք կատարեց Վանի օդակայանին մէջ: Անհաւատալի էր, որ օդանաւէն կարելի էր տեսնել Աղթամար կղզին եւ անոր վրայ գտնուող միջնադարեան հայ ճարտարապետութեան գլուխգործոց Սուրբ Խաչ եկեղեցին:
«Ինծի համար սա հրաշք էր, գամ եւ տեսնեմ մեր առաջին մայրաքաղաքը, այս երկիրը, ուր ապրած են մեր նախնիները: Շատ կ'ուզեմ, որ բոլորը ունենան այս առիթը»,- օդանաւէն իջնելուս առաջին տպաւորութիւններու մասին խօսեցաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի փոխնախագահ ամերիկահայ Ալպէր Պոյաճեանը ու համբուրեց հողը:
Պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն համար կատարուածը իսկապէս երազ էր եւ բոլորը յոյս կը յայտնէին, որ Երեւան- Վան առաջին չուերթը չըլլայ վերջինը:
Հայկական պատուիրակութիւնը Վանի օդակայանին մէջ դիմաւորեցին քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչները: Աւելի ուշ պաշտօնական ընդունելութեամբ քաղաքապետարանին մէջ պատուիրակութիւնը կը սպասէին Վանի երկու քաղաքապետները` այդպէս ընդունուած է կառավարել հնագոյն քաղաքին մէջ:
Վանի քաղաքապետ Բեդիա Օզգեօքչէ Էրթան նշեց, որ իրենց համար Վանն աշխարհի ամենագեղեցիկ քաղաքներէն մէկն է: «Մենք գիտենք, որ դուք անցեալին կապ ունեցած էք մեր քաղաքին հետ: Ուրախ ենք, որ կ’այցելէք ու պիտի փորձէք աւելի զարգացնել մեր յարաբերութիւնները»,–ըսաւ Էրթան:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան քաղաքապետին հետ զրոյցին ընդգծեց հայոց ազատամարտին Վանի առանձնայատուկ դերը: Զաքարեան կարեւորեց հայոց հինաւուրց քաղաքներու միջեւ ճակատագրի բերումով ընդհատուած կապերու վերահաստատումն ու զարգացումը: «Այսօր մեր բոլորին համար երազ էր, որ ընդամէնը 35 վայրկեանի մէջ մենք Երեւանէն իջանք Վան: Մենք առաջին ուղեւորներն ենք, որ ինքնաթիռով եկանք: Այս գաղափարը պէտք է զարգացնենք ու հասնինք անոր, որ կապը ըլլայ մշտական»-նկատեց Զաքարեան:
Մարզական, զբօսաշրջային եւ մշակութային կապերու զարգացման կրնան նպաստել Համահայկական խաղերը, որոնք կը կազմակերպուին 4 տարին անգամ մը եւ կը համախմբէ աշխարհի բոլոր ծայրերը, ներառեալ` Թուրքիոյ տարածքին մէջ ապրող հայերուն: Իշխան Զաքարեան տեղեկացուց, որ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն հետաքրքիր մտայղացում ունի: «Յաջորդ խաղերը Վանէն սկսինք: Մաս մը այստեղ ընենք, յետոյ տեղափոխուինք Երեւան: Կը կարծեմ` սա շատ լաւ գաղափար է, որուն հետ կապուած մենք կրնանք աշխատիլ եւ ծրագիր ընել»: Զաքարեանի առաջարկը հետաքրքրեց, անգամ ոգեւորեց հայոց հնագոյն մայրաքաղաքի մերօրեայ քաղաքային իշխանութեան: Վանի քաղաքապետները ողջունեցին հայկական պատուիրակութեան առաջարկը` ընդգծելով, որ մարզական նման ծրագիրները շատ գործուն միջոց են ժողովուրդներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու համար:
Վանի միւս քաղաքապետ Մուսթաֆա Աւջը նշեց, որ հայերու այցը բարձրացուց իրենց տրամադրութիւնը: «Մենք մշակութային առումով իրարմէ օտար ժողովուրդներ չենք: Շատ լաւ գիտենք, թէ ինչեր քաշած են ժամանակին հայերը պատմութեան ընթացքին: Նոյն աղէտը կը կրեն նաեւ քիւրտերն այսօր: Ինչ-որ տեղ կրնանք ըսել, որ նոյն ճակատագիրը կիսող ժողովուրդներ են: Մենք հիմա կը ձգտինք, որ մեր բարեկամներուն հետ եղբայրաբար ապրինք»:
Իշխան Զաքարեան պաշտօնապէս հրաւիրեց քաղաքապետերը` մասնակցելու Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու հանդիսաւոր բացման` նշելով, որ համահայկական նախորդ խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Վանէն ժամանած պատուիրակութիւնը:
Պաշտօնական հանդիպումէն յետոյ պատուիրակութեան կը սպասէր այցելութիւն պատմական վայրեր` Վանայ լիճով դէպի Աղթամար վանական համալիր եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցի:
Յաջորդ կանգառը Իգտիրն էր: Այնտեղէն անզէն աչքով տեսանելի է Սարդարապատի յուշահամալիրն ու ատոմակայանը, անգամ հասանելի են հայկական բջջային գործարկուները:
Իգտիրի քաղաքային իշխանութեան հետ զրոյցի առանցքին
եւս մարզական խաղերու միջոցով դրացիական յարաբերութիւններու հաստատումն ու տարբեր բնագաւառներու մէջ համատեղ ծրագիրներու իրագործումն էր:
Իգտիրի քաղաքապետ Եաշար Աքքուշ ընդգծեց, որ կ’ուզեն, որ սահմանը բացուի: Նաեւ նշեց, որ ջերմ կապեր ունեցած է Հայաստանի հետ : «Մենք կ’ուզենք, որ սահմանը բացուի, յարաբերութիւնները լաւ ըլլան: Իմ պապերս մինչեւ 1988-ը Ռանչպար գիւղին մէջ ապրած են»:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահէն Իգտիրի քաղաքային ղեկավարութիւնը եւս մասնակցութեան հրաւէր ստացաւ:
Համահայկական ամառնային 7–րդ խաղերու ջահը վառուեցաւ Մուսա լերան մէջ, ինչով ազդարարուեցաւ ատոնց բացումը: 3 ջահերէն 2–րդն արդէն կը վառուի Հայաստանի մէջ, 3–ը` սփիւռքի մէջ:
Համահայկական խաղերը մարզական իրադարձութիւն է, որուն կը մասնակցին աշխարհի բոլոր երկիրներ ապրող հայ մարզիկները: Այն տեղի կ’ունենայ չորս տարին անգամ մը: Համահայկական Առաջին խաղերը կայացած են 1999թուականին: Մրցումները կը կայանան ինչպէս անհատական, այնպէս ալ խմբային մարզաձեւերու մէջ: