ԵՐԵՒԱՆ, 5 յունիսի — Sputnik. Այս տարի ոչխար խուզելու անսովոր փառատօնը սովորականէն աւելի մեծ տարողութեամբ եւ վառ կ՛ըլլայ: Հայաստանի հիւրերուն եւ բնակիչներուն իսկական տօն եւ վարպետութեան դաս կը սպասուի Նոր Զելանտայէն ժամանած արհեստավարժ խուզողէն: Այդ մասին Sputnik Արմենիա ռատիոկայանի եթերով ըսաւ «Ռազմավարական զարգացման գործակալութիւն» ՀԿ–ի ներկայացուցիչ Արամ Առաքէլեան:
Հինգերորդ փառատօնը տեղի կ’ունենայ յունիս 8–ին Սիւնիքի մարզին մէջ: Ձեռնարկին նպատակն է ծանօթացնել հիւրերուն Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի աւանդոյթներուն եւ մշակոյթին, տեղի արտադրանքին, ինչպէս նաեւ նպաստել մարզին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման:
«Մէկ ամիս առաջ կը սկսինք պատրաստուիլ փառատօնին: Կ’աշխատինք համայնքներու, արտադրողներու, տեղի ձեռնարկութիւններու հետ, կ’ընտնենք խուզողներ», – ըսաւ Առաքէլեան:
Այս տարի ընդլայնուած է նաեւ փառատօնի մասնակիցներու աշխարհագրութիւնը. խուզողներ պիտի գան Շիրակէն, Գեղարքունիքէն, Տաւուշէն:
16 մասնակիցներ պիտի մրցին ոչխար խուզելու արագութեան եւ ճարպիկութեան մէջ:
«Մենք կրնանք համարձակօրէն ըսել, որ փառատօնն աւանդական դարձած է: Եթէ անցեալին մարդիկ կը զարմանային` լսելով փառատօնի մասին, ապա հիմա կը հասկնան, թէ ատիկա ինչ կը ներկայացնէ», – Sputnik Արմենիա ռատիոկայանի եթերով ըսաւ «Ռազմավարական զարգացման գործակալութիւն» ՀԿ ներկայացուցիչ Աննա Պօղոսեան:
Ան հաղորդած է, որ ձեռնարկի մասնակիցներուն կ’ապահովեն յատուկ համազգեստով, կազմակերպիչները անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին նախօրօք կը ներայացնեն հոլովակներ: Փառատօնը նպատակ ունի նաեւ հանրահռչակել Սիւնիքի մարզը:
Անցած տարի փառատօն այցելած է մօտ երեք հազար մարդ, որոնց շարքին եղած են հիւրեր աշխարհի տարբեր երկիրներէ, զբօսաշրջային խումբեր Երեւանէն:
Յովիկ Աւագեան, որ 2016-էն ժիւրիի մշտական անդամ է, կը նշէ, որ փառատօնն ամէնէն առաջ մտածուած է որպէս տօն գիւղացիներու համար: Անցած տարի Սիւնիքէն երիտասարդ տղայ մը մրցանիշ սահմանած է. 2,5 վայրկեանի մէջ ոչխար խուզած է եւ որեւէ քերծուածք չէ ըրած: Աւագեանի խօսքով` ատիկա ցնցող էր:
«Ոչխարն արագ խուզելը քիչ է, կարեւոր է բուրդի ամբողջականութիւնը պահպանելը եւ կենդանին չվնասելը», – ըսաւ Աւագեան:
Ոչխար խուզելու առաջին փառատօնը տեղի ունեցած է 2014–ին: