ԵՐԵՒԱՆ, 29 մայիսի — Sputnik. Չելեապինսկի բանուորական թաղամասին մէջ գտնուող ապաստարանը փրկօղակ է Սիպիրի եւ Ուրալի կենդանիներուն համար: Ապաստարանի հիմնադիր Կարէն Դալլաքեան ոչ միայն կը բուժէ անոնց, այլեւ կը խնամէ, կը փրկէ կենդանիներու կեանքը:
«Ինծի հիւանդ կենդանիներ կ՛ուղարկեն ամբողջ Ուրալէն ու Սիպիրէն: Ոմանց կը բուժենք ու բաց կը ձգենք, ոմանք ալ այլեւս չեն կրնար ապրիլ բնական պայմաններու մէջ: Ստիպուած եղանք ապաստարան բանալու հաշմանդամ դարձած վայրի կենդանիներու համար: Ապաստարանն այսօր միակն է Ուրալի մէջ», – ըսած է Դալլաքեան «Такие дела» ամսագրին տուած հարցազրոյցին:
Այսօր ապաստարանը 40 բնակիչ ունի, որոնցմէ մէկն ալ Լուսան Մառիսեանն է: Երեք տարի առաջ, երբ շատ ցուրտ ձմեռ էր, իսկ պետութիւնը չէր հոգացած գիշատիչներու կերային պաշարի հարցը, Մառիսեան սկսած էր գիւղամէջ դուրս գալ ու բռնել շուները: Բնակիչները ծուղակ դրած էին շան բունին մէջ ու եռոտանի լուսանին բերած բժիշկ Դալլաքեանի մօտ: Հիմա ան այստեղ կ’ապրի:
Այստեղ նաեւ արու աղուէսներ կան, որոնցմէ մէկը (անունը` Լեոնիա) մարդկային դաժանութեան զոհ դարձած է: Կենդանաբանական այգիներէն մէկուն տէրերը ծնած օրէն աղուէսը պահած են կլոր ջրարանի մէջ: Ան կառչած է կորնթարդ պատերէ, որուն հետեւանքով ալ թաթերը խեղաթիւրուած են, ու աղուէսը հաշմանդամ դարձած է:
Ապաստարանին մէջ կարելի է նաեւ կոյր ջրարջի հանդիպիլ, որ տեսողութենէ զրկուած է լուսանկարչական սարքի արձակած լոյսէն: Մարդիկ գումար աշխատած են` կենդանիի հետ լուսանկարելով այգիի այցելուները: Ջրարջի կողքին ռախիտով հիւանդ գայլն է: Տէրը միսի փոխարէն շիլայով կերակրած է անոր: Բնակիչներուն կը թուի, որ կան նաեւ վիրաւոր կարապներ, հիւանդ բադեր, այծեամի ձագեր, որոնց մօրը սպաննած են որսագողերը:
«Հիմա մենք կը պայքարինք Պենզայի շրջիկ կրկէսի հետ. անոնք էգ արջը կը պահէին փոքր վանդակի մէջ, ուր ան նոյնիսկ շրջիլ չէր կրնար: Արջը կը թպրտար, կը հառաչէր, ամբողջ թաղամասը լսած է ատիկա: Մարդիկ ոստիկանութիւն եւ ԱԻՆ կանչած էին, զանգած Կարէնին: Մենք գացինք, կ’ուզէինք տանիլ կենդանիները, բայց ոստիկանութիւնն կրկէսը ազատ արձակեց, քանի որ յանցագործութեան տարր չկար: Մենք դիմած ենք դատախազութիւն, մշակոյթի նախարարութիւն, պատասխանի կը սպասենք...», – խոստովանած է բժիշկ Դալլաքեանի օգնական Քաթիա Կարպենկոն:
Պատմութեան սկիզբը
Դալլաքեան կենդանիներու ապաստարանը հիմնած է Ժորիկ անունով վագրին հետ պատահած դէպքէն ետք : Ան բազմաթիւ այլ կենդանիներու հետ շրջիկ կենդանաբանական այգիի զոհ դարձած է:
Օր մը երեկոյեան Սուերդլովսկի շրջանի անասնաբոյժներէն մէկը զանգած է Կարէնին ու ըսած, որ իր մօտ 42 աստիճան ջերմութեամբ եւ այտուցուած մռութով վագր բերած են: Կենդանին 5 ամսական եղած է, դնչին վրայ` մեծ վէրք, որմէ դիակի հոտ փչած է, ծնօտը` ոլորուած, բորբոքումը հասած եղած է ոսկրային հիւսուածքներուն: Պարզուած է` Ժորիկը դունչը ծակած է հաւի ոսկորով, որ կերակրած են զինք : Տեղի անասնաբոյժը չէ հասկցած խնդիրը ու հանած է ատամը` աւելի բարդացնելով կենդանիի վիճակը: Կարէնն առաջին օգնութիւն ցոյց տուած է, հակապիոտիկ ներարկած ու տուն գացած, բայց չէ կրցած քնանալ: Լոյսը բացուելուն պէս սկսած է շրջիլ խանութներով` այծի կաթ գտնելու համար:
«Ժորիկի բուժումը կէս տարի տեւեց: Ան դունչէն կը պոկէր վիրակապերը, ջարդուփշուր կ’ընէր կահոյքը, կը պոկէր պաստառները: Կը յարձակէր իր փրկիչին վրայ, բայց ամէն ընթացակարգէ յետոյ վիճակը կը լաւնար: Եւ օր մը հերթական վիրահատութենէն յետոյ լսուեցաւ. «մը՜ռռ–ա–ա»: Վագրերը այդպէս կը դիմեն մօրը: Ատկէ յետոյ ան արդէն կը քնանար Կարէնի կողքը: Անոնք միասին կը նախաճաշէին, զբօսանքի կ’երթային ու թերթ կը կարդային», – նշուած է յօդուածին մէջ:
Կարէնը որոշեց վերադարձնել Ժորիկը, զանգահարեց կենդանաբանական այգիի տէրերուն: Անոնք եկան, տեսան վագրի վիրաւոր դէմքն ու ըսին. «այսպէս մարդոց ցոյց տալ չի կարելի, մենք զինք կը վերցնենք կէս տարի յետոյ կաշիին համար»:
Կարէնը զայրացաւ. երկու անգամ փրկած էր կենդանին, իսկ իրեն այդպիսի բան կ’ըսէին: Ժորիկի համար 150 հազար կ’ուզէին: Իսկ այդքան գումար Կարէնը չունէր: Այդ ժամանակ ան դիմեց Չելեաբինսկի բնակիչներուն, պատմեց վագրի պատմութիւնն ու խնդրեց փրկել անոր:
«Մարդիկ արձագանքեցին, նոյնիսկ պահանջուածէն շատ գումար ուղարկեցին: Այն, ինչ մնաց, ծախսուեցաւ միւս կենդանիներու բուժման վրայ: Իսկ մեր վագրը որոշակի ժամանակ անց տեղափոխուեցաւ տայգա, «Утес» վայրի կենդանիներու վերականգնողական կեդրոն: Այնտեղ ան հսկայական տարածք ունի, օդը մաքուր է, իսկ հարեւանութեամբ ալ եւս ամուրեան վագր մը կայ, – պատմած է Կարէնը:
Անասնաբոյժն ամէն կենդանիի մէջ հոգի, սէր ու ջերմութիւն կը դնէ: Ծնունդով Երեւանէն է, հայրը մետաղագործ է, մայրը` կենսաբան: Երբ ան փոքր էր, հանգստեան օրերը կ’անցնէր կենդանաբանական այգիին մէջ: Այդ պատճառով ալ, երբ չընդունուեցաւ բժշկական համալսարան, առանց վարանելու մեկնեցաւ Վոլոգդա` անասնաբոյժի մասնագիտութիւն ստանալու համար: Փորձնական շրջանը անցաւ 1991 թուականին Երեւանի կենդանաբանական այգիին մէջ, սակայն յետագային դարձեալ տեղափոխուեցաւ Չելեաբինսկ: