Մարիաննա Փայտյան, Sputnik Արմենիա
Հայ ընտանիքէն ներս երեխային հանդէպ առանձնայատուկ վերաբերմունք, հոգատարութիւն կայ: Մեր հասարակութիւնը երեխայապաշտ է: Բնականաբար, ինչպէս ամէն հարցի մէջ, այստեղ եւս շեղումներ ու բացառութիւններ կ’ըլլան:
Ըստ ՀՀ Ոստիկանութեան տուեալներուն` 2016 թուականի ընթացքին գրանցուած է անչափահասներու նկատմամբ սեռական բռնութեան 80 դէպք, 2017-ին` 71, 2018-ին` 50 դէպք: Այս տարուան առաջին եռամսեակին գրանցուած է 14 դէպք, որ 5-ով պակաս է 2018-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ:
«Ես որդեգրուած երեխայ եմ: Այն կինը, որ ինծի համար մայր պիտի դառնար, ամուսնացած չէր, կ’ապրէինք երկուքով: Ինծի ամէն կերպ կը զրկէր արտաքին աշխարհի հետ շփումներէն, որպէսզի յանկարծ չիմանան, որ ես որդեգրուած եմ»,- կը պատմէ 42-ամեայ Աննան (անունը փոխուած է): Ան կը յիշէ, որ մանկութեան տարիներուն անգամ ընկերներ չունէր: Իրենց տուն յաճախ հիւր կու գար իրեն որդեգրած կնոջ եղբայրը, ան կու գար օրուան այն ժամուն, երբ քոյրն աշխատանքէն տուն վերադարձած կ’ըլլար: Անգամ մը ան խախտեց այցելութեան սովորական ժամը:
«Դուռը թակեցին, մօտեցայ, հարցուցի` ո՞վ է. ինծի թոյլատրուած էր դուռը բանալ միայն հարազատներու համար: Ներս հրաւիրեցի զինք, սովորականի նման գրկեցի, համբուրեցի»,- կը յիշէ Աննան: Պատմութեան այս հատուածին Աննան կը սկսի աւելի դանդաղ ու երբեմն չկապակցուած խօսիլ. ծանր շնչառութիւնն աւելի յաճախ կը սկսի ընդհատել խօսքը:
«Ինծի նստեցուց կողքին ու սկսաւ շոյել, սկիզբը ատիկա ինծի բնական կը թուէր, յետոյ շոյանքներն աւելցան, ան սկսաւ ձեռք տալ մարմնիս տարբեր հատուածներուն, ես սկսայ ընդդիմանալ, իսկ ան կը շարունակէր շոյել այնտեղ, ուր չի կարելի: Ես սկսայ դիմադրել, ձեւով մը ազատեցայ անոր ձեռքերէն»,- երեսուներկու տարի անց ալ պատմութիւնը կը ստիպէ վերապրիլ այդ օրն ու յետագայ ութ տարիներուն ընթացքին զգացած վախը: Այն կինը, որ Աննային համար մայր պիտի դառնար, աշխարհի երեսին եղած ամէն ինչի համար կը մեղադրէր Աննային, հետեւաբար յուսալ, որ եղբօր ըրածը կը պատմէ, ու կինը կը հաւատայ զինք, զերոյին հաւասար էր: Անգամ մը փորձեց, բայց ատկէ լաւ բան դուրս չեկաւ: Ստիպուած շարունակեց ապրիլ «բանտ»ի մէջ` ամէն անգամ սարսռալով խորթ մօր եղբօր հետ հանդիպումէն:
«Տասնութ տարեկանիս ես փախայ. չամուսնացայ, այլ փախուստի դիմեցի ներկայիս ամուսնուս հետ: Միգուցէ ջուրէն դուրս եկայ, ջրհորն ինկայ, բայց այդ տունէն, այդ մարդէն փախայ»,- դողացող ձայնով կ’եզրափակէ պատմութիւնը:
Հոգեբան Միհրդատ Մադաթեան կ’ըսէ, որ սեռական բռնութիւնը հոգեբանական ճնշում է, որն ամբողջ կեանքին մէջ հետեւանք կ’ունենայ: Այն յաղթահարելու համար մասնագիտական օգնութիւն պէտք է:
«Չնայած վերջին 1 տարին քրէական գործերու թիւը նուազած է, սակայն պէտք է յիշել, որ պաշտօնական վիճակագրութիւնը չարտայայտեր իրական պատկերը, քանի որ սեռական յանցագործութիւններն ունին բարձր գաղտնիութիւն»,- կ’ըսէ իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան փորձագէտ Դաւիթ Թումասեան: Ըստ անոր` պատճառները տարբեր են: Երեխաները կամ ալ անոնց ծնողները միշտ չէ, որ կը բարձրաձայնեն իրենց հետ կատարուածին մասին` կը վախնան, ամօթ է, չեն գիտեր` ինչ ընել, տուժողը մեղաւոր կը զգայ իրեն հանդէպ կատարուածին համար եւ այլն:
Մադաթեան կ’ըսէ, որ միգուցէ իրաւապահներուն ծնողները կը խուսափին դիմելու, բայց հոգեբանական աջակցութիւն ստանալու համար սովորաբար կը դիմեն` հաշուի առնելով, որ ատիկա բժշկական գաղտնիք է, չի յայտարարուիր:
«Ըստ վիճակագրութեան, աւելի յաճախ սեռական բռնութեան կ’ենթարկուին 12-14 տարեկան երեխաները: Համոզուած չեմ, որ սեռական բռնութիւնը մեծ տոկոս կը կազմէ մեր երկրին մէջ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ անհանգստանալու առիթ չկայ, փոքր տոկոսի համար ալ պիտի անհանգստանանք, բայց լուրջ, համազգային տագնապ հնչեցնելու պատճառ չեմ տեսներ»,- կ’ըսէ հոգեբանը:
Ըստ Թումասեանի` վտանգաւոր է 13-15 տարեկան տարիքային խումբը, այդ տարիքի երեխաները կը կազմեն սեռական բռնութեան ենթարկուած երեխաներու համարեայ կէսը: Իսկ սեռական բռնութեան ենթարկուած երեխայի նուազագոյն տարիքը 4-ը եղած է:
Դաւիթ Թումասեան, վերլուծելով վերջին 5 տարուան ընթացքին ՀՀ-ի մէջ երեխաներու հանդէպ կատարուած սեռական յանցագործութիւնները, կ’ըսէ, որ բռնարարներու տարիքը կը տատանուի 15-86–ի սահմաններուն, սակայն ամենամեծ թիւը կը կազմեն 20-էն 40 տարեկանները: Անոնք մեծամասամբ հարեւաններ են, ծանօթներ, համագիւղացի, համադասարանցի, ազգականներ, խորթ հայր եւ այլն, ցաւօք սրտի, նաեւ ընտանիքի անդամի կողմէ սեռական բռնութեան դէպքեր գրանցուած են:
«Սեռական բռնութեան ճգնաժամային կեդրոն» ՀԿ նախագահ Տաթեւիկ Աղաբեկեան կ’ըսէ, որ առանձնացնել որեւէ խումբ ու միջավայր եւ ըսել, որ բռնութեան դէպքեր միայն այդտեղ առկայ են, հնարաւոր չէ: Գրեթէ բոլոր դէպքերուն ալ բռնարարի բնութագրումները նոյնը եղած են․
«Գրեթէ միշտ ան ընտանիքին լաւ ծանօթ մէկն է` հարեւան, բարեկամ, մտերիմ մէկը, որուն երեխան կը ճանչնայ, որ գիտէ ընտանիքին սովորութիւնները, օրինակ, անոնք երբ տունը չեն ըլլար, ուր կ’երթան, որուն երեխան կը վստահի եւ որն այնքան լաւ կը ճանչնայ երեխային, որ գիտէ անոր ինչպէս վախցնել, որպէսզի կատարուածին մասին ան լռէ»,- կ’ըսէ Աղաբեկեան:
Ըստ Աղաբեկեանի, երեխաներուն հանդէպ սեռական բռնութեան դէպքերուն մէկ մասը կը բացայայտուի յղիութեամբ, ան կը յիշէ ատոնցմէ մէկը․«դպրոցի բուժքոյրն ու ուսուցիչը կը սկսին կասկածիլ, որովհետեւ 14-ամեայ աշակերտուհին անսովոր գիրացած է, անոր մօտ նաեւ որոշակի մարմնական փոփոխութիւններ կը նկատեն, որ բնորոշ է յղիներուն: Բուժքոյրը հոգատարութեամբ երեխային կը զննէ, անգամ արեան քննութիւն կը կատարէ, ի վերջոյ, իրենց կասկածներուն մասին կը տեղեկացնեն աղջկան աւագ քրոջը»: Հիւանդանոցին մէջ հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ աշակերտուհին արդէն 24 ամսական յղի է: Կը պարզուի, որ անոր բռնաբարած է հարեւանը, որուն ընտանիքը լաւ կը ճանչնայ:
Հոգեբան Մադաթեան կ’ըսէ, որ այս հարցով կարեւոր է երեխաներուն սեռական դաստիարակութիւնը, բայց պէտք է հասկնալ, թէ որ տարիքին երեխային հետ ինչի մասին խօսիլ, ինչ սորվեցնել: Օրինակ` 3-4 տարեկանին սեռակողմնորոշման փուլն է, երբ երեխաները կը հասկնան, որ աղջիկներն ու տղաները տարբեր պէտքարաններէ պիտի օգտուին եւ այլն: Անոր կարծիքով այդ տարիքին, օրինակ, տեսողական նիւթերով փորձել երեխաներուն ինչ-որ բան սորվեցնել, չի կարելի, որովհետեւ այդ տարիքին երեխաները դեռ Ձմեռ պապիկին կը հաւատան, կը կարծեն, որ իրենց արագիլը բերած է եւ այլն:
Հետզհետէ տարիքին զուգընթաց թեմաներն ալ պիտի փոխուին: 12-էն արդէն երեխաներուն հետ պէտք է խօսիլ աւելի լուրջ թեմաներով, բացատրել անոնց:
«Այնպէս չէ, որ հին ժամանակ սեռադաստիարակութիւն չէ եղած, մեր ծնողներն ալ ատիկա ըրած են, մէկը լաւ, մէկը վատ, բայց եղած է»,- կ’ըսէ հոգեբանը:
Ըստ անոր` երեխաներուն նկատմամբ իրականացուող սեռական բռնութեան դէմ պայքարելու համար համալիր մօտեցում պէտք է, բնականաբար, այս հարցով կարեւոր է սեռադաստիարակութիւնը, որ պէտք է ըլլայ պետական մակարդակի վրայ` խորհրդակցելով հոգեբաններու, ընկերաբաններու հետ:
«Երեխաներուն սեռական յանցագործութիւններէն պաշտպանելու համար պէտք է իրականացուի հետեւողական եւ նպատակաուղղուած աշխատանք, որ պէտք է կատարուի ինչպէս ընտանիքէն ներս, այնպէս ալ դպրոցին եւ այլ հաստատութիւններու մէջ, ուր կը գտնուի երեխան»,- կ’ըսէ Թումասեան ու կ’աւելցնէ, որ կարեւոր է վերահսկել երեխայի առօրեան, մասնաւորապէս` համացանցի վրայ շփումները:
Ան կարեւոր կը նկատէ այն հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքը, որոնք իրենց ծրագիրներով կրնան ապահովել այն բացը, որ պետութիւնը ի վիճակի չէ լուծել այդ պահուն, օրինակ` ընկերային աջակցութեան տրամադրումը:
Ի դէպ, ոստիկանութեան Կեդրոնի տարածքային բաժինին մէջ շուտով կը բացուի սեռական բռնութեան ենթարկուածներու հետ տարուող աշխատանքներու յատուկ սենեակ, ուր աշխատանքներ կը տարուին ոչ միայն անչափահասներու, այլեւ սեռական բռնութեան ենթարկուած կանանց հետ: