ԵՐԵՒԱՆ, 23 ապրիլի – Sputnik. Հայկական կողմը պէտք է հասնի Արցախի հարցով ձեռնտու բանաձեւերու ընդունման, բայց հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ատոնք առանցքային դերակատարութիւն չեն ունենար:
Այս մասին Sputnik Արմենիային ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան:
Անոր խօսքով` իրական բանակցութիւնները փաստացի ընդհատուած են 2016 թուականի ապրիլին: Ատկէ յետոյ լիարժէք բանակցութիւններու մասին խօսք չկայ:
«Կարելի է ըսել , որ 2016-ի ապրիլէն ետք բանակցութիւններ ընդհանրապէս չեն եղած: Բանակցութիւնները սկսելու մասին բանակցութիւններ եղած են», - ըսաւ Յարութիւնեան:
Հայկական կողմը հէնց այնպէս չէր պնդեր, որ միջադէպերու հետաքննման մեքենականութիւններ ներդրուին․ հայկական կողմին պէտք չէ յարձակիլ, պէտք չէ պատերազմ, ան ընդգծեց, որ Հայաստան իր հարցերը լուծած է:
Մեկնաբանելով հրադադարի կարգի խախտման միջազգային հանրութեան արձագանքը` Յարութիւնեան նշեց, որ այն միշտ չէ, որ առարկայական է ու ատոր պէտք է հանգիստ վերաբերիլ:
Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը բանաձեւեր ընդունած է, որոնք չեն համապատասխանած հայկական կողմի շահերուն, բայց ատոնք անվերապահօրէն չեն ընդունուած:
«Եթէ յանկարծ վաղը որոշում կայացնեն, որ Արցախը պէտք է յանձնել, կը յանձնե՞նք: Ի հարկէ ոչ», - ըսաւ Յարութիւնեան:
Ան աւելցուց, որ պէտք է լոպիստական աշխատանքներ իրականացնել միջազգային հարթակներու վրայ, սակայն միշտ չէ, որ ընդունուած բանաձեւերը հայկական կողմի շահերէն պիտի բխին․ Ատրպէյճանը նոյնպէս քնացած չէ:
Ինչ կը վերաբերի բանակցութիւններուն, ապա ատոնց մասնակցելու պատրաստակամութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ փոխզիջումներու երթալու պատրաստակամութեան:
«Զիջումները կրնան ըլլալ միայն այն ծիրին մէջ, որ չի վնասեր գլխաւոր նպատակին` Արցախի կարգավիճակին: Եթէ բանակցութիւններուն միջոցով չի կարելի Արցախի անկախութեան հասնիլ, ապա ատոնք անիմաստ կը դառնան», - նշեց Յարութիւնեան:
Ինչ կը վերաբերի համանախագահ երկիրներուն` անոնք միանշանակ ոչ մէկուն կողմէն կ’ըլլան, հակառակ պարագային անոնք կը դադրին միջնորդ ըլլալէ:
Աւելին, անոր խօսքով, համանախագահ երկիրներու շահերը տարածաշրջանին մէջ չեն համընկնիր: Երբ կը խօսին ղարաբաղեան խնդրին ընդհանուր մօտեցման մասին, ապա կ’ենթադրեն ոչ թէ խնդրի լուծման մէկ սենար, այլ որ կարգաւորումը դեռ հեռու է:
«Ո՛չ ԱՄՆ-ն, ո՛չ Ռուսաստանը չեն կրնար լուծել հակամարտութիւնը` հաշուի առնելով սեփական շահերը: Չնայած, որ Մոսկուան աւելի շատ շահագրգռուած է ու տարածաշրջանին աւելի մօտ է», - ըսաւ Յարութիւնեան:
Այս փուլին մէջ կողմերը դժուարութեամբ, բայց հասած են պայմանաւորուածութեան` վստահութիւն հաստատելուն ուղղուած միջոցներու իրականացման վերաբերեալ:
Ամփոփելով` Յարութիւնեան յիշեցուց, որ նախապէս ատրպէյճանական կողմը բազմիցս հրաժարած է ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն` սկսած 1994 թուականին հրադադարի ստորագրման պահէն: