Եարմութ քաղաքին մէջ պիտի զետեղուի Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանը

Քորնինկ, որպէս բուժքոյր նախ կայք հաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Երեւանի մօտերը, հարիւր հազարաւոր գաղթականներու կողքին, որոնցմէ շատերը վարակիչ հիւանդութիւններէ կը տառապէին:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 23 ապրիլի–Sputnik. Մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալած գանատացի բուժքոյր Սառա Քորնինկի նուիրուած ձեռնարկներու մեկնարկը կը նախատեսուի այս տարուան Սեպտեմբերին, գանատական Նովա Սքոչիա նահանգի Եարմութ քաղաքին մէջ, որ նաեւ Սառա Քորնինկի ծննդավայրն է: Այս մասին կը հաղրոդէ «Հորիզոն»-ը:

Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ

Բացումը տեղի պիտի ունենայ 14 Սեպտեմբերին: Այդ առթիւ հոն պիտի զետեղուի Սառա Քորնինկի պրոնզէ քանդակը, որուն հեղինակն է գանատահայ նկարիչ եւ քանդակագործ Կարէն Պետրոսեան:

Սառա Քորնինկ 1919-ին, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէի (Near East Relief) կողմէ ուղարկուած էր Միջին Արեւելք՝ օժանդակելու հազարաւոր յոյն, հայ եւ ասորի գաղթականներու: Քորնինկ իր կեանքը վտանգելու գնով փրկած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբեր:

Եարմութ քաղաքին մէջ պիտի զետեղուի Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանը

Որպէս բուժքոյր, Սառա նախ կայք հաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Երեւանի մօտերը, հարիւր հազարաւոր գաղթականներու կողքին, որոնցմէ շատերը վարակիչ հիւանդութիւններէ կը տառապէին:

Բրիտանացիները հայկական ելակով թէյ կը խմեն․ Բիւրականի «Քաղցր տնակը»` զբօսաշրջային կեդրոն

Քորնինկ մահացած է իր ծննդավայր Եարմութի մէջ, 1969-ին, 97 տարեկանին:

Քորնինկի գործունէութիւնը առաւել եւս հանրածանօթ դարձնելու նպատակաւ 2016-ին ստեղծուեցաւ «Սառա Քորնինկ» կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ 2011-ին Թորոնթոյի Ցեղասպանութեանց Ուսմանց կեդրոնը անուանակոչուեցաւ Սառա Քորնինկի անուամբ:

2017-ին Սառա Քորնինկ արժանացած է Թորոնթոյի հայ համայնքին կողմէ Outstanding Canadian Award-ին: