Սուրիոյ մէջ վիրաւորուած հայ սակրաւորը տեղափոխած են Երեւան

Սուրիոյ մէջ վիրաւորուած հայ սակրաւորը Մոսկուա տեղափոխուելէ ետք կրկնակի վիրահատութեան ենթարկուած է:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 19 ապրիլի — Sputnik. Սուրիոյ մէջ  ականային պատահարէ տուժած հայ սակրաւորն արդէն Հայաստան տեղափոխուած է: Այս մասին Sputnik Արմենիային ըսաւ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ –ի Հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեանը:

Փարիզի Աստուածամօր տաճարին հրդեհին առիթով՝ Էվընզ կը յիշէ հայկական եկեղեցիներու կորուստը

Մոսկուա տեղափոխուելէ յետոյ հայ սակրաւորը կրկնակի վիրահատութեան  ենթարկուած է, ապաքինուած ու վերադարձած է Երեւան:

«Հիմա ան կը գտնուի իր տան մէջ: Առողջական վիճակը բաւարար է, վէրքը լաւնալէ  ետք կազմողական վիրահատութեան պիտի ենթարկուի»,–ըսաւ Էլբակեան:

Յիշեցնենք, որ մարտ 7-ին Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնելու ընթացքին ականային պատահար  տեղի ունեցած էր, որուն հետեւանքով հայ մասնագէտներու խումբի սակրաւորներէն մէկն աջ ոտնաթաթի վնասուածք  ստացած է:

«Գաղտնի» ճաշատեսակ եւ զարմացած ատրպէյճանցիները. հայ խոհարարներն ի՞նչ բերած են Տաղստանէն

Պատահարին պատճառ  դարձած էր փլաստիկէ իրանով ծուղակ ականը: Հայ սակրաւորի աջ ոտնաթաթն անդամահատուած էր:

Յիշեցնենք նաեւ, որ փետրուար 8–ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ 83 հոգիէ բաղկացած մասնագէտներու խումբը Հայաստանէն մեկնած է Սուրիա:

Խումբի կազմին մէջ ներգրաւուած են մարդասիրական ականազերծման մասնագէտներ, բժշկական անձնակազմ եւ մասնագէտներու անվտանգութիւնն ապահովող զօրախումբ: