ԵՐԵՒԱՆ, 16 ապրիլի – Sputnik. «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Համազասպ Դանիէլեան այսօր ԱԺ–ին մէջ իր ընդդիմադիր գործընկերներուն մեղադրեց ամբոխահաճութեան մէջ:
«Ժողովուրդին անունէն հանդէս գալն աւանդոյթ դարձած է: Մենք կը լսենք ելոյթներ Նաիրա Զոհրաբեանէն` զոմպիներու մասին, ԲՀԿ-ի մասին, որ դէմ եղած է նախկինին: Լու՞րջ կ’ըսէք: Այն մասին, թէ ով աւելի մօտ է ժողովուրդին: Դարձեալ կը կրկնեմ` լու՞րջ կ’ըսէք,- ըսաւ պատգամաւորը:
Անոր այս արտայայտութիւնը բուռն արձագանքեց ընդդիմութիւնը, բայց իրենց տեղէն հնչած գոռոցներէն բացի, ընդդիմութիւնը պատասխանեց նաեւ ամպիոնէն հնչեցուցած պատասխաններով:
Նախ` նիստը վարող ԲՀԿ անդամ Վահէ Էնֆիաջեան յայտարարեց, որ պատգամաւորն իրաւունք ունի խօսելու ժողովուրդի անունով, քանի որ ան է ժողովուրդին ձայնը խորհրդարան բերողը:
Անոր գործընկեր Նաիրա Զոհրաբեանն ալ ամպիոնէն դիմեց հէնց Համազասպ Դանիէլեանին:
«Համազասպ, քիչ մը զուսպ եղէք: Այն, ինչ ըրած է ԲՀԿ-ն, երեւի թէ ձեր քաղաքական շատ փոքր կենսագրութիւնը թոյլ չի տար յիշել ու հասկնալ: Քիչ մը համեստ եղէք, եթէ չըլլար Նիկոլ Փաշինեանը, Սասուն Միքայէլեանը, եթէ չըլլային այստեղ ներկայ մէկ-երկուքը, ես կ’ուզեմ հարցնել`ուր կ’ըլլար ձեր մեծամասնութիւնը: Հաստատ` ոչ այս դահլիճին մէջ»,- ըսաւ Զոհրաբեան` իր իշխանական գործընկերներուն խորհուրդ տալով պարտական ըլլալ Փաշինեանին ու միւսներուն ԱԺ դահլիճին մէջ նստած ըլլալնուն համար:
«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանն ալ «Իմ քայլը» դաշինքի այսօրուան պատգամաւորներուն յիշեցուց իրենց քաղաքական առաջնորդի պատգամաւորական գործունէութենէն հատուած մը:
«Ես ու Նիկոլ Փաշինեան տարիներ առաջ պատգամաւորի` ՔԿՀ մուտք գործելու մասին նախագիծ բերած ենք, որ մերժուած էր այն ժամանակուան իշխանութեան կողմէ: Հիմա նոյն այդ նախագիծը բերած ենք, կ’ըսէք` ամբոխահաճութիւն է»,- ըսաւ Մարուքեան,- հատ մը քաղաքական յետագիծ ունեցէք, հատ մը նայէք, տեսէք` ով ինչ ըսած է ժամանակին , նոր բան մը ըսէք: Քիչ մը կարդացէք, սորվեցէք»,- ըսաւ Մարուքեան` արժանանալով գործընկերներու ծափերուն:
Մարուքեան քաղաքական մեծամասնութեան յիշեցուց նաեւ, որ 88 մանտադ ունին ու որ Հայաստանի մէջ չկայ ուժ մը, որ կը կարենայ խոչընդոտել իշխանութեան աշխատանքը:
«Երբ վերջապէս դուրս պիտի գաք յեղափոխութիւն-հակայեղափոխութիւն վիճակէն»,- ըսաւ Մարուքեան:
Պատգամաւորը նշեց` յեղափոխութիւնը եղած, աւարտուած է, գործ ընելու ժամանակն է: