Հայուհին ԱՄՆ–ի մէջ դարձած է առաջինը. ինչպէս Տէր–Վարդանեանը նուաճած է ամերիկեան նաւատորմը

Համաշխարհային պատմութեան մէջ ականաւոր հայուհիներու բազմաթիւ անուններ գրուած են: Անոնցմէ մէկն Աննա Տէր–Վարդանեանն է: Ամերիկա հաստատուած գաղթականներու դուստրը յաջող աշխատանք ունեցած է ԱՄՆ–ի ռազմածովային նաւատորմին մէջ, այնուհետեւ` Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան մէջ: Բայց Տէր–Վարդանեանի երազանքներէն մէկն այդպէս ալ չէ իրականացած:
Sputnik

Սերգէյ Բաբլումեան

Կրնա՞ք պատկերացնել հայ մը, որ չէր ցանկար իր գործին մէջ ըլլալ  առաջինը: Ահա եւ Աննա Տէր–Վարդանեանը նոյնպէս ցանկացած  եւ դարձած է ԱՄՆ ռազմածովային ուժերու առաջին կին գերագոյն գլխաւոր աւագը:

Հայ բժիշկը Սուրիոյ մէջ ընդգրկուած է ականազերծում կատարող սակրաւորներու խումբին մէջ

Իսկ Գերագոյն գլխաւոր աւագը ԱՄՆ ռազմածովային ուժերուն մէջ զինծառայողներու համար նախատեսուած հնարաւոր բարձրագոյն կոչումն է (Master Chief Petty Officer): Որպէսզի աւելի հասկնալի ըլլայ, ըսենք` աւագը պատասխանատու է անձնակազմի ուսուցման, դաստիարակութեան, բարոյահոգեբանական վիճակի, տեխնիկական միջոցներու շահագործման, նաւային կարգախումբերու ծառայութեան, գոյքի պահպանման եւ անխափան վիճակի համար: Եւ սա դեռ ամէնը չէ: Բոլորովին ամէնը չէ:

Գուցէ Աննայէն առաջ ինչ–որ մէկը նոյնպէս ցանկացած է դառնալ առաջին կին աւագը, բայց... Թէպէտ պէտք է ըսել, որ Տէր–Վարդանեանի պարագային ալ բոլոր ցանկութիւնները չեն իրականացած:

Հայուհին ԱՄՆ–ի մէջ դարձած է առաջինը. ինչպէս Տէր–Վարդանեանը նուաճած է ամերիկեան նաւատորմը

«Ես հայ եմ, բայց երբեք չեմ այցելած հայրենիք: Յոյսով եմ, որ քանի մը անգամ կ՚իրագործեմ ծնողներուս երազանքը եւ Հայաստան կ՚երթամ», –ըսած է ան:

Բայց բախտ չէ  ունեցած:

Կը մեկնարկեն Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները

Չի կարելի ըսել, որ մեր հերոսուհին չէ փափաքած ամուսնանալ, այլապէս ինչու  քանի մը անգամ համաձայնած է նշանադրութեան, բայց առանց հարսանիքի եզրափակիչ ձեռնարկի:

Միւս կողմէն, արդարացի չըլլար Աննային միայնակ անուանել: Այո, ան երեխայ չէ ունեցած, բայց ունեցած է 35 զարմիկ ու զարմուհի, որոնց հետ հեշտութեամբ ընդհանուր լեզու  գտած է` հայերէն, ֆրանսերէն, երբեմն` սպաներէն, գերմաներէն եւ բնականաբար անգլերէն:

Հիմա անոր յաջողութիւն մասին:

««Ռոզի տը Ռիւթրում»(Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի կերպարներէն է: Կը մարմնաւորէ այն կանանց, որոնք Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն կ՚աշխատէին գործարաններու եւ նաւարաններու մէջ, որպէսզի զօրքերուն ռազմամթերք մատակարարէին. խմբ.) աշխատանքի չանցայ: Ես աւելի աշխոյժ բան կը փնտռէի», – ըսած է Աննան:

Ռազմածովային նաւատորմի աւագէն աւելի աշխոյժ բան կը պատկերացնէ՞ք: Այն ալ Երկրորդ համաշխահային պատերազմի շրջանին:

«Թաքցուած խաչ» ֆիլմը կը պատմէ 1915-ին ու ատկէ ետք Էղիլի մէջ ապրած հայերու ճակատագրին մասին

Այստեղ արդէն աւելի մանրամասն պատմենք հայուհիին մասին: Ան ծնած է 1920թ–ին Տիթրոյտ (Միշիկըն նահանգ), հայ գաղթականներու ընտանիքի մէջ: Ուսանած է Տիթրոյտի գործարարութեան համալսարանը եւ միաժամանակ Կանանց օդային օժանդակ մարմնին մէջ:  Պատերազմը սկսած է: Տէր–Վարդանեան զօրակոչուած է կամաւորական ծառայութեան:

Ի դէպ, մեր հերոսուհիի ընտանիքէն ներս ռազմական գործով զբաղուիլը սովորական երեւոյթ եղած է. քոյրը ծառայած է ԱՄՆ–ի ռազմածովային նաւատորմին մէջ, եղբայրը` Խաղաղ ովկիանոսի շրջանի զինուած ուժերուն մէջ, մայրը նոյնպէս փորձած է անցնիլ նաւատորմային ծառայութեան, սակայն ընտանեկան հանգամանքներէն ելլելով` մնացած է աշխատելու Կարմիր խաչի կոմիտէին մէջ:

Արցախի Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն համայնքին մէջ յայտնաբերուած են նորայայտ խաչքարեր

Վերադառնանք Աննային եւ անոր ծառայողական առաջընթացին: «Е-7» կոչումը ստացած է Սան Ֆրանսիսքոյի ռազմածովային կեդրոնին մէջ, «Е-8» կոչումը (ՌԾՈՒ աւագ)` Նիւ Ճըրսիի մէջ: Յետոյ յաջորդած է «Е-9»–ը, որմէ յետոյ մտած է ԱՄՆ–ի պատմութեան մէջ` դառնալով առաջին եւ վերջին կինը, որ արժանացած է ՌԾՈՒ բարձրագոյն կարգի սպայի կոչման:

Չեմ գիտեր, թէ ինչպիսի ընթացք կ՚ունենար գործը միւս նաւատորմերուն մէջ, բայց ամերիկեանի մէջ Աննան ստիպած է կոտրել այն կարծրատիպը, թէ կնոջ ներկայութիւնը նաւի վրայ վատ նշան է:

Չէ՞ որ անցեալին կանանց թոյլ չեն տուած բարձրանալ նաւ: Անոր, որ կը համարձակէր խախտել այդ կանոնը, միանգամէն մահապատիժի կ՚ենթարկէին: Կը համարուէր, որ նաւն արդէն  կին մըն է: Բոլոր նաւերը կոչուած են կանանց անուններով, իսկ նաւի առաջամասին վրայ միշտ եղած է կիսամերկ աղջկայ արձան:

Իրանի քանդակագործութեան մայրը. ինչպէս Լիլիթ Տէրեանը գրաւեց Թեհրանը

Նաւաստիներու կարծիքով` ծովը կրնար հանդուրժել մէկ կնոջ (նաւի) ներկայութիւնը, իսկ ահա եւս մէկ իրական կնոջ ներկայութիւնը կը յանգեցնէր նաւաբեկութեան: Հետաքրքիր է, որ նման սնահաւատութիւն եղած է ոչ միայն ծովահէններու շարքին մէջ: Դանիոյ մէջ 1562թ–ին հրաման  արձակուած է. «Կանայք եւ խոզերը տեղ չունին նաւի վրայ: Եթէ նման բան յայտնաբերուի, անմիջապէս դուրս նետել»:

Փառք Աստուծոյ, մեր Աննան ապրած եւ ծառայած է ոչ միջնադարեան Դանիոյ մէջ:

1963թ–ին ան կը հեռանայ նաւի անձնակազմէն, բայց կրկին չերթար «Ռոզի տը Ռիւթր», այլ, կարելի է ըսել, կը դառնայ մեր մարդը Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան մէջ: Սկիզբը` կրտսեր, այնուհետեւ աւագ (ով կը կասկածէր) վերլուծաբան հակահետախուզութեան մասով:

Որովհետեւ կը սիրէ ծովը. նաւատորմերու ապագայ կին նաւապետը կ՚երազէ Հայաստան գալ

Տէր–Վարդանեանի կեանքի այդ էջերը չես թերթեր, բայց, եթէ դատենք անոր յաճախակի ուղեւորութիւններէն (Եգիպտոս, Թունիս եւ Ալժիր), ինչ–որ բան կարելի է հասկնալ: Իսկ եթէ ուշադիր նայինք մեր հերոսուհիի դէմքի բնորոշ դիմագիծերուն, ապա այդ կը դառնայ «ինչու» -ի պատասխանը:

Ահա թէ ինչ  ըսած է հէնց ան ԿՀՎ–ի մէջ  իր ծառայութեան մասին. «Ինծի համար հաճելի էր այնտեղ: Ես Մերձաւոր Արեւելքի գծով վերլուծաբան էի: Այսքանը»:

Մէկ այլ հարց, թէ որքանով  հաճելի եղած է Մերձաւոր Արեւելքին:

Աննան հետախուզութենէն հեռացած է 2007թ–ին 87 տարեկանին` տասնեակ շքանշաններ եւ մետալներ ստանալով մարտական վաստակի համար. Շրջապատս բոլորը չափազանց երիտասարդ էին, եւ ես մտածեցի, որ հեռանալու ժամանակն է»:

Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեւակերպման նրբագեղութեան. ոչ թէ ան  ծերացած է, այլ երիտասարդները շատցած են:

Ապրած է եւս չորս տարի եւ 90 տարեկանին խաղաղ հանգչած: Անոր հողին  յանձնած են Ուաշինկթընի  մօտ` Առլինկթընի գերեզմանատան մէջ: