Հայ բեմադրիչը Սուրիոյ մէջ XXI դարու բարբարոսներու մասին ֆիլմ կը նկարահանէ

Վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակ Վալտան Վանէսեան Սուրիոյ մէջ սկսած է ֆիլմ մը նկարահանել այն մասին, թէ ինչպէս ահաբեկիչները կը վերացնէին համաշխարհային մշակոյթի յուշարձանները:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 27 յունիսի — Sputnik. Հայաստանեան հեռուստաընկերութիւններէն մէկը սկսած է վաւերագրական ֆիլմ նկարահանել հնագոյն Փալմիրա քաղաքին մէջ եւ Սուրիոյ  շարք մը այլ շրջաններուն մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական կառոյցի գործած աւերածութիւններու մասին: Այս մասին կը յայտնէ Sana գործակալութիւնը:

Սթամպուլի նորընտիր քաղաքապետը հայ ճարտարապետի շնորհիւ իր ծննդավայրը նորովի բացայայտած է

Սենարիստն ու բեմադրիչը Վալտան Վանէսեանն է: Ըստ անոր` ֆիլմը պիտի ներկայացնէ, թէ ինչ  կատարուած է Փալմիրայի հնագիտական արժէք ներկայացնող կառոյցներու ահաբեկիչներու յարձակումէն յետոյ: Ֆիլմը պիտի օգնէ լայն հասարակութեան իմանալու ճշմարտութիւնն այդ ողբերգական իրադարձութիւններուն ու գրոհայիններու բարբարոսութեան մասին:

«Փալմիարան քաղաքակրթութեան դէմ որեւէ յարձակումի դիմակայութեան խորհրդանիշը կը մնայ», – նշած  է Վանէսեան:

Ֆիլմի հեղինակը կը կարծէ, որ Սուրիան ահռելի պատմական ու մշակութային ժառանգութիւն ունի ու անհրաժեշտ է փաստագրել բոլոր այն յանցագործութիւնները, որոնք կը կատարուին ընդդէմ համաշխարհային ժառանգութեան:

Եւս 500.000 քաղաքացի պիտի կրնայ սրտի անվճար վիրահատութենէ օգտուիլ. ովքեր են անոնք