Սթամպուլի նորընտիր քաղաքապետը հայ ճարտարապետի շնորհիւ իր ծննդավայրը նորովի բացայայտած է

Իմամօղլուն ըսած է, որ 1990-ական թուականներուն իր մերձաւոր շրջապատին մէջ հայ ճարտարապետ մը կար, որ լիովին փոխած է քաղաքներու ու շինութիւններու մասին իր պատկերացումները:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ. 26 յունիսի-Sputnik. Սթամպուլի նորընտիր քաղաքապետ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ԺՀԿ) առանցքային գործիչներէն Էքրեմ Իմամօղլուն նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ խօսած է իրեն համար նշանակալի դեր ունեցած հայ ճարտարապետի մասին:

«Ռուսական շուկան շատ մեծ է, ամէնէն շատ զբօսաշրջիկները Ռուսիայէն կու գան». Ապրեսեան

Հեռուստաեթերէն պատմելով այդ մասին` Իմամօղլուն  դրուագ մը ներկայացուցած է իր կեանքէն: Նշած է, որ 1990-ական թուականներուն իր մերձաւոր շրջապատին մէջ  հայ ճարտարապետ մը կար, որ լիովին փոխած է քաղաքներու ու շինութիւններու մասին իր պատկերացումները: Խօսքը Թուրքիոյ մէջ յայտնի հայզագի ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուի մասին է:

Նորընտիր քաղաքապետը վերյիշած է, թէ ինչպէս հայ ճարտարապետին հետ միասին շրջած է իր ծննդավայր Տրապիզոն քաղաքին մէջ: Իմամօղլուն առաջարկած է երթալ քաղաքէն դուրս եւ բնութեան մէջ զբօսնել, բայց հայ ճարտարապետը առարկած է` ըսելով որ Տրապիզոն քաղաքին մէջ  դիտարժան շատ վայրեր կան:

Իմամօղլուն զարմացած է, թէ Տրապիզոնի մէջ բացի կրաձոյլէ շէնքերէն ուրիշ ինչ կայ տեսնելու, բայց չէ առարկած եւ իր խօսքերով Զաքարիա ճարտարապետի ուղեկցութեամբ նորովի  բացայայտած է իր իսկ ծննդավայրը եւ ատկէ յետոյ սկսած է բոլորովին այլ աչքով նայիլ Տրապիզոնին: