Մալաթիոյ հայկական եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները դադրեցուած են

Տարիներ առաջ փլուած է անտարբերութեան մատնուած հայկական եկեղեցւոյ գմբէթը, իսկ եկեղեցին յայտնուած էր գանձագողերու թիրախին մէջ եւ թալանուած:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 7 յունիսի-Sputnik. «Alevinet» լրատուական կայքը «Մէկ առ մէկ կը ջնջուին հայ ժողովուրդի հետքերը» վերնագիրը կրող յօդուածին մէջ անդրադարձած է Մալաթիա գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն (Թաշհորան) հայկական եկեղեցւոյ նկատմամբ թրքական իշխանութիւններու անտեսուած  վերաբերմունքին: Այս մասին կը փոխանցէ «ermenihaber» կայքը:

Հայաստանի եւ Արցախի միասնականութեան վրայ ոչ ոք պիտի չկասկածի. Մնացականեան

Կայքը կը գրէ, որ «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի ծննդավայր Մալաթիոյ մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցիին` 2012-ին սկսած վերականգնման աշխատանքները կիսատ  մնացած են:

Կը նշուի, որ եկեղեցին անցած է Մալաթիոյ քաղաքապետարանի, Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան եւ Անշարժ գոյքի ազգային գլխաւոր վարչութեան վերահսկողութեան տակ: 5 տարի առաջ պատմական շէնքին յենած են մետաղական շինարարական սանդուխ եւ կիսատ ձգած են աշխատանքները:

Հայկական եկեղեցւոյ վերաբերեալ արձանագրութիւնները ժամանակի ընթացքին ջնջուած են եւ այդ իսկ պատճառով յայտնի չէ, թէ երբ եւ որուն կողմէ  այն կառուցուած է:

Տարիներ առաջ փլուած է անտարբերութեան մատնուած հայկական եկեղեցւոյ գմբէթը, իսկ եկեղեցին յայտնուած էր գանձագողերու թիրախին մէջ եւ թալանուած:

Եկեղեցւոյ վերականգնման շուրջ լուրերը ուրախացուցած էին հայութիւնը եւ թաղամասի բնակիչները:

Եան Կիլան արդէն Գիւմրիի պատուոգիր ունի. անոր նաեւ կ’ուղեկցի «Նարեկ»-ի զօրութիւնը

Թաղամասի բնակիչներու փոխանցմամբ` Սբ . Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերականգմամբ զբաղուող կազմակերպութիւնը դադրեցուցած է աշխատանքները չֆինանսաւորուելու պատճառով:

Անդրադառնալով մալաթիահայութեան, կ’ըսուի, որ 1970-ական թթ. Մալաթիոյ մէջ բազմաթիւ հայեր կ’ապրէին, սակայն այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած յարձակումներուն եւ 1980-ի ռազմական յեղաշրջումէն յետոյ վերջին հայ ընտանիքները ստիպուած կ’ըլլան հեռանալ քաղաքէն: