Հայաստանի եւ Արցախի միասնականութեան վրայ ոչ ոք պիտի չկասկածի. Մնացականեան

Հայկական երկու պետութիւններու ներքին քննարկումները կրնան շատ բաց եւ շատ սուր ըլլալ, բայց այդ սրութիւնը, ԱԳ նախարարի համոզմամբ, չի քայքայեր միասնականութիւնը:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 6 յունիսի — Sputnik. Հայաստանի եւ Արցախի միասնականութեան վրայ ոեւէ մէկը պէտք չէ կասկածի: Այսօր Աժ-ին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրաբ Մնացականեան:

«Մեր ներքին քննարկումները կրնան շատ բաց եւ շատ սուր ըլլալ, բայց եթէ ինչ-որ մէկը կ’ենթադրէ, որ այդ սրութիւնը կը քայքայէ մեր միասնականութիւնը, խորհուրդ կու տամ` չսխալիլ»,– ըսաւ ան:

Հայերու ստեղծած գլուխգործոցները Թուրքիոյ մէջ. ինչի՞ մասին զբօսաշրջիկներուն չեն պատմեր

Մնացականեան յիշեցուցած է, որ այդ միասնականութիւնը երկու հայկական պետութիւններու միջեւ արտայայտուած է 1991 թուականէն ի վեր, վերջին անգամ` 2016 թուականի ապրիլին:

Յիշեցնենք` ՀՀ վարչապետը յունիս 5-ին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած էր, որ ինք առաջինն է, որ  Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցած  է բանակցային գործընթացքի ներկայ վիճակն ու բոլոր բանակցային փաստաթուղթերը: Փաշինեան նաեւ շեշտած էր, որ իրեն համար անհասկնալի է, որ ատկէ յետոյ այդ սեղանին շուրջ ներկայ մարդիկ «տակէն կը հրահրեն»` Ֆէյսպուքի վրայ գրառումներ ընելով, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը հողեր կը ծախէ:

Փաշինեան յայտարարած էր, որ Արցախի մէջ դաւադիր ուժերն ու վտանգները կը կառավարուին ու արմատախիլ կ’ըլլան:

Նոյն օրը «Արցախպրես» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան պատասխանած էր Փաշինեանին` ըսելով. «Մեր ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը մեր միասնականութիւնն է, եւ անթոյլատրելի կը համարեմ այն խարխլելուն ուղղուած որեւէ  քայլ` ըլլայ ատիկա  Արցախի, Հայաստանի, թէ Սփիւռքի մէջ»:

Արցախի նախագահը վերահաստատած էր նախօրօք ըրած իր յայտարարութիւնն այն մասին, որ եթէ կան դաւադիրներ, անոնք պէտք է պատժուին: