Տոլմապահչէ պալատը
Շքեղ Տոլմապահչէ պալատը, որ Պոլսոյ կեդրոնին մէջ կը գտնուի ու քաղաքի գլխաւոր տեսարժան վայրը կը համարուի, Օսմանեան կայսրութեան գոհարը կ’անուանեն:
Թուրքիոյ ամենամեծ պալատը հեղինակաւոր ճարտարապետներու Պալեան ընտանիքի ներկայացուցիչներու աշխատանքն է:Նախագիծի հեղինակներն են` Կարապետ Ամիրա Պալեանն ու անոր աւագ որդին` Նիկողոս Պալեանը:
Պալատը 45 հազար քառակուսի մեթր տարածք ունի: Այն կը պարունակէ անհարթ (barocco), սեթեւեթեալ (rococo) ու (neolithic) նորաքարային ոճերու տարրեր:
Ներքին յարդարանքի համար 14 թոն ոսկի օգտագործուած է․ իսկ շինարարութեան ընդհանուր արժէքը գերազանցած է հինգ միլիոն ոսկի ֆունտ:
Տոլմապահչէն իրաւամբ Արեւելքի մեծագոյն շինութիւնը կ’անուանեն:
Օրթաքեոյ մզկիթը
Սա Պոլսոյ մէկ այլ` մեծ պահանջարկ ունեցող զբօսաժրջութեան ուղղութիւն է Պոսֆորի կամուրջի հարեւանութեամբ:
Հետաքրքրական է, որ այն աւելի շատ barocco ոճի փոքր պալատ կը յիշեցնէ, քան սովորական մզկիթի: Ի դէպ, մէկ այլ հայ հանճար` ծովանկարիչ Իւան Այվազովսկին անմահացուցած է Օրթաքեոյ մզկիթն իր կտաւներէն մէկուն մէջ:
Էտիրնէ քաղաքի Սելիմիէ մզկիթը
Անմիջապէս մզկիթին անցնելէն առաջ պէտք է նշել, որ հեղինակի` Միմար Սինանի ծագումը երկար ժամանակ վիճելի հարց էր: Ենթադրութիւններ կան, որ ան կիսով չափ հայ է, կիսով չափ` յոյն:
Վէճերուն վերջ տուաւ հետաքրքիր դէպք մը: Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն, թրքագէտ Ռուբէն Մելիքեան անգամ մը պատմեց, որ նախորդ դարու 40-ականներուն «գանգ չափողներու» շարժում մը սկսած էր:
«Այս մարդիկ կը բանային տարբեր անուանի մարդոց դամբարանները, որ գանգն ուսումնասիրելէ յետոյ ապացուցեն անոնց թրքական ծագումը», - ըսաւ Մելքոնեան:
Սինան Աղայի դամբարանը նոյնպէս բացած էին, որ ապացուցէին աշխարհին, որ մեծանուն ճարտարապետը զտարիւն թուրք է:
«Սակայն պարզուած է, որ ան արմէնոյտ ցեղին կը պատկանի: Ատկէ յետոյ որոշ ժամանակ գանգը թանգարանին մէջ կը պահուէր, իսկ յետոյ անհետացաւ: Հիմա Միմար Սինանի դամբարանին մէջ թաղուած է անոր մարմինն առանց գլխու», - նշեց թրքագէտը:
Վերադառնանք Սելիմիէ մզկիթին: Այն կառուցուած է Էտիրնէի մէջ 1569-1575 թուականներուն: Սինանն այն իր ստեղծագործութեան գագաթնակէտը կը համարէր: Մզկիթի ճարտարապետութիւնը կ’առանձնանայ իւրայատուկ ամբողջականութեամբ:
Սուլէյմանիէ մզկիթ
Հանճարեղ վարպետ Սինանի ստեղծագործութիւններէն՝ Սուլէյմանիէ մզկիթը, որուն մէջ հինգ հազար հաւատացեալ կը տեղաւորուի: Այն կառուցուած է 1550—1557 թուականներուն Սուլէյման I-ի հրամանով:
Բազում գիտնականներ կը կարծեն, որ Սուլէյմանիէն Սինանի լաւագոյն աշխատանքն է:
Սուլէյմանիէ մզկիթի նախագիծը հիմնուած է բիւզանական ճարտարապետութեան գլուխգործոցի` Սուրբ Սոֆիա տաճարի նախագիծին վրայ:
Մետրեսէ Ինճէ Մինարէ
Առաջին քարէ մետրեսէն 1251 թուականին կառուցած է ճարտարապետ Գալուստը, որ XIII դարու հայ ճարտարապետ էր: Լողաւազանով հսկայական բակը խաղաղութեան զգացողութիւն կու տայ: Բակի ծայրերուն ուսումնական շէնքեր են:
Ինճէ Մինարէն սելճուկեան ժամանակաշրջանի լաւագոյն ճարտարապետական յուշարձաններէն է:
Ճարտարապետութեան բոլոր այդ գլուխգործոցները Թուրքիոյ մասին պատմող զբօսաշրջութեան գրքոյկներուն մէջ առաջին էջերուն վրայ են, որոնց մէջ, սակայն, չի խօսուիր աշխատանքներու հանճարեղ հեղինակներուն մասին կամ կը խօսուի քիչ ու հպանցիկ, սակայն այդ կառոյցները փառք կը բերեն երկրին իրենց ստեղծման օրէն:
Աւելցնենք, որ 2014 թուականին ճարտարապետութեան թրքական թանգարանին մէջ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին հայ ճարտարապետներու կառուցած շէնքերու առցանց-ցուցահանդէս բացուած էր:
Ցուցադրութեան նկարագրութեան մէջ կը նշուէր․ «Հայ ճարտարապետները նշանակալի դերակատարութիւն ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ պալատներու ու պետական մարմիններու շէնքերու կառուցման հարցին մէջ»:
Թանգարանի կայքին մէջ ներկայացուած էր Պալեաններու տոհմը, նաեւ կը խօսուէր այն մասին, որ XVI դարուն օսմանեան գլխաւոր ճարտարապետ ու կառուցող հայ Միմար Սինանն էր, որուն կը համեմատեն Մայքլ Անճելոյի հետ ու կը ճանչնան որպէս օսմանեան ճարտարապետութեան դասական շրջանի մեծագոյն ճարտարապետ: