ԱՄՆ-ի մէջ հարիւրաւոր հայկական անձնագիրներով դրամատնային խարդախութիւններ եղած են

Խարդախութեան մասին գործով ութ մարդ կալանաւորուած է, եւս մէկը` 29-ամեայ Արտակ Օխոյեանը պատրաստ է յանձնուելու:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 3 յունիսի – Sputnik. Ամերիկեան իշխանութիւնն ութ մարդ  ձերբակալած է: Անոնք խարդախութեան ու հարիւրաւոր հայկական անձնագիրներու միջոցով Bank of America-էն ու Wells Fargo-էն 1,5 միլիոն տոլար գողցած են:

Վրաստանի մէջ տարաձայնութիւն կը հասունանայ Հայաստան եկող ճանապարհի պատճառով

Իշխանութիւնը կը փնտռէ այս գործով իններորդ մեղադրեալին:

ԱՄՆ-ի գաղթականներու  ու մաքսային մարմնի կատարած հետաքննութիւնը պարզած է, որ մեղադրեալները  վերցուցած էին այլ մարդոց իսկական հայկական անձնագիրները: Անոնք սեփական լուսանկարներով  փոխարինած էին անձնագիրներու նկարներն ու ատոնցմով 36 դրամատնային հաշիւներ բացած:

Քննութեան տուեալներուն համաձայն` մեղադրեալները, օգտագործելով բացթողումները, որոնք առկայ են դրամատուներու կանոններուն մէջ, մէկ հաշիւէն միւսին գումարներ կը  փոխանցէին ու յետոյ արագ կը հանէին Լաս Վէկասի եւ այլ վայրերու խաղատուներու դրա¬մա¬բաշխ սար¬քերէն՝ ATM-էն :

Մեղադրականին մէջ կը նշուի, ոչ մեղադրեալները 331 անձնագիր  կեղծած են Ամերիկայի դրամատունէն  1,5 միլիոն տոլար գողնալու համար: Անոնք  յաջողած են  1,12 միլիոն տոլար հանել տարբեր հաշիւներէ:

Ժընեւի մէջ ներկայացուած են սուրիահայ նկարիչ եւ քանդակագործ Ժան Պօղոսեանի աշխատանքները

Բացի այս գործէն, մեղադրեալներէն  երեքը կը  կասկածուին «Ուելս ֆարգոյի» գործով նոյնանման խարդախութիւն ընելու մէջ: Ատոր հետեւանքով «Ուելս ֆարգոն» մօտ 370 000 տոլար  կորսնցուցած էր:

Ձերբակալուածներուն մէջ են` Արա Մալխասեանը (48 տարեկան), Սմբատ Խեչումեանը (38 տարեկան), Սուետա Խեչումեանը (45 տարեկան, Խեչումեանի քոյրն է ու Մալխասեանի կինը), Յարութիւն Պետրոսեանցը (30 տարեկան), Արթուր Յարութիւնեանը (34 տարեկան), Խաչատուր Չօպանեանը (38 տարեկան), Ջիւան Հախնազարեանը (49 տարեկան) եւ Արման Գրիգորեանը (37 տարեկան):

Իններորդ մեղադրեալը` 29 –ամեայ Արտակ Օխոյեանն իր փաստաբանին միջոցով համաձայնած է  յանձնուիլ դաշնային իշխանութեան:

Նշենք, որ յանցաւոր համաձայնութեամբ դրամատնային խարդախութիւն ընելու համար օրէնքով սահմանուած առաւելագոյն պատիժը 30 տարի ազատազրկումն է: