Ուրախութեան փրոֆէսորն ու ծիծաղով բուժող Արմէն Խոստիկեանը

Ժողովրդական արուեստագէտ ու այդ կոչման բովանդակութեան լիովին համարժէք` հայրենակիցներու սէրը, յարգանքն ու ճանաչումը վայելող դերասան Արմէն Խոստիկեանի ծննդեան օրն է: Այո, մեր ու մեր ծնողներու, տատիկ-պապիկներու սիրելի դերասան Արմէն Խոստիկեանն այսօր կը բոլորէր 90-ամեակը:
Sputnik

Արմեն Հակոբյան, Sputnik Արմենիա

Դժուար է ըսել, թէ հայրենի թատրոնի բեմը, նաեւ սինեման  ինչպէս կը լրացնէր խոստիկեանական ուրոյն հմայքը, եթէ ինք` Արմէն Խոստիկեանը հեռաւոր 1947-ին շարունակէր ուսանիլ բժշկական համալսարանին մէջ: Ան, անկասկած, ամենասրտամօտ ու ամենակարեկից բժիշկը կ’ըլլար իր հիւանդներուն ու այցելուներուն համար: Ու դարձեալ` շատ սիրուած:

Կազմողական վիրաբուժութեան 1-ին փրոֆէսորը. ինչպէ՞ս հայ բժիշկը Հարվըրտի մէջ հռչակաւոր դարձաւ

Բայց, ինչպէս ժամանակակիցները կը յիշեն,  օր մը բժշկականի դասախօսութիւններէն մէկուն ժամանակ ուսանող Խոստիկեան վատ կը զգայ ֆորմալինի լուծոյթի դեղի հոտէն: Եւ, եթէ դասախօսը բարձրաձայն կը մտածէ, թէ անկէ բժիշկ դուրս չի գար, ընկերներէն մէկը աւելի բարձրաձայն կը նկատէ, որ Արմէնը արուեստագէտ է:

Պատմութեան անյայտ  մնացած է, թէ այդ ընկերը յետագային ինչ յաջողութիւններու հասած է բժշկութեան ասպարէզին մէջ, բայց ակներեւ է, որ Արմէն Խոստիկեանի վերաբերեալ «ախտորոշումը» առաւել քան դիպուկ  եղած է ու նաեւ` ցմահ:

Եւ Արմէն Խոստիկեան 1947-ին արդէն Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի դերասանական բաժանմունքի ուսանող էր` Արմէն Գուլակեանի մօտ:

Այն ժամանակ, երբ Արմէն Խոստիկեան բեմ ելաւ, հայրենի թատրոնին ու սինեմային մէջ  չկային «աստղեր», այլ կային Մեծեր. իսկապէս` Մեծեր:

Իսկ Արմէն Խոստիկեան իւրայատուկ հմայքով, ինչպէս կ’ըսեն` «աստղով» դերասան էր:

Ուրախութեան փրոֆէսորն ու ծիծաղով բուժող Արմէն Խոստիկեանը

Այնպիսին, որ նոյնիսկ դրուագային կերպարներ մարմնաւորելով կը յիշուի, կը տպաւորուի, կ’ուրախացնէ: «Ոսկէ ցլիկը», «Նուագախմբի տղաները» եւ այլ ֆիլմերու մէջ, հեռուստամանրապատումներուն կամ տօնական երեկոյթներուն անոր  արտասանած խօսքերը , կարելի է ըսել` միանգամէն «թեւաւոր խօսք» կը  դառնային:

Ըլլար այդ «մարդը հասց կտրեց, կնիկը` ջուրս», թէ` «միլիոն» ցլիկին ուղղուած յանդիմանանքը դաւաճանութեան վրաբերեալ:

Ինչ խօսք, Արմէն Խոստիկեան տասնամեակներու ընթացքին բազմաթիւ ու բազմատեսակ կերպարներ  մարմնաւորած է թատրոնի եւ սինեմայի մէջ, նաեւ հեռուստածրագրերուն հանդէս գալով:

Ուրախութեան փրոֆէսորն ու ծիծաղով բուժող Արմէն Խոստիկեանը

Բայց հիմնականը, ինչ կը ցանկայինք ընդգծել մեծ դերասանի 90-ամեայ յոբելեանի առթիւ` սրտանց շնորհակալութիւնն է ու երախտագիտութեան զգացումը:

Շնորհակալութիւն` յատկապէս անուրախ տարիներուն մարդոց անսահմանափակ քանակութեամբ ժպիտ պարգեւելու ու լաւատեսութիւն հաղորդելու համար, ուրախութեան փրոֆէսոր եւ ծիծաղով բժշկող սիրելի Արմէն Խոստիկեան:

Շնորհաւոր տարեդարձդ: