Կարօ Փայլան հանդիպած է պոլսահայ տղուն հետ, որ շոուի ընթացքին իբր իսլամութիւն ընդունած է

Նախօրօք տղուն մայրը վստահեցուցած էր, որ տղան կնքուած է, եւ այն, ինչ տեղի ունեցած է եթերով, երեխայական հետաքրքրասիրութիւն եղած է:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 20 Մայիս — Sputnik. Հանդիպեցայ Արթուրին. Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան: Ան կը տեղեկացնէ, որ տղան լաւ է, իսկ ինք միշտ անոր կողքին պիտի ըլլայ եւ հնարաւորինս պաշտպանէ չարիքներէն:

Յիշեցնենք, որ մայիս 11-ին Սթամպուլ բնակող 13-ամեայ Արթուրը մասնակցած էր թուրք աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուի հաղորդման եւ յայտնած, որ կը ցանկայ իսլամութիւն ընդունիլ: Հաղորդավարը պնդած էր, որ իրենք կապ  հաստատած են Արթուրի մօր եւ խորթ հօր հետ ու ստացած վերջիններուս համաձայնութիւնը երեխային կրօնափոխութեան հարցով:

Թուրքիա չի յանդգնիր զանգուածային կերպով արտաքսել հայերը. փորձագէտը նշեց պատճառները

Կարօ Փայլան յայտարարած էր, որ ինք ասիկա կը  դիտարկէ որպէս երեխայի շահագործում եւ կը պատրաստուի բողոք ներկայացնել Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդին եւ դատախազութեան:

Իր հերթին Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ըսած էր, որ այս խնդրին մասին անձամբ տեղեկացուցած է Թուրքիոյ կրօնական գործերու վարչութեան ղեկավար Ալի Էրպաշին, որ խոստացած էր ուսումնասիրել թեման:

13-ամեայ հայ տղուն` Արթուրի մայրը վստահեցուցած է, որ տղան կնքուած է, եւ այն, ինչ տեղի  ունեցած է եթերով, երեխայական հետաքրքրասիրութիւն  եղած է: