Ի՞նչ զինուորական սարքեր ոչնչացուած են Հայաստանի մէջ. կը պարզաբանէ ՊՆ մամլոյ քարտուղարը

Պաշտպանութեան նախարարութիւնն անդրադարձած է ՀՀ ԶՈՒ զրահապատ սարքաւորումներու ոչնչացման մասին մամուլի ու ընկերային կայքերու մէջ բարձրացած աղմուկին: Արծրուն Յովհաննիսեան պարզաբանած է, թէ իրականութեան մէջ ինչ ոչնչացուած է:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 15 մայիսի — Sputnik. ՀՀ ՊՆ մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան արձագանքած է ՀՀ ԶՈՒ զրահապատ սարքաւորումներու  ոչնչացման մասին մամուլի  ու ընկերային կայքերու մէջ բարձրացած աղմուկին:

Զինադադարէն 25 տարի ետք, հակամարտութեան գօտիին մէջ նախկինին նման կը հնչեն կրակոցներ

«ՀՀ ԶՈՒ-երու  ոչնչացուցած զրահապատ սարքաւորումներու մասին: Ատոնք շատոնց, մօտ մէկ տասնեակ տարի շահագործումէ հանուած սարքեր են: Ատոնց վրայէն անհրաժեշտ, կիրառելի ամէն ինչ հանուած է եւ եթէ հնարաւոր է օգտագործել, ապա կ’օգտագործուի: Այդ ոչնչացումը մեզի համար միջոցներու խնայման եւ արդիւնաւէտութեան  համար շատ կարեւոր է: Ոչնչացումը թոյլ կու տայ ստանալ այլ պաշարներ»,– Facebook ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է Յովհաննիսեան:

Ան նաեւ շեշտած է, որ շահագործումէ հանուած զրահապատ սարքաւորումներու  ոչնչացումը ՀՀ միջազգային պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ է, այդ գործընթացը կ’իրականացուի շատ շատոնց:

Մեսչեանը հետաքրքրուած է․ Հանրապետութեան հրապարակի ստորգետնեայ քաղաքը կը բանա՞ն

Յիշեցնենք, երէկ` մայիս 14-ին հայաստանեան մամուլին ու ընկերային կայքերուն մէջ տեղեկութիւններ տարածուած էին, ներառեալ` փորձագիտական մակարդակով, այն մասին, որ ՀՀ ԶՈՒ–ի մէջ մեծ քանակով զրահապատ սարքաւորումներ կ’ոչնչացուին:

Այդ խնդիրին մասին յայտարարութիւն տարածած էր նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը` նշելով, որ Հայաստանի Զինուած Ուժերը Եւրոպայի մէջ սովորական զինուած ուժերու մասին պայմանագիրի պահանջով 21 միաւոր զրահապատ սարքաւորումներ  հանած է շահագործումէն:

Հայաստան 2005 թուականէն կը համագործակցի ՆԱԹՕ–ի հետ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի ծիրէն ներս: Հայաստան խորհրդատուութիւններ կ’իրականացնէ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցով, կը կատարելագործէ պաշտպանական պիւտճէի ծրագրումը, կը մասնակցի համաժողովներու: Հայ զինուորականները կը մասնակցին խաղաղապահ առաքելութիւններուն Լիբանանի, Աֆղանստանի ու Քոսովոյի մէջ: