Իսլամութիւն ընդունած տղուն դէպքը Փայլան կ’որակէ երեխայի շահագործում

Կարօ Փայլան պաշտօնական բողոք կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդին եւ դատախազութեան:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 14 մայիս — Sputnik. Թուրքիոյ խորհրդարանի ազգութեամբ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան տեսակցած է թրքական հեռուսաալիքներէն մէկուն ուղիղ եթերով իսլամութիւն ընդունած 13-ամեայ հայ տղուն` Արթուրի մօր հետ: Այս մասին Փայլան կը գրէ Facebook-ի իր էջին վրայ:

Տղուն մայրը հայ պատգամաւորին տեղեկացուցած է, որ երեխային մասնակցութիւնը հեռուստահաղորդման  իր թոյլտուութեամբ չէ եղած:

Կարօ Փայլան ասիկա կը դիտարկէ որպէս երեխայի շահագործում եւ կը պատրաստուի բողոք ներկայացնել Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդին եւ դատախազութեան:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան, իսլամական պահքի` ռամատան ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ շատ սովորական կը դառնան կրօնական քարոզները, որոնք ուղիղ եթերով կը հեռարձակուին տարբեր հեռուսաալիքներով:

Թուրքիոյ մէջ հայ տղան բռնի իսլամութիւն ընդունած է. ի՞նչ պէտք է ձեռնարկէ ՀՀ իշխանութիւնը

Ըստ թրքագէտին` ատոնցմէ ամենայայտնին, թերեւս, Նիհաթ Հաթիփօղլու անունով քարոզիչի եթերներն են, որոնք կ’առանձնանան անով, որ Հաթիփօղլուն կը սիրէ ուղիղ եթերի ժամանակ ցուցադրել, թէ ինչպէս  այլ կրօններու ներկայացուցիչներ ուղիղ եթերով իսլամութիւն կ’ընդունին` այդպիսով հաղորդումը իսկական շոուի վերածելով:

13-ամեայ հայ տղան մայիս 12-ին իսլամութիւն  ընդունած էր հէնց այս հեռուստահաղորդման ուղիղ եթերի ժամանակ: