ԵՐԵՒԱՆ, 13 մայիսի — Sputnik, Աշոտ Սաֆարեան. Պիշքեքի մէջ ստորագրուած եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ աշխոյժ մարտական գործողութիւններուն վերջ դրած փաստաթուղթը մայիս 12–ին դարձաւ 25 տարեկան:
Ատիկա բաւական ծանրակշիռ ժամկէտ է, որ թոյլ կու տայ ամփոփել, մեղմ խօսքով, ոչ սփոփիչ արդիւնքները:
Չնայած` պայմանագիրն անժամկէտ էր, այն ի զօրու չեղաւ ապահովել իրական եւ երկարաժամկէտ զինադադար: Հակամարտութեան գօտիին մէջ նախկինին նման կը հնչեն կրակոցներ, իսկ 2016–ի ապրիլին ատոնք քիչ կը մնար վերածուէին լայնածաւալ պատերազմի, բայց որեւէ երաշխիք չկայ, որ երեք տարուան վաղեմութեան դէպքերը չեն կրկնուիր:
Ատոր հետ համաձայն է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուսաստանցի համանախագահ Վլատիմիր Կազիմիրով: Ականաւոր դիւանագէտը հրադադար կնքելու գործընթացին կարեւոր դէմք էր:
Sputnik Արմենիայի հետ հարցազրոյցին Կազիմիրովը խոստովանեցաւ, որ այդ ժամանակ` 25 տարի առաջ, ոչ մէկը կրնար պատկերացնել, որ հակամարտութիւնն այդքան կը ձգձգուի:
«Միջնորդները յոյս ունէին, որ Պիշքեքի մէջ ստորագրուած հրադադարի պայմանագիրին կը հետեւին անժամկէտ հիմքով: Բայց, ինչպէս ցոյց տուին յետագայ տարիներու իրադարձութիւնները, անոնք սխալեցան», – ըսաւ դիւանագէտը:
Կազիմիրով ձգձգելու հիմնական պատճառը կը տեսնէ Պաքուի պահուածքին մէջ: Անոր խօսքով` անյաջողութիւն կրելով այդ պատերազմին ընթացքին` Ատրպէյճան հայրենասիրութեան արհեստական դրսեւորումներու կարիքը ունի:
«Բայց այդ հայրենասիրութիւնը ցուցադրական բնոյթ կը կրէ: Իշխանութիւնն ամրապնդելու համար պաշտօնական Պաքուն փաստացի կը խաբէ ժողովուրդը` փորձելով համոզել, որ, եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը մենք ամէն ինչ կը վերցնենք», – կ’ըսէ Կազիմիրով:
Ինչպէս նշեց մեր զրուցակիցը, ան շատ կ’ուզեր, որ հակամարտութեան կողմերն այսօր կարենային մշակել կարգաւորման այնպիսի սենար, որն ընդունելի կ’ըլլար բոլոր երեք կողմերուն` Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի համար: Վերջին շրջանին փոխադարձ ընդունելի սենարի մասին յաճախ կը խօսի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Բայց Կազիմիրովի խօսքով` համակարծիք ըլլալով ՀՀ վարչապետին հետ, ան մեծ պատրանքներ չունի:
«Նախորդ 25 տարիները յոյս չեն ներշնչեր: Անընդհատ հարկ կ’ըլլայ մտածել, թէ չանցնիր արդեօք յուսալի կարգաւորման հարցը միւս սերունդներուն: Չեմ կրնար ըսել` Պաքուի մէջ կը լսուի՞ն Փաշինեանի խաղաղութեան կոչերը: Այստեղ կան բազմաթիւ ներքաղաքական երեւոյթներ, որոնք հիմա չեմ կրնար քննարկել», – աւելցուց դիւանագէտը:
Կազիմիրով կը յիշէ, որ Պիշքեքի զինադադարէն դեռ մէկ ամիս առաջ` 1994–ի ապրիլ 15–ին, ընդունուած է ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութիւնը: Այնտեղ յատուկ նշուած է, որ կը պահանջուի ոչ միայն հրադադարի դադարեցում, այլ նաեւ ատոր յուսալի ամրագրում:
«Մինչեւ հիմա յուսալի ամրագրում չկայ: Բայց այդ արտայայտութիւնը կ’ըսէր, որ առանց հրադադարի յուսալի ամրագրման չի կարելի անցնիլ ողբերգական հակամարտութեան հետեւանքներու վերացման», – նշեց նախկին համանախագահը:
Անոր խօսքով` հակամարտութեան հետեւանքներու վերացումը կ’ենթադրէր տարածքներու վերադարձ, որոնք մարտական գործողութիւններու ընթացքին կողմերէն որեւէ մէկը գրաւած էր: Այն նաեւ կը նախատեսէր փախստականներու եւ հարկադիր տեղաշարժուածներու վերադարձ:
«Բայց այդ ամէնը, կրկնեմ, հրադադարը յուսալի կերպով ամրապնդելէ յետոյ: Այսօր, նշելով զինադադար ստորագրելու 25–ամեակը, մենք չենք տեսներ հրադադարի այդ յուսալի ամրապնդումը», – նշեց ան:
Կազիմիրով խնդրի վերջնական լուծումը չի պատկերացներ առանց գործընթացին Ստեփանակերտի մասնակցութեան: Պատճառը շատ պարզ է. խօսքն առաջին հերթին Արցախի ճակատագրի, անոր բնակիչներու անվտանգութեան մասին է: Դիւանագէտը հնարաւոր չի համարեր այդ հարցը ղարաբաղցիներու մէջքին ետեւը լուծելը:
Յիշեցնենք, որ Պիշքեքի համաձայնագիրը ստորագրած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները եւ Արցախի ՊԲ հրամանատարը: Նախօրօք ստորագրման 25–ամեակին հետ կապուած ուղերձին մէջ Փաշինեան կրկին յայտարարած է, որ հակամարտութեան լիարժէք կարգաւորումը հնարաւոր է միայն այն պարագային, եթէ Լեռնային Ղարաբաղը ներգրաւուի բանակցային գործընթացին, որն ի վերջոյ կ’որոշէ անոր կարգավիճակը եւ կ’ապահովէ այնտեղ ապրող մարդոց անվտանգութեան երաշխիքները: